Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ23 Յունիս էջ 20-25
  • Շարունակէ՛ աստուածավախութենէն օգտուիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շարունակէ՛ աստուածավախութենէն օգտուիլ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ
  • ԱՆԶԳԱՄ ԿՆՈՋ ՀՐԱՒԷՐԸ ՄԵՐԺԷ
  • «ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ» ՏՈՒԱԾ ՀՐԱՒԷՐԸ ԸՆԴՈՒՆԷ
  • Ճշմարիտ իմաստութիւնը բարձրաձայն կ’աղաղակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • ‘Իմաստութեամբ՝ մեր օրերը պիտի շատնան’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Կրնա՛ս սատանայական ծուղակէ մը պաշտպանուիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Եհովայէ վախցէ՛ք ու անոր պատուիրանքները պահեցէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
դ23 Յունիս էջ 20-25

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 28

Շարունակէ՛ աստուածավախութենէն օգտուիլ

«Իր ուղղութեանը մէջ քալողը Տէրոջմէ կը վախնայ» (ԱՌ. 14։2)։

ԵՐԳ 32 Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

1-2. Ղովտին պէս, ներկայիս քրիստոնեաները ի՞նչ դժուարութեան առջեւ են։

ԵՐԲ ներկայիս մարդոց գէշ վարքը կը տեսնենք, արդար Ղովտին պէս կը զգանք։ Ան «անօրէններուն անառակ վարքէն ձանձրացեր էր», քանի որ գիտէր որ մեր երկնաւոր Հայրը կ’ատէ գէշ վարքը (Բ. Պետ. 2։7, 8)։ Քանի՛ որ Ղովտ Աստուծմէ կը վախնար եւ զինք կը սիրէր, իր շուրջի մարդոց գէշ վարքը մերժեց։ Մենք ալ ներկայիս շրջապատուած ենք մարդոցմով, որոնք Եհովային բարոյական օրէնքները չեն յարգեր։ Հակառակ ասոր, մենք կրնանք բարոյապէս մաքուր մնալ, եթէ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը պահենք եւ աստուածավախութիւն մշակենք (Առ. 14։2)։

2 Եհովան Առակաց գիրքին միջոցաւ մեզ կը քաջալերէ եւ կը մղէ որ ատոնք ընենք։ Բոլոր քրիստոնեաները,– ըլլան տղամարդ կամ կին, երիտասարդ կամ տարեց,– կրնան իրապէս օգտուիլ նկատի առնելով այս գիրքին մէջի իմաստուն խրատները։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ

1. Կին մը, որ եղբօր մը գործակիցն է, ճաշի դադարին կ’առաջարկէ որ միասին սուրճ խմեն։ 2. Նոյն կինը եղբայրը կը հրաւիրէ որ գործէն ետք միասին տեղ երթան։

Գործատեղին, պէտք է հեռու կենանք չար ընկերակցութիւններէ եւ անպատշաճ հրաւէրներէ (տե՛ս պարբ. 3)

3. Առակաց 17։3–ի համաձայն, ի՞նչ է պատճառներէն մէկը, որու համար մեր սիրտը պէտք է պաշտպանենք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

3 Գլխաւոր պատճառ մը թէ ինչո՛ւ մեր այլաբանական սիրտը պէտք է պաշտպանենք, այն է՝ որ Եհովան մեր սիրտը կը քննէ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ան մեր դրսերեւոյթէն անդին կը նայի եւ մեզ կը տեսնէ ինչպէս որ ենք ներսէն (կարդա՛ Առակաց 17։3)։ Ան մեզ պիտի սիրէ, երբ մեր միտքը լեցնենք իմաստուն խրատներով, որոնք յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդեն (Յովհ. 4։13, 14)։ Այս կերպով, մեր մտքին մէջ տեղ պիտի չըլլայ այն հոգեւոր եւ բարոյական թոյնին, որ Սատանայէն եւ իր աշխարհէն կու գայ (Ա. Յովհ. 5։18, 19)։ Եհովային հանդէպ մեր սէրն ու յարգանքը պիտի աճի, մինչ իրեն աւելի կը մօտենանք։ Քանի՛ որ չենք ուզեր մեր Հայրը վիրաւորել, պիտի ատենք նոյնիսկ մեղանչելու գաղափարը։ Երբ սխալ ընելու փորձութեան առջեւ ըլլանք, մենք մեզի պիտի հարցնենք. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ գիտակցաբար վիրաւորել մէկը, որ զիս այսքա՛ն շատ կը սիրէ’ (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։

4. Եհովային հանդէպ վախը ինչպէ՞ս պաշտպանեց քոյր մը, որ փորձութեան տեղի չտայ։

4 Խրուաթիայէն Մարթաb անունով քոյր մը, որ անբարոյութիւն ընելու փորձութեան առջեւ գտնուեցաւ, գրեց. «Դժուարութիւն ունեցայ յստակ կերպով մտածելու եւ սխալ բան մը ընելու փափաքիս դէմ պայքարելու։ Բայց Եհովային հանդէպ վախս զիս պաշտպանեց»։ Ինչպէ՞ս կարելի էր որ Աստուծոյ հանդէպ վախը ատանկ բան մը ընէ։ Մարթան մտածեց որ եթէ սխալ որոշում մը առնէր, հետեւանքները ի՛նչ պիտի ըլլային։ Մենք ալ կրնանք նոյնը ընել։ Ամէնէն ցաւալի հետեւանքը այն է, որ Եհովան պիտի նեղացնենք եւ պիտի չկարենանք յաւիտեան զինք պաշտել (Ծն. 6։5, 6)։

5. Լէոյի փորձառութենէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։

5 Երբ Եհովայէն վախնանք, գէշ վարք ունեցողներուն հետ պիտի չընկերակցինք։ Քոնկոյի մէջ ապրող Լէոն այս դասը սորվեցաւ։ Իր մկրտութենէն չորս տարի ետք, սկսաւ չար ընկերներու հետ ժամանակ անցընել։ Ան խորհեցաւ որ այնքա՛ն ատեն որ ինքը գէշ բաներ չէր ըներ, Եհովային դէմ մեղք գործած չէր ըլլար։ Բայց շատ չանցած, իր այս չար ընկերներուն պատճառաւ, սկսաւ չափազանց խմիչք խմել եւ անբարոյութիւն գործել։ Անկէ ետք, սկսաւ մտածել իր քրիստոնեայ ծնողներուն սորվեցուցած բաներուն մասին, եւ թէ ինք որքա՜ն ուրախ էր երբ Եհովային կը ծառայէր։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Խելքը գլուխը եկաւ եւ երէցներուն օգնութեամբ Եհովային վերադարձաւ։ Ներկայիս, ան ուրախութեամբ կը ծառայէ որպէս երէց եւ մասնաւոր ռահվիրայ։

6. Ի՞նչ երկու կիներու մասին պիտի խօսինք։

6 Նկատի առնենք Առակաց գրքին 9–րդ գլուխը, ուր կը կարդանք իմաստութեան եւ յիմարութեան մասին, որոնք ներկայացուած են որպէս երկու կիներc։ Ասիկա ըրած ատեն, միտքդ պահէ որ Սատանայի աշխարհին մէջ ապրող մարդիկը սեռային անբարոյութեան եւ պոռնկագրութեան խենթն են (Եփ. 4։19)։ Ուրեմն, շատ կարեւոր է որ շարունակենք աստուածավախութիւն մշակել եւ սխալ վարքէ հեռու կենալ (Առ. 16։6)։ Անոր համար, բոլորս՝ ըլլանք տղամարդիկ կամ կիներ, կրնանք օգտուիլ այս գլուխէն։ Անոր մէջի երկու կիները հրաւէր կու տան անփորձներուն,– «պակասամիտ»ներուն։ Կարծես թէ ամէն մէկը կ’ըսէ. ‘Եկուր իմ տունս եւ ճաշէ’ (Առ. 9։1, 5, 6, 13, 16, 17)։ Բայց այս երկու հրաւէրներուն արդիւնքները իրարմէ շատ տարբեր են։

ԱՆԶԳԱՄ ԿՆՈՋ ՀՐԱՒԷՐԸ ՄԵՐԺԷ

Հին ժամանակներուն, պոռնիկ կին մը իր տան առջեւ կեցած է եւ տղամարդ մը ներս կը հրաւիրէ։

«Անզգամ կինը» կու տայ հրաւէր մը, որ ցաւալի հետեւանքներ ունի (տե՛ս պարբ. 7)

7. Առակաց 9։13-18–ի համաձայն, հրաւէրներէն մէկը մեզ ո՞ւր կը տանի (տե՛ս նաեւ նկարը)։

7 Նկատի առ ‘անզգամ կնոջ’ հրաւէրը (կարդա՛ Առակաց 9։13-18)։ Ան համարձակօրէն պակասամիտները կը հրաւիրէ ըսելով. ‘Եկէ՛ք’ եւ քէֆ ըրէք։ Բայց հոն ի՞նչ կայ։ «Այն տեղը մեռելներ կան»։ Թերեւս նման բան մը կը յիշես Առակաց գրքին երկրորդ գլուխին մէջ, ուր մեզի զգուշացում կը տրուի «օտար կնոջմէն»։ Հոն կ’ըսէ. «Անոր տունը մահուան պիտի տանի» (Առ. 2։11-19)։ Իսկ Առակաց 5։3-10–ը մեզ կը զգուշացնէ ուրիշ ‘օտար կնոջմէ’ մը, որուն «ոտքերը մահուան կը տանին»։

8. Ի՞նչ որոշում պէտք է առնենք։

8 ‘Անզգամ կնոջ’ մտիկ ընողները ընտրութեան մը առջեւ են. իր հրաւէրը պիտի ընդունի՞ն թէ ոչ պիտի մերժեն։ Մենք ալ թերեւս այս ընտրութեան առջեւ գտնուինք։ Ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ մէկը փորձէ մեզ սեռային անբարոյութեան մէջ իյնացնել կամ եթէ անակնկալօրէն մեր առջեւ պոռնկագրական նկարներ ելլեն։

9-10. Ինչո՞ւ պէտք է սեռային անբարոյութիւնը մերժենք։

9 Կարեւոր պատճառներ կան, թէ ինչո՛ւ պէտք է սեռային անբարոյութիւնը մերժենք։ «Անզգամ կինը» կը նկարագրուի որ կ’ըսէ. «Գողցուած ջուրերը անոյշ են»։ Ի՞նչ են այս «գողցուած ջուրերը»։ Աստուածաշունչը ամուսնացած զոյգի մը միջեւ եղած սեռային յարաբերութիւնը կը նմանցնէ թարմացուցիչ ջուրերու (Առ. 5։15-18)։ Օրինական ամուսնութեան մէջ, ամուսինը եւ կինը կրնան հաճոյք ստանալ պատշաճ սեռային արարքներով։ Բայց պարագան այդպէս չէ «գողցուած ջուրեր»ուն։ Այս ջուրերը կրնան ակնարկել սեռային անբարոյութեան, որ յաճախ գաղտնաբար տեղի կ’ունենայ, ճիշդ ինչպէս որ գող մը գաղտնաբար կը գողնայ։ «Գողցուած ջուրերը» թերեւս անոյշ ջուրի համ ունենան անոնց համար, որոնք կը կարծեն որ իրենց ըրածը մէ՛կը չտեսաւ։ Բայց անոնք իրենք զիրենք կը խաբեն։ Եհովան ամէն բան կը տեսնէ, ուրեմն Եհովային հաճութիւնը կորսնցնելը ամէնէն լեղի բանն է. անոր մէջ «անոյշ» բան մը չկայ (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Բայց ուրիշ ցաւալի հետեւանքներ ալ կան։

10 Սեռային անբարոյութեան պատճառաւ, մէկը կրնայ ամօթ եւ անարժէք զգալ, առանց ուզելու յղանալ եւ ընտանիքը քանդել։ Յստակ է որ իմաստութիւն է անզգամ կնոջ ‘տունը’ չերթալ եւ չճաշել։ Եհովային հետ բարեկամութիւնը կորսնցնելէ զատ, շատ մը անբարոյ մարդիկ փոխանցիկ հիւանդութիւններով կը վարակուին, որոնց պատճառաւ կանուխէն կը մեռնին (Առ. 7։23, 26)։ 9–րդ գլուխին 18–րդ համարը վերջ կը գտնէ այս խօսքերով. «Անոր հրաւիրած մարդիկը դժոխքին անդունդներուն մէջ են»։ Լաւ, ինչո՞ւ շատեր կ’ընդունին այս խորամանկ հրաւէրը, որ կ’առաջնորդէ այս ցաւալի հետեւանքներուն (Առ. 9։13-18)։

11. Ինչո՞ւ պոռնկագրութիւն դիտելը չափազանց վնասակար է։

11 Անոնք սովորաբար կ’իյնան պոռնկագրութեան ծուղակին մէջ։ Ոմանք կը կարծեն որ պոռնկագրութիւնը վնասակար չէ։ Ընդհակառակը, պոռնկագրութիւնը վնասակար է, պատճառ կ’ըլլայ որ մէկը իր անձին հանդէպ յարգանքը կորսնցնէ եւ դժուար է անկէ վազ անցնիլը։ Պոռնկագրական նկարները մտքէն չեն երթար եւ մնայուն ազդեցութիւն կը ձգեն։ Ասկէ աւելին, պոռնկագրութիւնը սխալ ցանկութիւնները չ’սպաններ, հապա զանոնք կը գրգռէ (Կող. 3։5. Յակ. 1։14, 15)։ Այս պատճառով, պոռնկագրութիւն դիտողներէն շատեր կը շարունակեն անբարոյ արարքներ ընել։

12. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք որ կը փորձենք չդիտել նկարներ, որոնք մեր մէջ սեռային փափաքներ կ’արթնցնեն։

12 Մենք քրիստոնեաներս ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ անակնկալ կերպով մեր առջեւ պոռնկագրական նկարներ ելլեն։ Պէտք է շուտով երեսնիս դարձնենք։ Ասիկա ընելը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, եթէ մեր միտքը բերենք որ մեզի համար ամէնէն թանկագին բանն է Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը։ Եւ նկարներ, որոնք ընդհանրապէս պոռնկագրական չեն նկատուիր, իրականութեան մէջ կրնան մեր մէջ սեռային փափաքներ արթնցնել։ Ինչո՞ւ պէտք չէ ատոնք դիտենք։ Քանի որ մենք չենք ուզեր նոյնիսկ պզտիկ քայլ մը առնել, որ կ’առաջնորդէ մեր սրտին մէջ սեռային անբարոյութիւն գործելու (Մատ. 5։28, 29)։ Թայլանտէն Տէյվիտ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Ես ինծի կը հարցնեմ. ‘Նոյնիսկ երբ նկարները պոռնկագրական չեն երեւիր, Եհովան պիտի ուրախանա՞յ եթէ շարունակեմ ատոնք դիտել’։ Այս տեսակ մտածում ինծի կ’օգնէ որ իմաստութեամբ վարուիմ»։

13. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ իմաստութեամբ վարուինք։

13 Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ իմաստութեամբ վարուինք, երբ վախնանք ընելէ որեւէ բան, որ Եհովան կը նեղացնէ։ Աստուածավախութիւնը «իմաստութեան սկիզբը» կամ հիմն է (Առ. 9։10)։ Ասիկա աղուոր կերպով բացատրուած է Առակաց 9–րդ գլուխին սկիզբը, ուր կը կարդանք «իմաստութեան» մասին, որ բնագիր լեզուին մէջ նկարագրուած է որպէս կին։

«ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ» ՏՈՒԱԾ ՀՐԱՒԷՐԸ ԸՆԴՈՒՆԷ

14. Առակաց 9։1-6–ին մէջ, ի՞նչ տարբեր հրաւէրի մը մասին կը կարդանք։

14 Կարդա՛ Առակաց 9։1-6։ Հոս կը կարդանք հրաւէրի մը մասին, որ կու գայ Եհովայէն՝ մեր Ստեղծիչէն եւ ամէն իմաստութեան Աղբիւրէն (Առ. 2։6. Հռով. 16։27)։ Առաջին համարին մէջ, կը նկարագրուի մեծ տուն մը՝ եօթը սիւներով։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ Եհովան առատաձեռն է եւ կ’ընդունի բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն իր իմաստութիւնը գործադրել իրենց կեանքին մէջ։

15. Աստուած մեզ ի՞նչ բանի կը հրաւիրէ։

15 Եհովան շատ առատաձեռն Աստուած մըն է։ Այս յատկութիւնը կը տեսնուի «իմաստութեան» մէջd։ Երկրորդ համարին մէջ, այս այլաբանական կինը իր անասունները մորթած է, իր գինին խառնած է եւ իր սեղանը պատրաստած է (Առ. 9։2)։ Ասկէ զատ, 4–րդ եւ 5–րդ համարներուն համաձայն, «իմաստութիւնը» պակասամիտ եղողներուն կ’ըսէ. «Եկէ՛ք, իմ հացէս կերէ՛ք»։ Ինչո՞ւ համար պէտք է «իմաստութեան» տունը երթանք եւ իր պատրաստած ճաշէն ուտենք։ Եհովան կ’ուզէ որ իր զաւակները իմաստուն ըլլան եւ պաշտպանուին։ Չ’ուզեր որ կեանքի դասերը մեր գրպանէն սորվինք եւ ետքն ալ զղջանք։ Անոր համար ան «ուղիղներուն [«իմաստուններուն», ստորանիշ] համար փրկութիւն կը պահէ» (Առ. 2։7)։ Երբ Եհովայի հանդէպ ճիշդ տեսակի վախ ունենանք, պիտի ուզենք զինք ուրախացնել։ Իր իմաստուն խրատը պիտի լսենք, եւ անիկա գործադրելով պիտի ուրախանանք (Յակ. 1։25)։

16. Աստուածավախութիւնը ինչպէ՞ս օգնեց Ալանին որ իմաստուն որոշում մը առնէ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

16 Նկատի առ թէ աստուածավախութիւնը ինչպէ՛ս օգնեց Ալանին,– երէցի եւ դպրոցի ուսուցիչի մը,– որ իմաստուն որոշում մը առնէ։ Ան կ’ըսէ. «Իմ գործակիցներէս շատերու համար, պոռնկագրական ֆիլմերը սեռային նիւթերու շուրջ կրթութիւն կու տան»։ Բայց Ալան չխաբուեցաւ։ Ան ըսաւ. «Աստուածավախութիւնս ձգեց որ հաստատօրէն մերժեմ այդ ֆիլմերը դիտել։ Ասկէ զատ, գործակիցներուս բացատրեցի թէ ինչո՛ւ չէի դիտեր»։ Ան կը գործադրէր «իմաստութեան» տուած խրատը, որ ‘խոհեմութեան ճամբուն մէջ քալէ’ (Առ. 9։6)։ Ալանին գործակիցներէն ոմանք տպաւորուեցան իր հաստատ կեցուածքով եւ հիմա Աստուածաշունչը կը սերտեն եւ ժողովներու ներկայ կ’ըլլան։

Անցեալի Իսրայէլի մէջ, կին մը զոյգ մը կը հրաւիրէ իր տունը եւ իրենց կը հրամցնէ առողջապահական եւ համով ճաշեր։

«Իմաստութեան» հրաւէրը ընդունիլը կեանքի կ’առաջնորդէ (տե՛ս պարբ. 17-18)

17-18. Անոնք որոնք «իմաստութեան» տուած հրաւէրը կ’ընդունին, ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելեն հիմա, եւ ապագային ի՞նչ պիտի վայելեն (տե՛ս նաեւ նկարը)։

17 Եհովան այս երկու կիներուն օրինակները գործածելով մեզի ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ուրախ ապագայ մը ունենալ։ Անոնք որոնք ‘անզգամ կնոջ’ հրաւէրը կ’ընդունին, կը փորձեն անբարոյութեան մէջ հաճոյք գտնել։ Բայց անոնք չեն անդրադառնար որ ինչ որ կ’ընեն պիտի ազդէ իրենց ապագային վրայ։ Անոնց վերջաւորութիւնը «դժոխքին անդունդներուն մէջ» է, այսինքն՝ մահը (Առ. 9։13, 17, 18)։

18 Անոնք որոնք «իմաստութեան» տուած հրաւէրը կ’ընդունին, ի՜նչ տարբեր ապագայ մը կ’ունենան։ Անոնք ուրախ են, քանի որ իրենց պէտք եղած բոլոր հոգեւոր եւ առողջապահական ուտելիքները ունին, որպէսզի Եհովային մօտիկ մնան (Եսա. 65։13)։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Եհովան կ’ըսէ. «Ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ըրէ՛ք, որպէս զի բարիքներ ուտէք ու ձեր հոգին պարարտութեամբ զուարճանայ» (Եսա. 55։1, 2)։ Մենք կը սորվինք սիրել ինչ որ Եհովան կը սիրէ, եւ ատել ինչ որ ինք կ’ատէ (Սաղ. 97։10)։ Եւ կ’ուրախանանք ուրիշները հրաւիրելով որ իրենք ալ օգտուին «իմաստութենէն»։ Կարծես թէ մենք կը նմանինք այն սպասուհիներուն, որոնք «քաղաքին բարձր տեղերը կանչ[եցին]. ‘Ով որ պարզամիտ է, թող հոս գայ’»։ Մենք եւ անոնք որոնք «իմաստութեան» հրաւէրին ականջ կու տան, ոչ միայն հիմա կ’օգտուինք, հապա՝ յաւիտեան, մինչ խոհեմութեան ճամբուն մէջ կը քալենք (Առ. 9։3, 4, 6)։

19. Ժողովող 12։13, 14–ին համաձայն, ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել (տե՛ս նաեւ «Աստուածավախութիւնը մեզի օգտակար է» շրջանակը)։

19 Կարդա՛ Ժողովող 12։13, 14։ Թող որ աստուածավախութիւնը շարունակէ մեր սրտերը պաշտպանել եւ մեզի օգնել որ բարոյապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր մնանք այս չար վերջին օրերուն։ Այս ճիշդ տեսակի վախը մեզ պիտի մղէ որ շարունակենք կարելի եղածին չափ շատ անհատներ հրաւիրել որ իմաստութիւն ձեռք ձգեն եւ անկէ օգտուին։

Աստուածավախութիւնը մեզի օգտակար է

  • Մեզ Եհովային կը մօտեցնէ (Սաղ. 25։14. Եբ. 5։7)։

  • Աստուծոյ հնազանդիլը հաճոյք կը դարձնէ (Սաղ. 112։1)։

  • Կը քաջալերէ որ խոնարհ ու իմաստուն ըլլանք եւ չարութիւնը ատենք (Յոբ 28։28. Առ. 8։13)։

  • Մեզի քաջութիւն կու տայ եւ բարոյապէս կը զօրացնէ (Ել. 1։15-17, 21)։

  • Մեզ կը մղէ որ ազնիւ եւ վստահելի մէկը ըլլանք (Նէ. 5։15. 7։2)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Աստուածավախութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ պաշտպանել մեր սիրտը։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք հեռու կենալ ‘անզգամ կնոջմէն’ եւ իր հրաւէրը ընդունելու հետեւանքներէն։

  • Եթէ «իմաստութեան» հրաւէրը ընդունինք, ի՞նչ օգուտներ պիտի վայելենք։

ԵՐԳ 61 Ինչպիսի անձ մը պէտք է ըլլամ

a Քրիստոնեաները պէտք է սորվին աստուածավախութիւն ունենալ։ Անիկա կրնայ մեր սիրտը պահպանել եւ մեզ պաշտպանել սեռային անբարոյութենէ եւ պոռնկագրութենէ։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք Առակաց գրքին 9–րդ գլուխը։ Հոն կը նկարագրուի կին մը, որ կը ներկայացնէ յիմարութիւնը եւ ուրիշ կին մը, որ կը ներկայացնէ իմաստութիւնը։ Այս գլուխը քննարկելով, մնայուն օգուտներ պիտի քաղենք։

b Կարգ մը անուններ փոխուած են։

c Ուրիշ օրինակներ առնելու համար, ուր Աստուածաշունչը կարգ մը բաներ կը նկարագրէ կարծես թէ անոնք մարդիկ են, տե՛ս Հռովմայեցիս 5։14 եւ Գաղատացիս 4։24։

d Առակաց գրքին 9–րդ գլուխին մէջ, «իմաստութիւն» բառը իգական սեռով ներկայացուած է, որպէս թէ ատիկա կին մը ըլլար։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել