ՍԵՐՏԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ
Հոգեւոր անձերը իմաստուն որոշումներ կ’առնեն
Կարդա՛ Ծննդոց 25։29-34–ը, որպէսզի գիտնաս թէ Եսաւը եւ Յակոբը իմաստուն որոշումներ առի՛ն կամ ոչ։
Աւելի տեղեկութիւններ առ շուրջի համարներէն։ Դէպքէն առաջ ի՞նչ պատահեցաւ (Ծն. 25։20-28)։ Ատկէ ետք ի՞նչ պատահեցաւ (Ծն. 27։1-46)։
Աւելի պրպտում ըրէ մանրամասնութիւններուն մասին։ Այդ օրերուն, անդրանիկ զաւակին իրաւունքները եւ պատասխանատուութիւնները ի՞նչ էին (Ծն. 18։18, 19. դ10 6/1 9)։
Անձ մը անպայման պէ՞տք էր որ անդրանիկ զաւակ ըլլար, որպէսզի Մեսիային նախահայրը ըլլար (դ17.12 14-15)։
Տե՛ս թէ ի՛նչ դասեր կրնաս սորվիլ եւ ատոնք գործադրէ։ Անդրանիկ զաւակ ըլլալու առանձնաշնորհումները ինչո՞ւ աւելի կարեւոր էին Յակոբին, քան՝ Եսաւին (Եբ. 12։16, 17. դ03-ԱՐ 10/15 28-29)։ Եհովան ի՞նչ կը զգար Եսաւին եւ Յակոբին հանդէպ, եւ ինչո՞ւ։ Եսաւը ի՞նչ բան կրնար տարբեր կերպով ընել, որպէսզի աւելի լաւ որոշումներ առնէր։
Դուն քեզի հարցուր. Ինչպէ՞ս կրնամ ցուցնել որ հոգեւոր բաները կը գնահատեմ, երբ շաբթուան ընթացքին յայտագիրս կ’որոշեմ. օրինակ՝ երբ ընտանեկան պաշտամունքի յայտագիր կը դնեմ։