Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ24 Մայիս էջ 14-19
  • Սէրէ մղուած շարունակէ քարոզել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սէրէ մղուած շարունակէ քարոզել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԿԸ ՔԱՐՈԶԵՆՔ՝ ՔԱՆԻ ՈՐ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ
  • ԿԸ ՔԱՐՈԶԵՆՔ՝ ՔԱՆԻ ՈՐ ՄԱՐԴԻԿԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ
  • ԿԸ ՔԱՐՈԶԵՆՔ՝ ՔԱՆԻ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ԵՒ ԻՐ ԱՆՈՒՆԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ
  • ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՔԱՐՈԶԵԼ ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ՎԵՐՋԸ ԳԱՅ
  • Եհովային ապագայ դատաստաններուն մասին ի՞նչ գիտենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի ուրախութեամբ ծառայել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Խոնարհաբար ընդունէ բաներ որ չես գիտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Յիսուսին պէս նախանձախնդրութեամբ քարոզէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
դ24 Մայիս էջ 14-19

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 20

ԵՐԳ 92 «Խօսքը քարոզէ՛»

Սէրէ մղուած շարունակէ քարոզել

«Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն» (ՄԱՐ. 13։10)։

ՆԻՒԹ

Սէրը մեզի ինչպէ՞ս կը մղէ, որ նախանձախնդրութեամբ եւ սրտանց քարոզենք։

1. 2023–ի տարեկան ժողովին ի՞նչ բաներ լսեցինք։

2023–Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ժողովինa, շատ հետաքրքրական յստակացումներ տեսանք մեր կարգ մը հաւատալիքներուն մասին եւ քանի մը հիանալի յայտարարութիւններ լսեցինք մեր ծառայութեան մասին։ Օրինակ, տեսանք որ նոյնիսկ Մեծ Բաբելոնին կործանումէն ետք, կարգ մը մարդիկ թերեւս առիթը ունենան Եհովային ժողովուրդին միանալու։ Նաեւ տեսանք, որ նոյեմբեր 2023-էն սկսեալ, հրատարակիչները այլեւս պիտի չտեղեկագրեն ծառայութեան վերաբերեալ բոլոր մանրամասնութիւնները։ Արդեօք այս փոփոխութիւնները ըսե՞լ են, որ մեր ծառայութիւնը առաջուան չափ կարեւոր չէ։ Անշո՛ւշտ ոչ։

2. Մինչ օրերը կ’անցնին, քարոզելը ինչո՞ւ աւելի կարեւոր կը դառնայ (Մարկոս 13։10)։

2 Մինչ օրերը կ’անցնին, քարոզելը աւելի կարեւոր կը դառնայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատ ժամանակ չմնաց։ Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ վերջին օրերուն տեղի ունենալիք քարոզչութեան մասին (կարդա՛ Մարկոս 13։10)։ Իսկ Մատթէոս Աւետարանին մէջ, Յիսուս ըսաւ թէ բարի լուրը պիտի քարոզուի համայն աշխարհին մէջ, առաջ որ «վերջը» գայ (Մատ. 24։14)։ «Վերջը» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ Սատանայի չար աշխարհին ամբողջական կործանումին։ Եհովան շուտով տեղի ունենալիք դէպքերուն ‘օրը եւ ժամը’ որոշած է (Մատ. 24։36. 25։13. Գործք 1։7)։ Ամէն մէկ օր որ կ’անցնի, մեզ աւելի կը մօտեցնէ այդ ժամանակուան (Հռով. 13։11)։ Մինչ այդ, պէտք է շարունակենք քարոզել մինչեւ որ վերջը գայ։

3. Ի՞նչը մեզ կը մղէ որ քարոզենք։

3 Լաւ կ’ըլլայ որ ծառայութեան նկատմամբ այս կարեւոր հարցումին մասին մտածենք. բարի լուրը ինչո՞ւ կը քարոզենք։ Մէկ խօսքով, սէրը մեզ կը մղէ որ քարոզենք։ Ի՛նչ որ ծառայութեան մէջ կ’ընենք, սէրէ մղուած կ’ընենք. բարի լուրի՛ն հանդէպ մեր սէրը, մարդո՛ց հանդէպ մեր սէրը եւ ամէնէն կարեւորը՝ Եհովայի՛ն եւ իր անունի՛ն հանդէպ մեր սէրը։ Եկէք այս կէտերը մէկ առ մէկ նկատի առնենք։

ԿԸ ՔԱՐՈԶԵՆՔ՝ ՔԱՆԻ ՈՐ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ

4. Ի՞նչ կ’ընենք երբ ուրախ լուր մը լսենք։

4 Կը յիշե՞ս երբ ուրախ լուր մը լսեցիր՝ ինչպէ՛ս զգացիր։ Թերեւս ընտանիքիդ մէջ մէկը պզտիկ ունեցաւ, կամ ալ մէկը քեզի գործի առաջարկ մը ըրաւ, որուն շատ պէտք ունէիր։ Հաւանաբար շատ խանդավառուեցար եւ անմիջապէս ատոր մասին ընտանիքիդ եւ բարեկամներուդ պատմեցիր։ Արդեօք նման բան մըն ալ պատահեցա՞ւ, երբ ամէնէն ուրախ լուրը լսեցիր, որ է՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը։

5. Ի՞նչ զգացիր երբ առաջին անգամ Աստուծոյ Խօսքին մէջի ճշմարտութիւնները սորվեցար (տե՛ս նաեւ նկարները)։

5 Մէկ հատ մտածէ որ ի՛նչ զգացիր, երբ առաջին անգամ Աստուծոյ Խօսքին մէջի ճշմարտութիւնները սորվեցար։ Գիտցար թէ քու երկնաւոր Հայրդ կը սիրէ քեզ, կ’ուզէ որ իր ընտանիքին մէկ մասը ըլլաս, թէ խոստացած է բոլոր ցաւերուն եւ չարչարանքին վերջ դնել, թէ դուն կրնա՛ս յուսալ որ մահացած սիրելիներդ դարձեալ ապրին նոր աշխարհի մը մէջ, եւ շատ մը ուրիշ բաներ (Մար. 10։29, 30. Յովհ. 5։28, 29. Հռով. 8։38, 39. Յայտ. 21։3, 4)։ Այդ ճշմարտութիւնները սրտիդ դպան (Ղուկ. 24։32)։ Դուն սիրեցիր քու սորվածներդ եւ ուզեցիր ամէն մարդու պատմել ատոնց մասին (համեմատէ՛ Երեմիա 20։9)։

Եղբայր մը «Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն» գիրքը կը գործածէ, որ մարդու մը հետ Սուրբ Գիրքը սերտէ։ Մարդը իր սորվածները ուրիշներուն կը պատմէ. 1. Իր գործակիցին։ 2. Ընտանիքի անդամներու։ 3. Իր ընկերին։

Երբ առաջին անգամ ըլլալով բարի լուրը գիտցանք, այդ թանկագին ճշմարտութիւններուն մասին չկրցանք չխօսիլ (տե՛ս պարբերութիւն 5)


6. Էռնեսթի եւ Ռոզի փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

6 Նկատի առ այս փորձառութիւնը։ Էռնեսթb անունով եղբայր մը տասը տարեկան էր, երբ իր հայրը մահացաւ։ Ան կը պատմէ. «Հարց տուի. ‘Արդեօք ան երկի՞նք գնաց, թէ ոչ առյաւէտ գոյութենէ դադրեցաւ’։ Սկսայ հայր ունեցող երեխաներուն նախանձիլ»։ Էռնեսթ գրեթէ ամէն օր գերեզմանատուն կ’երթար եւ հօրը գերեզմանին քով ծունկի գալով կ’աղօթէր. «Հաճիս, ո՛վ Աստուած, կ’ուզեմ գիտնալ թէ հայրս ո՛ւր է»։ Իր հօրը մահէն 17 տարի ետք, Էռնեսթի առաջարկուեցաւ Աստուածաշունչը սերտել եւ ան սիրով ընդունեց։ Ան շատ խանդավառուեցաւ երբ սորվեցաւ, որ մեռելները գիտակից չեն,– կարծես թէ խորունկ քունի մէջ են,– եւ թէ Աստուածաշունչը կը խոստանայ, որ ապագային յարութիւն պիտի առնեն (Ժող. 9։5, 10. Գործք 24։15)։ Ի վերջոյ, ան երկար տարիներէ ի վեր զինք մտահոգող հարցումներուն պատասխանները գտաւ։ Էռնեսթ շատ խանդավառ էր իր սորված ճշմարտութիւններուն նկատմամբ։ Իր կինը՝ Ռոզ՝ սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ Էռնեսթին պէս սիրեց ի՛նչ որ կը սորվէր։ 1978–ին, անոնք մկրտուեցան։ Անոնք իրենց սորված արժէքաւոր ճշմարտութիւններուն մասին խօսեցան ընտանիքի անդամներու, բարեկամներու եւ ուրիշներու։ Ասոր արդիւնքը եղաւ որ Էռնեսթը եւ Ռոզը օգնեցին աւելի քան 70 անհատներու, որ Եհովան ճանչնան եւ մկրտուին։

7. Երբ ճշմարտութիւնը սիրենք, ի՞նչ կ’ընենք (Ղուկաս 6։45)։

7 Յստակ է, որ երբ ճշմարտութիւնը սիրենք, չենք կրնար լուռ մնալ (կարդա՛ Ղուկաս 6։45)։ Կը զգանք ճիշդ ինչպէս որ Յիսուսին աշակերտները զգացին։ Անոնք ըսին. «Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ» (Գործք 4։20)։ Մենք ճշմարտութիւնը այնքա՛ն կը սիրենք, որ կ’ուզենք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց պատմել անոր մասին։

ԿԸ ՔԱՐՈԶԵՆՔ՝ ՔԱՆԻ ՈՐ ՄԱՐԴԻԿԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ

8. Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ, որ բարի լուրը հասցնենք ուրիշներուն (տե՛ս «Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ» տուփը) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

8 Մենք մարդիկը կը սիրենք՝ Եհովային եւ իր Որդիին պէս (Առ. 8։31. Յովհ. 3։16)։ Անոնց հետ կը զգանք, քանի որ անոնք ո՛չ Աստուած ունին, ո՛չ ալ‵ յոյս (Եփ. 2։12)։ Անոնք իրենց խնդիրներուն պատճառով թերեւս զգան, որ խորունկ փոսի մը մէջ են։ Բայց մենք ունինք այն պարանը, որ կրնայ զիրենք ատկէ դուրս հանել, ան ալ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրն է։ Իրենց հանդէպ մեր սէրն ու գուրգուրանքը մեզ կը մղեն, որ ամէն ջանք ընենք բարի լուրը իրենց հասցնելու։ Այդ թանկագին լուրը կրնայ իրենց յոյս տալ եւ օգնել որ նոյնիսկ հիմա ուրախ ըլլան։ Ասկէ զատ, ատիկա կրնայ իրենց առջեւ առիթ բանալ, որ վայելեն «ճշմարիտ» կեանքը, այսինքն՝ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքը (Ա. Տիմ. 6։19, ստորանիշ)։

Քոյր մը թերթիկ մը գործածելով վկայութիւն կու տայ կնոջ մը սրճարանին մէջ։

Մարդոց հանդէպ մեր սէրն ու գուրգուրանքը մեզ կը մղեն, որ ամէն ջանք թափենք բարի լուրը իրենց հասցնելու (տե՛ս պարբերութիւն 8)


Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ

Այս նոր գրքոյկը կը խօսի 12 յատկութիւններու մասին, որոնք պէտք է ունենանք, որպէսզի սէր ցոյց տանք ծառայութեան մէջ եւ երբ մարդիկը կ’աշակերտենք։ Գրքոյկին ամէն մէկ դասը, մեզի կ’օգնէ կեդրոնանալու ո՛չ թէ մեր խօսելիքին վրայ, հապա՝ ուրիշներուն մտահոգութիւններուն եւ հետաքրքրութիւններուն վրայ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Անոնց մտքին մէջ ի՞նչ կայ։ Անոնց պէտքերը ի՞նչ են’։ Ինչպէս որ գրքոյկին բացման խօսքերուն մէջ յիշուած է. «Քարոզելու որեւէ մեթոտէ աւելի. . . սէ՛րն է որ ձեզի պիտի օգնէ որ աշակերտէք»։

9. Մենք ապագային մասին ի՞նչ զգուշացում կու տանք, եւ ինչո՞ւ (Եզեկիէլ 33։7, 8)։

9 Քանի որ մարդիկը կը սիրենք, կը մղուինք զիրենք զգուշացնելու, թէ մօտ ատենէն այս չար աշխարհը վերջ պիտի գտնէ (կարդա՛ Եզեկիէլ 33։7, 8)։ Մենք բոլոր մարդոց հետ կը զգանք, մէջը ըլլալով՝ վկայ չեղող մեր ընտանիքի անդամները։ Անոնցմէ շատեր կեանքերնին կ’ապրին առանց գիտնալու, որ «այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ» (Մատ. 24։21)։ Մենք կ’ուզենք որ անոնք գիտնան, թէ դատաստանի այդ ժամանակին ընթացքին սուտ կրօնքը պիտի վերցուի եւ թէ այս ամբողջ չար աշխարհը Արմագեդոնին պիտի կործանի (Յայտ. 16։14, 16. 17։16, 17. 19։11, 19, 20)։ Կ’աղօթենք որ կարելի եղածին չափ շատեր այս զգուշացումին ականջ տան եւ սկսին մեզի հետ Եհովային ծառայել։ Բայց ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց, որոնք հիմա մեզի մտիկ չեն ըներ, մէջը ըլլալով՝ մեր սիրելի ընտանիքի անդամները։

10. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է, որ շարունակենք մարդիկը զգուշացնել։

10 Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ բացատրեցինք, թերեւս Եհովան ուզէ ազատել անոնք, որոնք սկսին իրեն հաւատալ, երբ տեսնեն Մեծ Բաբելոնին կործանումը։ Այդ պարագային, հիմա շատ աւելի կարեւոր է, որ շարունակենք մարդիկը զգուշացնել։ Նկատի առ այս կէտը. թերեւս այն ատեն անոնք յիշեն այն ի՛նչ որ հիմա մենք իրենց կ’ըսենք (համեմատէ՛ Եզեկիէլ 33:33)։ Այն ատեն, թերեւս անոնց միտքը գայ այն զգուշացումը որ մեզմէ լսեցին եւ մղուին մեզի հետ Եհովային ծառայելու, առաջ որ շատ ուշ ըլլայ։ Ոմանք, որոնք հիմա մեզի մտիկ չեն ըներ, թերեւս Մեծ Բաբելոնին ցնցիչ կործանումէն ետք սկսին Եհովային հաւատալ, ճիշդ ինչպէս որ Փիլիպպէի մէջ բանտապետը «մեծ շարժ մը» ըլլալէն ետք՝ սկսաւ Եհովային հաւատալ (Գործք 16։25-34)։

ԿԸ ՔԱՐՈԶԵՆՔ՝ ՔԱՆԻ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ԵՒ ԻՐ ԱՆՈՒՆԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ

11. Եհովային ինչպէ՞ս կու տանք փառք, պատիւ եւ զօրութիւն (Յայտնութիւն 4։10բ) (տե՛ս նաեւ նկարները)։

11 Ամէնէն կարեւոր պատճառը, թէ ինչո՛ւ բարի լուրը կը քարոզենք այն է, որ կը սիրենք Եհովա Աստուած եւ իր սուրբ անունը։ Մեզի համար մեր ծառայութիւնը կերպ մըն է, որ մեր սիրելի Աստուածը փառաբանենք (կարդա՛ Յայտնութիւն 4։10բ)։ Մենք մեր ամբողջ սրտով կը համաձայնինք, որ Եհովա Աստուած արժանի է փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու իր հաւատարիմ ծառաներէն։ Մենք իրեն փառք ու պատիւ կու տանք, երբ ուրիշներուն կ’ըսենք որ ‘ամէն բան ինք ստեղծեց’ եւ թէ մենք մեր կեանքը իրեն կը պարտինք։ Իսկ իրեն զօրութիւն կու տանք, այսինքն՝ մեր զօրութիւնը, երբ մեր ժամանակը, ուժը եւ ունեցած բաները կը գործածենք կարելի եղածին չափ շատ ծառայութեան մասնակցելով՝ մեր պարագաներուն ներած չափով (Մատ. 6։33. Ղուկ. 13։24. Կող. 3։23)։ Մէկ խօսքով, մենք կը սիրենք խօսիլ մեր Աստուծոյն մասին, քանի որ զինք կը սիրենք։ Ասկէ զատ, մենք կը մղուինք ուրիշներուն պատմելու իր անուան մասին եւ թէ անիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Ինչո՞ւ։

Բարի լուրը տարբեր կերպերով կրնանք տալ ուրիշներուն. 1. Ափրիկէի մէջ, զոյգ մը կը քարոզէ կնոջ մը ու անոր զաւակներուն։ 2. Քոյր մը կը քարոզէ կնոջ մը մինչ պասին կը սպասէ։ 3. Եղբայր մը ծովեզերքը իր քովը նստող մարդու մը կը քարոզէ իր արձակուրդին ժամանակ։

Մենք Եհովային մեր զօրութիւնը կու տանք, երբ մեր ժամանակը, ուժը եւ ունեցած բաները կը գործածենք, կարելի եղածին չափ շատ ծառայութեան մասնակցելով՝ մեր պարագաներուն ներած չափով (տե՛ս պարբերութիւն 11)


12. Մեր ծառայութեան մէջ ինչպէ՞ս կը սրբացնենք Եհովային անունը։

12 Եհովային հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ, որ իր անունը սրբացնենք (Մատ. 6։9)։ Սատանան իր սուտերով Եհովային անուան վրայ նախատինք բերած է եւ մենք կ’ուզենք իր անունը այդ նախատինքէն մաքրելու մէջ մեր բաժինը բերել (Ծն. 3։1-5. Յոբ 2։4. Յովհ. 8։44)։ Երբ կը քարոզենք, խոր փափաք ունինք բոլոր մեզի մտիկ ընողներուն ըսելու, թէ Եհովան ո՛վ է եւ ինչպիսի՛ անձնաւորութիւն ունի։ Կ’ուզենք որ բոլորը գիտնան, թէ իր ամենակարեւոր յատկութիւնը՝ սէրն է, թէ ինք արդարութեամբ կ’իշխէ եւ թէ իր Թագաւորութիւնը շուտով վերջ պիտի դնէ ամէն տեսակ չարչարանքի, եւ ուրախութիւն ու խաղաղութիւն պիտի բերէ մարդոց (Սաղ. 37։10, 11, 29. Ա. Յովհ. 4։8)։ Եհովային մասին այս բոլոր բաները մարդոց պատմելով, իր անունը սրբացուցած կ’ըլլանք։ Ասկէ զատ, կ’ուրախանանք գիտնալով, որ մեր անուանը համաձայն կ’ապրինք։ Ինչպէ՞ս։

13. Ինչո՞ւ հպարտ ենք որ Եհովայի վկաներ կը կոչուինք (Եսայի 43։10-12)։

13 Եհովան մեզ ընտրած է որ իր ‘վկաները’ ըլլանք (կարդա՛ Եսայի 43։10-12)։ Տարիներ առաջ, Կառավարիչ մարմինը նամակի մը մէջ ըսաւ. «Եհովայի Վկայ կոչուիլը մեծագոյն պատիւն է, որ կրնանք վայելել»c։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Նկատի առ այս օրինակը։ Եթէ պէտք ունենայիր, որ մէկը դատարանին մէջ քեզի համար վկայէ, պիտի ընտրէիր մէկը, որ լաւ կը ճանչնաս ու կը վստահիս, եւ որ ճանչցուած է որ ճշմարտութիւնը կը խօսի։ Գալով մեզի, Եհովան մեզ որպէս իր Վկաները ընտրելով ցոյց կու տայ, որ մեզ լաւ կը ճանչնայ եւ մեզի կը վստահի, որ ուրիշներուն պատմենք թէ ինք միակ ճշմարիտ Աստուածն է։ Մեզի համար մեծ պատիւ է իր Վկաները ըլլալ եւ մենք ամէն առիթ կ’օգտագործենք, որ իր անունը ճանչցնենք եւ իր մասին ըսուած բոլոր սուտերը մէջտեղ հանենք։ Այդպէս ընելով, ապրած կ’ըլլանք մեր անունին համաձայն, որ է՝ Եհովայի վկաներ (Սաղ. 83։18. Հռով. 10։13-15)։

ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՔԱՐՈԶԵԼ ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ՎԵՐՋԸ ԳԱՅ

14. Մօտ ապագային ի՞նչ հետաքրքրական բաներ պիտի պատահին։

14 Մօտ ապագային շատ հետաքրքրական բաներ պիտի պատահին։ Եհովային օրհնութեամբ, մենք կը յուսանք որ մեծ նեղութիւնը սկսելէն առաջ տակաւին շատեր ճշմարտութիւնը ընդունին։ Ասկէ զատ, շատ ուրախ ենք որ կարելիութիւնը կայ, որ նոյնիսկ մարդկային պատմութեան ամէնէն դժուար ժամանակին՝ մեծ նեղութեան ընթացքին՝ տակաւին տեսնենք մարդիկ, որոնք Սատանային աշխարհէն դուրս կու գան եւ մեզի հետ Եհովան կը փառաբանեն (Գործք 13։48)։

15-16. Ի՞նչ պիտի շարունակենք ընել, եւ մինչեւ ե՞րբ։

15 Մինչ այդ, մենք կարեւոր գործ մը ունինք ընելիք. գործ մը՝ որ անգամ մը եւս պիտի չկրկնուի։ Մենք պատիւը ունինք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու աշխարհին չորս կողմը։ Միեւնոյն ատեն, պէտք է շարունակենք մարդոց զգուշացում տալ այն բաներուն մասին, որոնք մօտ ատենէն պիտի պատահին։ Մարդիկ պէտք ունին գիտնալու, որ շատ մօտ ատենէն այս չար աշխարհը վերջ պիտի գտնէ, եւ երբ դատաստանի ժամանակը հասնի՝ անոնք պիտի գիտնան, թէ ի՛նչ որ կը քարոզէինք՝ Եհովա Աստուծոյ կողմէն էր (Եզեկ. 38։23)։

16 Լաւ, ի՞նչ վճռած ենք ընել։ Բարի լուրին հանդէպ մեր սէրը, մարդոց հանդէպ մեր սէրը եւ ամէնէն կարեւորը՝ Եհովա Աստուծոյ եւ իր անուան հանդէպ մեր սէրը, մեզ կը մղեն որ շարունակենք սրտանց եւ նախանձախնդրութեամբ քարոզել, մինչեւ որ Եհովան ըսէ. «Բաւարար է»։

ԱՅՍ ԲԱՆԵՐԸ ՄԵԶ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՄՂԵՆ ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ

  • Բարի լուրին հանդէպ մեր սէրը

  • Մարդոց հանդէպ մեր սէրը

  • Եհովային եւ իր անունին հանդէպ մեր սէրը

ԵՐԳ 65 «Ասիկա է ճամբան»

a Տարեկան ժողովը տեղի ունեցաւ 7 հոկտեմբեր 2023–ին, Եհովայի վկաներու Նիւպըրկի համաժողովի սրահին մէջ, Նիւ Եորք (ԱՄՆ)։ Ետքը, ամբողջ յայտագիրը ներկայացուեցաւ՝ JW Հեռատեսիլի կայանին մէջ. առաջին մասը՝ նոյեմբեր 2023–ին, եւ երկրորդ մասը՝ յունուար 2024–ին։

b Տե՛ս «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ. Աստուածաշունչի յստակ ու տրամաբանական պատասխաններով տպաւորուեցայ» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 փետրուար 2015 թիւին մէջ։

c Տե՛ս Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մարտ 2007 թիւը, էջ 3։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել