Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ24 Յունուար էջ 8-14
  • Տարուան ամէնէն կարեւոր օրուան համար պատրա՞ստ ես

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Տարուան ամէնէն կարեւոր օրուան համար պատրա՞ստ ես
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԵՐ ՍՐՏԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ ՀԱՄԱՐ
  • ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ ՈՐ ՕԳՏՈՒԻՆ
  • ԱՆԳՈՐԾՈՒՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ
  • Եհովային սէրը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Փրկանքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Եհովան կ’օրհնէ Յիշատակատօնը տօնելու մեր ջանքերը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Յիշատակատօնի ժամանակ նպատակակէտեր դիր
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
դ24 Յունուար էջ 8-14

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 2

ԵՐԳ 8 Տէրունական ընթրիքը

Տարուան ամէնէն կարեւոր օրուան համար պատրա՞ստ ես

«Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (ՂՈՒԿ. 22։19)։

ՆԻՒԹ

Տե՛ս թէ Յիշատակատօնը ինչո՛ւ շատ յատուկ առիթ մըն է, ինչպէ՛ս կրնանք ատոր պատրաստուիլ եւ ինչպէ՛ս կրնանք ուրիշներուն օգնել որ ատոր ներկայ ըլլան։

1. Յիշատակատօնը ինչո՞ւ տարուան ամէնէն կարեւոր օրն է (Ղուկաս 22։19, 20)։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ մահուան Յիշատակատօնը տարուան ամէնէն կարեւոր օրն է Եհովայի ժողովուրդին համար։ Ատիկա միակ առիթն է, որուն մասին Յիսուս մասնայատուկ կերպով պատուիրեց որ իր հետեւորդները տօնեն (կարդա՛ Ղուկաս 22։19, 20)։ Մենք անհամբեր կը սպասենք Յիշատակատօնին քանի մը պատճառներով։ Նկատի առնենք ատոնցմէ ոմանք։

2. Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով անհամբեր Յիշատակատօնին կը սպասենք։

2 Յիշատակատօնը կ’օգնէ որ փրկանքին արժէքին վրայ խոկանք։ Անիկա մեզ կը յիշեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Յիսուսի զոհին հանդէպ տարբեր կերպերով գնահատութիւն ցոյց տալ (Բ. Կոր. 5։14, 15)։ Անիկա նաեւ մեզի առիթ կու տայ որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ փոխադարձ քաջալերութիւն վայելենք (Հռով. 1։12)։ Ամէն տարի մեծ թիւով անգործունեաներ ալ ներկայ կ’ըլլան Յիշատակատօնին։ Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ Եհովային կը վերադառնան, որովհետեւ եղբայրներն ու քոյրերը Յիշատակատօնին զիրենք ջերմօրէն ընդունեցին։ Ասկէ զատ, նորեկներէն շատեր ալ իրենց տեսածով եւ լսածով այնքա՛ն կը տպաւորուին, որ կ’ուզեն Աստուածաշունչը սերտել։ Զարմանալի չէ որ Յիշատակատօնը մեզի համար շատ յատուկ առիթ մըն է։

3. Յիշատակատօնը ինչպէ՞ս բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը կը միացնէ (Տե՛ս նաեւ նկարը)։

3 Ասկէ զատ, մենք անհամբեր Յիշատակատօնին կը սպասենք, քանի որ գիտենք որ այդ օրը մենք մեր բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ միացած կ’ըլլանք։ Մինչ արեւը մայր կը մտնէ, մենք՝ Եհովայի վկաներս, աշխարհի չորս կողմը մէկս միւսին ետեւէն Յիշատակատօնը կը տօնենք։ Բոլորս կը լսենք դասախօսութիւն մը, որ կը խօսի փրկանքին կարեւորութեան մասին։ Երկու երգեր կ’երգենք, հացն ու գինին ձեռքէ–ձեռք կ’անցընենք, եւ սրտանց «ամէն» կ’ըսենք չորս աղօթքներու։ 24 ժամուան մէջ, աշխարհի բոլոր ժողովքները ասոնք բոլորը ըրած կ’ըլլան։ Կրնա՞ս երեւակայել որ Եհովան եւ Յիսուսը որքա՛ն կ’ուրախանան, երբ կը տեսնեն որ բոլորս միասին այս կերպով զիրենք կը պատուենք։

Յիշատակատօնին օրը, աշխարհին չորս կողմը եղբայրներ եւ քոյրեր Յիշատակատօնին համար կը պատրաստուին եւ զայն կը տօնեն։ 1. Բորթօ Ռիքոյի մէջ, ընտանիք մը կը դիտէ յատուկ առաւօտեան պաշտամունքը։ 2. Իտալիոյ մէջ, Զոյգ մը ծառայութեան ընթացքին հրաւիրագիր մը կու տայ մարդու մը։ 3. Քենիայի մէջ, երկու եղբայրներ համար մը կը կարդան մարդու մը։ Վրաստանի մէջ, մայր մը իր պզտիկ աղջկան հետ Յիշատակատօնին հացը կը պատրաստէ, հետեւելով «Ինչպէ՞ս կրնաս Յիշատակատօնին հացը պատրաստել» վիտէոյին ըսածներուն։ 5. Հնդկաստանի մէջ, եղբայրներն ու քոյրերը Թագաւորութեան սրահը կը մաքրեն եւ սեղանին վրայ կը տեղաւորեն հացն ու գինին։ 6. Թայլանտի մէջ, Թագաւորութեան սրահին մէջ եղբայր մը բարի գալուստ կը մաղթէ անձի մը։ 7. Ճափոնի մէջ, Յիշատակատօնին ատեն եղբայր մը անխմոր հացը կը փոխանցէ քրոջ մը։

Յիշատակատօնը կը միացնէ համայն աշխարհի մեր եղբայրներն ու քոյրերը (տե՛ս պարբերութիւն 3)f


4. Ի՞նչ պիտի քննարկենք այս յօդուածին մէջ։

4 Այս յօդուածին մէջ, երեք հարցումներ պիտի քննարկենք։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր սրտերը պատրաստել Յիշատակատօնին համար։ Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն օգնել որ անկէ օգտուին։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք անգործունեաներուն օգնել։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեզի պիտի օգնեն որ պատրաստուինք այս կարեւոր առիթին։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԵՐ ՍՐՏԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ ՀԱՄԱՐ

5. ա) Ինչո՞ւ պէտք է փրկանքին արժէքին վրայ խոկանք (Սաղմոս 49։7, 8)։ բ) Յիսուս ինչո՞ւ մեռաւ վիտէոյէն ի՞նչ սորվեցար։

5 Մեր սիրտը Յիշատակատօնին համար պատրաստելու ամէնէն կարեւոր կերպերէն մէկն է՝ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքին արժէքին վրայ խոկալ։ Առանձին, մենք մեզ չենք կրնար մեղքէն եւ մահէն ազատել (կարդա՛ Սաղմոս 49։7, 8. տե՛ս նաեւ՝ Յիսուս ինչո՞ւ մեռաւ վիտէոն)a։ Եհովա՛ն կարգադրեց որ Յիսուս իր կեանքը զոհէ մեզի համար, եւ ասիկա սուղի նայեցաւ թէ՛ իրեն եւ թէ Յիսուսին (Հռով. 6։23)։ Ո՛րքան աւելի խոկանք թէ Եհովան եւ Յիսուսը մեզի համար ի՜նչ զոհողութիւններ ըրած են, ա՛յնքան փրկանքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը պիտի աւելնայ։ Նկատի պիտի առնենք կարգ մը պատճառներ, թէ փրկանքը ինչո՛ւ սուղի նայեցաւ Եհովային եւ Յիսուսին։ Բայց նա՛խ խօսինք թէ փրկանքը ի՛նչ է։

6. Փրկանքը ի՞նչ էր։

6 Փրկանքը այն գինն է որ կը վճարուի բան մը ետ գնելու համար։ Առաջին մարդը՝ Ադամը, կատարեալ էր երբ ստեղծուեցաւ։ Բայց ան մեղք գործեց եւ թէ՛ ինքը եւ թէ իր ունենալիք զաւակները յաւիտենական կեանքը ունենալու յոյսը կորսնցուցին։ Անդին, Յիսուս իր կատարեալ կեանքը զոհեց, որպէսզի Ադամին կորսնցուցածը ետ գնէ։ Յիսուս, երկրի վրայ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, «մեղք չգործեց ու իր բերնին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ» (Ա. Պետ. 2։22)։ Երբ Յիսուս մահացաւ, իր զոհած կատարեալ կեանքով կրցաւ ետ գնել Ադամին կորսնցուցած կատարեալ կեանքը (Ա. Կոր. 15։45. Ա. Տիմ. 2։6)։

7. Յիսուս երկրի վրայ ի՞նչ փորձութիւններ ունեցաւ։

7 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ամէն բանի մէջ Եհովային հնազանդեցաւ, նոյնիսկ երբ ասիկա ընելը դժուար էր։ Երբ պզտիկ էր, Յիսուս կատարեալ էր, իսկ իր ծնողքը՝ անկատար։ Բայց ինք միշտ կը հնազանդէր անոնց (Ղուկ. 2։51)։ Երբ Յիսուս պատանի էր, ուրիշներուն պէս անհնազանդ չեղաւ իր ծնողքին, ոչ ալ Եհովային հանդէպ անհաւատարիմ գտնուեցաւ։ Իսկ երբ Յիսուս չափահաս դարձաւ, Սատանային դէմ դրաւ, երբ ան զինք փորձեց որ Եհովային անհաւատարիմ գտնուի (Մատ. 4։1-11)։ Սատանան վճռած էր ամէն բան ընել, որ Յիսուսը մղէ մեղք գործելու, որպէսզի չկարենայ փրկանքը վճարել։

8. Յիսուս ուրիշ ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաւ։

8 Յիսուս երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին, ուրիշ դժուարութիւններ ալ ունեցաւ։ Օրինակ, իր թշնամիները հալածեցին եւ փորձեցին զինք մեռցնել (Ղուկ. 4։28, 29. 13։31)։ Ան համբերեց իր հետեւորդներուն տկարութիւններուն (Մար. 9։32, 33)։ Երբ ձերբակալուեցաւ, զինք չարչարեցին եւ ծաղր ըրին։ Ետքը, զինք շատ գէշ կերպով մը սպաննեցին, կարծես թէ ոճրագործ ըլլար (Եբ. 12։1-3)։ Իր կեանքին վերջին ժամերուն, Յիսուս առանձին տոկաց՝ առանց Եհովային պաշտպանութեան (Մատ. 27։46)b։

9. Յիսուսի զոհին հանդէպ ինչպէ՞ս կը զգաս (Ա. Պետրոս 1։8)։

9 Յստակ էր որ փրկանքը Յիսուսին շատ սուղի նայեցաւ։ Յիսուսի հանդէպ խոր սէր չե՞ս զգար, երբ մտածես թէ ան այսքա՛ն մեծ զոհողութիւններ ըրաւ մեզի համար (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։8)։

10. Եհովային որքա՞ն սուղի նայեցաւ փրկանքը։

10 Իսկ Եհովա՞ն ինչ պատրաստ էր զոհելու, որպէսզի Յիսուսը կարենար փրկանքը վճարել։ Եհովան եւ Յիսուսը, հօր մը ու իր զաւկին միջեւ եղած ամենամօտիկ կապը ունին (Առ. 8։30)։ Ուրեմն, պահ մը մտածէ թէ Եհովան ինչպէ՞ս զգաց, երբ տեսաւ Յիսուսը երկրի վրայ այսքա՛ն շատ նեղութիւններէ կ’անցնի։ Վստահաբար, ան խոր ցաւ զգաց եւ նեղուեցաւ, երբ տեսաւ մարդիկ իր Որդիին հետ գէշ կերպով կը վարուին, զինք կը մերժեն եւ կը չարչարեն։

11. Օրինակ մը տուր, ցոյց տալու համար թէ Եհովան ինչպէ՛ս զգացած ըլլալու էր, երբ Յիսուս կը սպաննուէր։

11 Ամէն ծնող, որ զաւակ մը կորսնցուցած է, շատ լաւ գիտէ թէ այս կորուստը որքա՜ն խոր ցաւ կը պատճառէ։ Ճիշդ է որ մենք յարութեան հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունինք, բայց երբ սիրելի մը մեռնի, մեր սրտին մէջ խոր ցաւ կը զգանք։ Այս օրինակը մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ Եհովան ինչպէ՛ս զգաց, երբ տեսաւ իր սիրելի Որդին կը չարչարուի եւ կը մեռնի՝ Ք.Ե. 33–ի գարնան (Մատ. 3։17)c։

12. Ասկէ մինչեւ Յիշատակատօն ի՞նչ կրնանք ընել։

12 Հիմակուընէ մինչեւ Յիշատակատօն, կրնաս փրկանքին մասին սերտել՝ անձնական ուսումնասիրութեանդ կամ ընտանեկան պաշտամունքիդ ընթացքին։ Գործածէ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար հրատարակութիւնը կամ ուրիշ հրատարակութիւններ, որպէսզի փրկանքին մասին աւելի մանրամասնութիւններ առնեսd։ Ասկէ զատ, Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրին հետեւէ, որ կրնաս գտնել՝ Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. Ժողովի տետր–ին մէջ։ Իսկ Յիշատակատօնին օրը, մի՛ մոռնար դիտելու յատուկ առաւօտեան պաշտամունքը։ Երբ մեր սիրտը պատրաստենք Յիշատակատօնին համար, պիտի կարենանք ուրիշներուն ալ օգնել որ ատկէ օգտուին (Եզր. 7։10)։

Պրպտումի համար գաղափարներ

Երբ փրկանքին մասին պրպտում կ’ընես, ասոնց նման հարցումներու պատասխանները գտիր.

  • Ինչո՞ւ պէտք էր փրկանք վճարուէր։ Եհովան չէ՞ր կրնար պարզապէս Ադամին եւ Եւային ներել։

  • Յիսուս ինչո՞ւ լաւագոյն անձն էր, որ երկիր գար եւ մեր Փրկիչը ըլլար։

  • Փրկանքին միջոցաւ, ի՞նչ օրհնութիւններ կրնանք հիմա վայելել։

  • Փրկանքը ի՞նչ օգուտներ պիտի ունենայ ապագային։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ ՈՐ ՕԳՏՈՒԻՆ

13. Ի՞նչ է առաջին քայլը ուրիշներուն օգնելու որ օգտուին Յիշատակատօնէն։

13 Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն օգնել, որ օգտուին Յիշատակատօնէն։ Անշուշտ առաջին քայլն է՝ զանոնք հրաւիրել։ Կրնանք հրաւիրել այն անձերը, որոնց կը հանդիպինք դռնէ դուռի ընթացքին։ Նաեւ կրնանք պատրաստել ցանկ մը, հրաւիրելու համար ազգականներ, գործընկերներ, դասընկերներ եւ ուրիշներ։ Նոյնիսկ եթէ բաւարար քանակով տպուած հրաւիրագիրներ չունինք, կրնանք ելեկտրոնային կերպով զայն ղրկել (link)։ Թերեւս զարմանաս, երբ տեսնես որ շատեր եկած են Յիշատակատօնին (Ժող. 11։6)։

14. Անձնական հրաւէր տալը ինչո՞ւ լաւ արդիւնքներ կու տայ։

14 Բնա՛ւ թեթեւի մի՛ առներ, որ անձնական հրաւէր տալը որքա՜ն լաւ արդիւնքներ կու տայ։ Օր մը, քոյր մը, որուն ամուսինը Վկայ չէ, զարմացաւ երբ իր ամուսինը ուրախութեամբ իրեն ըսաւ որ իրեն հետ Յիշատակատօնի պիտի երթայ։ Քոյրը ինչո՞ւ զարմացաւ։ Քանի որ անցեալին, ան քանի՜ անգամներ իր ամուսինը հրաւիրած էր, բայց ան չէր ընդունած։ Լաւ, այս անգամ ինչո՞ւ ընդունեց։ Ամուսինը ըսաւ. «Մէկը ինծի անձամբ հրաւիրեց»։ Ան բացատրեց որ ժողովքէն երէց մը, որ զինք կը ճանչնար, հրաւիրեց զինք։ Ամուսինը Յիշատակատօնին ներկայ եղաւ թէ՛ այդ տարի եւ թէ յաջորդ տարիներուն։

15. Երբ մէկը Յիշատակատօնի կը հրաւիրես, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենաս։

15 Ի մտի ունեցիր որ քու հրաւիրած անձերդ հարցումներ կրնան ունենալ, մանաւանդ եթէ ասկէ առաջ մեր ժողովներուն չեն եկած։ Լաւ կ’ըլլայ որ պատրաստ ըլլաս անոնց հարցումներուն պատասխանելու (Կող. 4։6)։ Օրինակի համար, թերեւս անոնք հարցնեն. ‘Յիշատակատօնին ի՞նչ կ’ըլլայ’։ ‘Որքա՞ն երկար կը տեւէ’։ ‘Ի՞նչ պէտք է հագնիմ’։ ‘Բան մը պիտի վճարե՞մ’։ ‘Հոն դրամ պիտի հաւաքուի՞’։ Երբ մէկը կը հրաւիրես Յիշատակատօնի, կրնաս իրեն հարցնել. «Հարցումներ ունի՞ս», եւ ետքը այդ հարցումներուն պատասխանները տուր։ Նաեւ կրնաս գործածել Յիշէ Յիսուսի մահը եւ Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ վիտէօները՝ հետաքրքրուած անհատին օգնելու, որ հասկնայ թէ ժողովները ինչպէ՛ս կ’ըլլան։ Իսկ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքին 28–րդ գլուխին մէջ կը գտնես կարգ մը կէտեր, որոնք կրնաս բացատրել հրաւիրուած անհատին։

16. Յիշատակատօնին ներկայ եղող նորեկները թերեւս ի՞նչ հարցումներ ունենան։

16 Նորեկները՝ Յիշատակատօնը դիտելէ ետք, հարցումներ կրնան ունենալ։ Թերեւս հարցնեն թէ ինչո՛ւ ոեւէ մէկը հացէն չկերաւ եւ գինիէն չխմեց, կամ թէ ինչո՛ւ քիչեր կերան եւ խմեցին։ Թերեւս ալ հարցնեն, թէ ինչո՛ւ տարին մէկ անգամ կը տօնենք Յիշատակատօնը։ Եւ թերեւս ալ ուզեն գիտնալ որ Եհովայի վկաներուն ժողովները բոլո՞րն ալ այս կերպով կ’ըլլան։ Թէեւ այս կէտերէն շատերը Յիշատակատօնի դասախօսութեան ընթացքին կը քննարկուին, բայց նորեկները հաւանաբար ուզեն աւելի տեղեկութիւններ գիտնալ։ «Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Տէրոջ ընթրիքը միւս կրօնքներէն տարբեր կը տօնեն» յօդուածը jw.org կայքին վրայ, կրնայ օգնել որ անոնք այս հարցումներէն ոմանց պատասխանները ստանան։ Կ’ուզենք ամէն բան ընել՝ Յիշատակատօնէն առաջ, ատոր միջոցին կամ ետքը, որպէսզի «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» անձերը այս Յիշատակատօնէն օգտուին (Գործք 13։48, ՆԱ)։

ԱՆԳՈՐԾՈՒՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ

17. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան օգնել անգործունեաներուն (Եզեկիէլ 34։12, 16)։

17 Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Յիշատակատօնին ժամանակ անգործունեաներուն օգնել։ Անոնց ցոյց տուր որ իրենցմով հետաքրքրուած ես (կարդա՛ Եզեկիէլ 34։12, 16)։ Յիշատակատօնէն առաջ, կարելի եղածին չափ շատերու հեռաձայնէ կամ այցելէ։ Անոնց ըսէ որ որքա՛ն կը սիրես զիրենք եւ կ’ուզես ամէն կերպով իրենց օգնել։ Զանոնք Յիշատակատօնին հրաւիրէ, եւ երբ գան, ջերմօրէն դիմաւորէ զանոնք։ Յիշատակատօնէն վերջ, շարունակէ այս սիրելի եղբայրներուն եւ քոյրերուն հեռաձայնել կամ այցելել, եւ անոնց պէտք եղած ամէն տեսակի օգնութիւն տուր, որ Եհովային վերադառնան (Ա. Պետ. 2։25)։

18. Ինչպէ՞ս կրնանք բոլորս ալ անգործունեաներուն օգնել (Հռովմայեցիս 12։10)։

18 Ժողովքին մէջ բոլորս ալ կրնանք Յիշատակատօնին ներկայ եղող անգործունեաներուն օգնել։ Ինչպէ՞ս։ Անոնց հետ սիրով, ազնուութեամբ եւ յարգանքով վարուելով (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։10)։ Մի՛ մոռնար որ թերեւս այս սիրելի եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար շատ դժուար էր անգամ մը եւս ժողովի գալ։ Թերեւս մտահոգ էին, թէ արդեօք ուրիշներ ի՛նչ պիտի ըսեն իրենց մասինe։ Այս պատճառով, ուշադիր եղիր որ հարցումներովդ զիրենք նեղութեան չմատնես։ Ոչ ալ բան մը ըսես, որ կրնայ զիրենք վիրաւորել (Ա. Թես. 5։11)։ Այս եղբայրներն ու քոյրերը մեր հաւատակիցներն են։ Եւ մենք ուրախ ենք որ անգամ մը եւս կրնանք իրենց հետ Եհովան պաշտել (Սաղ. 119։176. Գործք 20։35)։

1. Անգործունեայ եղբայր մը հին երգարան մը եւ Սուրբ Գիրք մը բռնած կը քաշուի Թագաւորութեան սրահ մտնելու։ Ան հեռուէն կը դիտէ, մինչ եղբայրներն ու քոյրերը Յիշատակատօնին կու գան։ 2. Յիշատակատօնէն ետք, անգործունեայ եղբայրը ուրախութեամբ կը խօսի ուրիշ եղբօր մը հետ Թագաւորութեան սրահին մէջ։

Ժողովքը ինչպէ՞ս վարուեցաւ

«Քաշուեցայ Թագաւորութեան սրահ վերադառնալու։ Միտքէս անցաւ որ եղբայրներն ու քոյրերը արդեօք ինչպէ՛ս պիտի վարուին հետս։ Մեր տարեց քոյրերէն մէկը, որ 30 տարիէ ի վեր զիս չէր տեսած, ինծի դառնալով ըսաւ. ‘Բարի եկար, տղա՛ս’։ Քրոջ այս խօսքը սրտիս դպաւ եւ ձգեց որ ետ հոգեւոր ընտանիքիս վերադառնամ» (ԽԱՎԻԷՐ)։

«Թագաւորութեան սրահ գացի եւ վերջին շարքը նստեցայ, որպէսզի մէ՛կը զիս չտեսնէ։ Բայց շատեր, որոնք զիս պզտիկութենէս գիտէին, ճանչցան զիս։ Քովս մօտեցան եւ ջերմօրէն դիմաւորեցին զիս, եւ այնքա՛ն զօրաւոր փաթթուկ տուին, որ վրաս խաղաղութիւն եկաւ։ Զգացի որ տունս վերադարձայ» (ՄԱՐՔՕ)։

19. Յիսուսին մահը յիշելը ի՞նչ օգուտներ ունի։

19 Քանի՛ որ Յիշատակատօնը շատ մը կերպերով օգտակար է թէ՛ մեզի եւ թէ ուրիշներուն, չենք զարմանար որ ինչո՛ւ Յիսուս ըսաւ որ ամէն տարի իր մահը յիշենք (Եսա. 48։17, 18)։ Երբ ատիկա յիշենք, Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ մեր սէրը կ’աւելնայ։ Նաեւ ցոյց կու տանք որ որքա՛ն շնորհակալ ենք անոնց ըրած զոհողութիւններուն համար։ Ասկէ զատ, մենք եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ աւելի կը մտերմանանք։ Եւ թերեւս ալ կարենանք կարգ մը անձերու օգնել, որ գիտնան ինչպէ՛ս կրնան իրենք ալ փրկանքէն օգտուիլ։ Այս պատճառաւ, մեր ամէն կարելին ընենք, որ այս տարուան Յիշատակատօնին պատրաստ ըլլանք։ Ատիկա տարուան ամէնէ՛ն կարեւոր օրն է։

Երբ Յիշատակատօնը կիրակի օրը ըլլայ, ինչպէս որ է պարագան 2024–ին, շաբաթավերջին ժողով չենք ունենար։ Այս պատճառաւ, գալ շաբթուան համար ուսումնասիրութեան յօդուած չէ պատրաստուած։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ՝

  • մեր սիրտը պատրաստել Յիշատակատօնին համար։

  • ուրիշներու օգնել որ անկէ օգտուին։

  • անգործունեաներուն օգնել։

ԵՐԳ 149 Փրկանքին համար երախտապարտ ենք

a Այս յօդուածին մէջ նշուած յօդուածները եւ վիտէօները գտնելու համար, գնա՛ jw.org եւ «Փնտռել» տուփիկին մէջ տպէ ատոնց վերնագիրները։

b Տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը՝ Դիտարան–ի ապրիլ 2021 թիւին մէջ։

c Տե՛ս Եհովայի մօտեցիր գիրքը՝ գլ. 23, պարբերութիւններ 8-9 (արաբ.)։

d Տե՛ս «Պրպտումի համար գաղափարներ» տուփը։

e Տե՛ս նկարները եւ «Ժողովքը ինչպէ՞ս վարուեցաւ» տուփը։ Անգործունեայ եղբայր մը կը քաշուի Թագաւորութեան սրահ մտնելու, բայց վերջաւորութեան կը մտնէ։ Հոն ջերմօրէն կը դիմաւորուի եւ եղբայրներուն հետ ուրախ եւ հանգիստ կը զգայ։

f ՆԿԱՐ. Մինչ աշխարհի մէկ ծայրը Եհովայի ժողովուրդը Յիշատակատօնը կը տօնէ, աշխարհի միւս կողմերը իրենց եղբայրներն ու քոյրերը ատոր համար կը պատրաստուին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել