Ուսումնասիրութեան յօդուած 44
Յոյսդ զօրաւո՛ր պահէ
«Յոյսդ Տիրոջ վրա՛յ դիր» (ՍԱՂ. 27։14, ՆԹ)։
ԵՐԳ 24 Շարունակէ՛ նայիլ մրցանակին
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa
1. Եհովան մեզի ի՞նչ յոյս տուած է։
ԵՀՈՎԱՆ մեզի յաւիտենական կեանքի հիանալի յոյսը տուած է։ Ոմանք յոյս ունին, որ պիտի ապրին երկինքի մէջ որպէս անմահ հոգեղէն արարածներ (Ա. Կոր. 15։50, 53)։ Սակայն մեր մեծամասնութիւնը կը յուսայ երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ՝ կատարեալ առողջութեամբ եւ ուրախ (Յայտ. 21։3, 4)։ Ասոնցմէ ո՛ր մէկն ալ ըլլայ մեր յոյսը, անիկա մեզի համար արժէքաւոր է։
2. Մեր յոյսը ինչի՞ վրայ հիմնուած է, եւ ինչո՞ւ կրնանք այդպէս ըսել։
2 Աստուածաշունչին մէջ գործածուած «յոյս» բառը կրնայ նշանակել՝ «այն ակնկալութիւնը, որ լաւ բաներ պիտի պատահին»։ Մենք վստահ ենք, որ ապագային նկատմամբ մեր յոյսը պիտի իրականանայ, քանի որ Եհովան խոստացած է (Հռով. 15։13)։ Մենք գիտենք, թէ ան ի՛նչ խոստացած է եւ թէ ան միշտ իր խոստումները կը պահէ (Թւ. 23։19)։ Մենք համոզուած ենք, որ Եհովան ունի թէ՛ փափաքը եւ թէ կարողութիւնը որ իր խոստացածը կատարէ։ Մեր յոյսը հիմնուած չէ երազներու կամ երեւակայութեան վրայ, հապա հիմնուած է փաստերու եւ իրականութեան վրայ։
3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք (Սաղմոս 27։14)։
3 Մեր երկնաւոր Հայրը մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ իրեն վստահինք (կարդա՛ Սաղմոս 27։14, ՆԹb)։ Երբ մեր յոյսը զօրաւոր ըլլայ, պիտի կարենանք որեւէ փորձութեան տոկալ եւ ապագան դիմագրաւել քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ։ Նկատի առնենք, թէ մեր յոյսը ինչպէ՛ս մեզ կը պաշտպանէ։ Այդ նպատակով, նա՛խ պիտի տեսնենք թէ յոյսը ինչպէ՛ս կը նմանի թէ՛ խարիսխի եւ թէ սաղաւարտի։ Ետքը, պիտի քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր յոյսը զօրացնել։
ՄԵՐ ՅՈՅՍԸ ԿԸ ՆՄԱՆԻ ԽԱՐԻՍԽԻ
4. Յոյսը ինչո՞ւ խարիսխի մը նման է (Եբրայեցիս 6։19)։
4 Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ մեր յոյսը նմանցուց խարիսխի (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։19)։ Քանի որ Պօղոս շատ անգամ նաւով կը ճամբորդէր, ան գիտէր որ խարիսխը կը գործածուի, որպէսզի նաւը հեռու չքշուի։ Ճամբորդութիւններէն մէկուն ընթացքին, ան խիստ փոթորիկի մը բռնուեցաւ։ Այդ փոթորիկին ընթացքին, ան տեսաւ, թէ ինչպէ՛ս նաւաստիները խարիսխները կը ձգէին ծովը, որպէսզի նաւը ժայռերուն չզարնուէր (Գործք 27։29, 39-41)։ Ինչպէս որ խարիսխը նաւ մը անշարժ կը պահէ, նոյնպէս մեր յոյսը մեզի կ’օգնէ որ անշարժ մնանք եւ Եհովայէն չհեռանանք, երբ կեանքի փոթորիկները հարուածեն։ Մեր հաստատ յոյսը մեզի կ’օգնէ, որ փոթորկանման փորձութիւնները դիմագրաւենք, քանի որ վստահ ենք որ հանդարտ ժամանակներ կը սպասեն մեզի։ Յիշենք, որ Յիսուս զգուշացուց, որ պիտի հալածուինք (Յովհ. 15։20)։ Ուրեմն, մեզի խոստացուած ապագայ վարձատրութեան վրայ խոկալը կ’օգնէ, որ քրիստոնէական ընթացքին մէջ հաստատ մնանք։
5. Յոյսը ինչպէ՞ս Յիսուսը անխախտ պահեց մահուան դիմաց։
5 Նկատի առ թէ ինչպէս Յիսուսին ունեցած յոյսը զինք անխախտ պահեց, հակառակ անոր որ իրեն դաժան մահ կը սպասէր։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, Պետրոս առաքեալ մէջբերեց Սաղմոս գիրքէն մարգարէութիւն մը, որ գեղեցիկ կերպով կ’արտայայտէր Յիսուսի վստահութիւնն ու հանդարտութիւնը. «Իմ մարմինս. . . յոյսով պիտի հանգստանայ, վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու Սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։. . . Քու երեսիդ ուրախութիւնովը զիս պիտի լեցնես» (Գործք 2։25-28. Սաղ. 16։8-11)։ Թէեւ Յիսուս գիտէր որ պիտի մեռնէր, բայց ան հաստատ յոյս ունէր, որ Եհովան իրեն յարութիւն պիտի տար եւ որ նորէն պիտի ուրախանար ապրելով իր Հօր հետ երկինքին մէջ (Եբ. 12։2, 3)։
6. Եղբայր մը յոյսին մասին ի՞նչ ըսաւ։
6 Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր կրցած են տոկալ իրենց քրիստոնէական յոյսին պատճառով։ Նկատի առ Անգլիոյ մէջ ապրած Լէոնարտ Չին անունով հաւատարիմ եղբօր մը օրինակը։ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ժամանակ, ան մերժեց բանակ երթալ եւ ատոր համար երկու ամիս բանտարկուեցաւ եւ առանձին դրուեցաւ, որմէ ետք տաժանակիր գործ ըրաւ։ Ետքը, ան գրեց. «Փորձառութիւնս ինծի սորվեցուց թէ որքա՜ն պէտք ունինք յոյսի, որպէսզի տոկանք։ Ունինք՝ Յիսուսին, առաքեալներուն եւ մարգարէներուն օրինակները, ինչպէս նաեւ ունինք Սուրբ Գիրքին արժէքաւոր խոստումները։ Այս բոլորը ապագային նկատմամբ մեծ յոյս կու տան եւ մեզ կը զօրացնեն որ տոկանք»։ Լէոնարտի համար յոյսը խարիսխի պէս է, եւ մեզի համար ալ կրնայ խարիսխի պէս ըլլալ։
7. Ինչպէ՞ս փորձութիւնները մեր յոյսը կը զօրացնեն (Հռովմայեցիս 5։3-5. Յակոբոս 1։12)։
7 Մեր յոյսը կը զօրանայ երբ փորձութիւններու կը տոկանք եւ կը զգանք, որ Եհովան մեզի կ’օգնէ եւ կը հաճի (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։3-5. Յակոբոս 1։12)։ Այդպէս, աւելի զօրաւոր յոյս կ’ունենանք, քան երբ առաջին անգամ բարի լուրը լսեցինք։ Սատանան կ’ուզէ, որ մեր խնդիրները մեզ տակնուվրայ ընեն, բայց Եհովայի օգնութեամբ կրնանք անոնցմէ ամէն մէկը յաղթահարել։
ՄԵՐ ՅՈՅՍԸ ԿԸ ՆՄԱՆԻ ՍԱՂԱՒԱՐՏԻ
8. Ինչո՞ւ համար յոյսը սաղաւարտի կը նմանի (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8)։
8 Աստուածաշունչը մեր յոյսը նաեւ կը նմանցնէ սաղաւարտի (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8)։ Զինուոր մը սաղաւարտը իր գլուխը կը դնէ, որպէսզի թշնամիին հարուածները իրեն վնաս չտան։ Մեր հոգեւոր պատերազմին մէջ, պէտք է որ մեր միտքը պաշտպանենք Սատանային յարձակումներէն։ Ան մեզ կը ռմբակոծէ փորձութիւններով եւ գաղափարներով, որոնց նպատակն է՝ մեր միտքը ապականել։ Ճիշդ ինչպէս որ սաղաւարտը զինուորի մը գլուխը կը պաշտպանէ, նոյնպէս ալ մեր յոյսը կը պաշտպանէ մեր մտածելակերպը, որպէսզի շարունակենք Եհովային հաւատարիմ մնալ։
9. Մարդիկ ինչպէ՞ս կը վարուին, երբ յոյս չունին։
9 Յաւիտենական կեանքի մեր յոյսը մեզի պիտի օգնէ, որ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Բայց եթէ մեր յոյսը տկարանայ եւ թոյլ տանք որ մարմնաւոր ցանկութիւնները մեր միտքը գրաւեն, յաւիտենական կեանքի նպատակակէտը մեր մտքին մէջ կը պղտորի։ Նկատի առ հին Կորնթոս քաղաքին մէջ ապրած կարգ մը քրիստոնեաներուն պարագան։ Անոնք իրենց յոյսը կորսնցուցին Աստուծոյ տուած շատ կարեւոր մէկ խոստումին հանդէպ, որ է՝ յարութեան յոյսը (Ա. Կոր. 15։12)։ Պօղոս բացատրեց, որ այն մարդիկը որոնք ապագային նկատմամբ յոյս չունին, միայն ներկայի համար կ’ապրին (Ա. Կոր. 15։32)։ Այսօր շատեր, որոնք Աստուծոյ խոստումներուն չեն հաւատար, ապագային հանդէպ անհոգ են եւ ամէն տեսակ հաճոյքի ետեւէ կը վազեն։ Սակայն, մենք մեր յոյսը կը դնենք ապագային նկատմամբ Աստուծոյ խոստումներուն վրայ։ Մեր յոյսը՝ այլաբանական սաղաւարտի մը պէս կը պաշտպանէ մեր մտածելակերպը եւ չի ձգեր, որ անձնակեդրոն կեանք մը ապրինք, ինչ որ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութեան վնաս պիտի հասցնէ (Ա. Կոր. 15։33, 34)։
10. Յոյսը ինչպէ՞ս մեզ կը պաշտպանէ սխալ մտածելակերպէ։
10 Մեր յոյսի սաղաւարտը կրնայ նաեւ մեզ պաշտպանել այն գաղափարէն, թէ Եհովան ուրախացնելու մեր ջանքերը պարապի են։ Օրինակի համար, թերեւս մէկը ըսէ. ‘Ես յաւիտեան ապրողներէն մէկը պիտի չըլլամ։ Ես արժանի չեմ։ Ես միշտ կը ձախողիմ Աստուծոյ օրէնքներուն հարիւր առ հարիւր հնազանդելու մէջ’։ Յիշէ որ Յոբի կեղծ մխիթարիչներէն մէկը՝ Եղիփազը, նման գաղափարներ ըսաւ Յոբին։ Եղիփազ ըսաւ. «Մարդը ի՞նչ է, որ մաքուր ըլլայ»։ Եւ աւելցուց. «Ահա Աստուած իր սուրբերուն չի հաւատար ու երկինք անոր աչքերուն առջեւ մաքուր չէ» (Յոբ 15։14, 15)։ Ասոնք ի՜նչ սուտեր են։ Մի՛ մոռնար որ այս մտածելակերպին ետին Սատանան կայ։ Սատանան գիտէ, որ եթէ դուն քեզի թոյլ տաս կեդրոնանալու այսպիսի գաղափարներու վրայ, յոյսդ պիտի տկարանայ։ Փոխարէնը, մերժէ այս սուտերը եւ կեդրոնացիր Եհովայի խոստումներուն վրայ։ Միտքդ կասկած թող չըլլայ, որ Եհովան կ’ուզէ որ դուն յաւիտեան ապրիս եւ ինք քեզի պիտի օգնէ, որ այդ նպատակակէտին հասնիս (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։
ՅՈՅՍԴ ԶՕՐԱՒՈՐ ՊԱՀԷ
11. Ինչո՞ւ պէտք է համբերող ըլլանք, մինչ կը սպասենք որ մեր յոյսը իրականանայ։
11 Մեր յոյսը զօրաւոր պահելը միշտ դիւրին չ’ըլլար։ Մինչ Աստուծոյ կը սպասենք, թերեւս անհամբեր դառնանք։ Սակայն, քանի որ Եհովան յաւիտենական է, ան ժամանակը մեզի պէս չի նկատեր (Բ. Պետ. 3։8, 9)։ Ան իր նպատակը լաւագոյն կերպով պիտի իրականացնէ, բայց թերեւս մեր սպասածէն տարբեր ժամանակ մը։ Մինչ համբերութեամբ կը սպասենք որ Աստուած իր խոստումները իրականացնէ, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ մեր յոյսը զօրաւոր պահենք (Յակ. 5։7, 8)։
12. Եբրայեցիս 11։1, 6–ի համաձայն, յոյսը ի՞նչ կապ ունի հաւատքին հետ։
12 Մեր յոյսը զօրաւոր պիտի պահենք, եթէ մօտիկ մնանք Եհովային՝ մեր յոյսը իրականացնողին։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը մեր յոյսը կը կապէ հաւատքին հետ, թէ Եհովան գոյութիւն ունի եւ թէ ան «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։1, 6)։ Եհովան ո՛րքան աւելի իրական ըլլայ մեզի համար, ա՛յնքան աւելի վստահ պիտի ըլլանք, որ ան իր խոստումներուն տէրը պիտի ըլլայ։ Նկատի առնենք կարգ մը գործնական կերպեր Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնելու եւ այսպէս՝ մեր հաւատքը զօրաւոր պահելու։
Աղօթելն ու խոկալը մեր յոյսը զօրաւոր պիտի պահեն (տե՛ս պարբ. 13-15)c
13. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ մօտենալ։
13 Եհովային աղօթէ եւ իր Խօսքը կարդա՛։ Թէեւ Եհովան չենք տեսներ, կրնանք իրեն մօտենալ։ Կրնանք իրեն խօսիլ աղօթքի միջոցաւ, վստահ ըլլալով որ մեզի մտիկ պիտի ընէ (Եր. 29։11, 12)։ Իսկ իրեն մտիկ կ’ընենք, երբ իր Խօսքը կը կարդանք եւ անոր վրայ կը խոկանք։ Մինչ կը կարդանք, թէ ինչպէ՛ս Եհովան հոգ տարաւ անոնց, որոնք իրեն հաւատարիմ էին անցեալին, մեր յոյսը ա՛լ աւելի կը զօրանայ։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ ամէն բան «գրուեցաւ որ սորվինք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռով. 15։4)։
14. Ինչո՞ւ պէտք է խոկանք, թէ Եհովան ի՛նչ ըրած է ուրիշներուն համար։
14 Խոկա՛ թէ ինչպէ՛ս Եհովան իր խոստումներուն տէրը եղած է։ Նկատի առ թէ Աստուած Աբրահամին եւ Սառային համար ի՛նչ ըրաւ։ Անոնք տարիք մը հասան, որ այլեւս չէին կրնար զաւակներ ունենալ։ Բայց Աստուած իրենց խոստացաւ, որ զաւակ մը պիտի ունենան (Ծն. 18։10)։ Աբրահամ ինչպէ՞ս հակազդեց այդ լուրին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Ան] հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ» (Հռով. 4։18)։ Թէեւ մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած՝ պարագան անյոյս կ’երեւէր, բայց Աբրահամ վստահ էր, որ Եհովան իր խոստումը պիտի կատարէր։ Հաւատարիմ Աբրահամը յուսախաբ չեղաւ (Հռով. 4։19-21)։ Այսպիսի դէպքեր մեզի կը սորվեցնեն, թէ միշտ կրնանք Եհովային վստահիլ որ իր խոստումները կատարէ, որքա՛ն ալ պարագան մեր աչքին անկարելի թուի։
15. Ինչո՞ւ պէտք է խոկանք թէ Եհովան ինչե՛ր ըրած է մեզի համար։
15 Մտածէ այն ամէն բաներուն մասին, որոնք Եհովան քեզի համար ըրած է։ Նկատէ թէ ինչպէս անձամբ օգտուած ես այն խոստումներէն, որոնք կատարուած են։ Օրինակ, Յիսուս խոստացաւ, որ իր Հայրը պէտքերդ պիտի ապահովէ (Մատ. 6։32, 33)։ Յիսուս նաեւ քեզ վստահեցուց, որ Եհովան քեզի սուրբ հոգին պիտի տայ, երբ զայն խնդրես (Ղուկ. 11։13)։ Եհովան այդ խոստումները պահած է։ Կամ թերեւս միտքդ գան ուրիշ խոստումներ, որոնք Եհովան պահած է։ Օրինակի համար, ան խոստացած է քեզի ներել, քեզ մխիթարել եւ հոգեւորապէս կերակրել (Մատ. 6։14. 24։45. Բ. Կոր. 1։3)։ Երբ խոկաս թէ Աստուած քեզի համար արդէն ինչե՛ր ըրած է, ապագային քեզի համար իր ընելիքներուն նկատմամբ յոյսդ պիտի զօրանայ։
ՅՈՅՍՈՎ ՈՒՐԱԽ ԵՂԷ՛Ք
16. Ինչո՞ւ յոյսը թանկագին նուէր մըն է։
16 Յաւիտենական կեանքի յոյսը մեզի տրուած թանկարժէք նուէր մըն է Աստուծմէ։ Մենք անհամբեր կը սպասենք հոյակապ ապագայի մը,– ապագայ մը, որ անպայման պիտի իրականանայ։ Անիկա խարիսխի մը նման է, որ մեզ հաստատ կը պահէ, որպէսզի կարենանք դիմանալ փորձութիւններու, տոկալ հալածանքի եւ նոյնիսկ մահ դիմագրաւել։ Անիկա սաղաւարտի մը պէս է, որ մեր մտածելակերպը կը պաշտպանէ, որպէսզի կարենանք սխալը մերժել եւ ճիշդին յարիլ։ Մեր աստուածաշնչական յոյսը մեզ Աստուծոյ աւելի կը մօտեցնէ եւ ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ որքա՜ն խոր է։ Երբ մեր յոյսը պայծառ եւ զօրաւոր կը պահենք, մեծապէս կ’օգտուինք։
17. Ինչո՞ւ մեր յոյսը ուրախութիւն կու տայ։
17 Պօղոս առաքեալ հռոմայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ քաջալերեց, որ ‘յոյսով ուրախ ըլլանք’ (Հռով. 12։12)։ Պօղոս կրնար ուրախ ըլլալ, քանի որ վստահ էր, որ եթէ հաւատարիմ մնար կրնար երկինքին մէջ յաւիտենական կեանք ստանալ։ Մենք ալ կրնանք մեր յոյսով ուրախ ըլլալ, քանի որ վստահ ենք որ Եհովան իր խոստումները պիտի կատարէ։ Ինչպէս Սաղմոս գրողը ըսաւ. ‘Երանի՜ անոր՝ որուն յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է, որ ճշմարտութիւնը կը պահէ յաւիտեան’ (Սաղ. 146։5, 6)։
ԵՐԳ 134 Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ
a Եհովան մեզի ապագային նկատմամբ հոյակապ յոյս տուած է։ Այս յոյսը մեզ կը քաջալերէ եւ մեզի կ’օգնէ, որ հիմակուան խնդիրներուն վրայ չկեդրոնանանք։ Անիկա կրնայ մեզ պաշտպանել այն գաղափարներէն, որոնք կրնան մեր միտքը ապականել։ Ինչպէս այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, ասոնք բոլորը լաւ պատճառներ են, որ մեր յոյսը զօրաւոր պահենք։
b Սաղմոս 27։14, ՆԹ. «Յոյսդ Տիրոջ վրա՛յ դիր, զօրացի՛ր եւ քաջ եղիր. յոյսդ Տիրոջ վրա՛յ դիր»։
c ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ճիշդ ինչպէս որ սաղաւարտը զինուորի մը գլուխը կը պաշտպանէ, եւ խարիսխը նաւ մը անշարժ կը պահէ, մեր յոյսը մեր մտածելակերպը կը պաշտպանէ եւ կ’օգնէ, որ փորձութիւններուն ատեն հաստատ մնանք։ Քոյր մը վստահութեամբ Եհովային կ’աղօթէ։ Եղբայր մը կը խոկայ թէ Եհովան ինչպէ՛ս Աբրահամին տուած իր խոստումները պահեց։ Ուրիշ եղբայր մը կը խոկայ իր անցեալի օրհնութիւններուն վրայ։