Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ24 Սեպտեմբեր էջ 8-13
  • Նամակ մը՝ որ կրնայ մեզի օգնել հաւատարմօրէն տոկալու մինչեւ վերջ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նամակ մը՝ որ կրնայ մեզի օգնել հաւատարմօրէն տոկալու մինչեւ վերջ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՀԱՍՈՒՆՆԱՆՔ
  • «ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆՔ ԹԷ ՄԵՐ ՀՈԳԻՆ ՊԻՏԻ ՓՐԿՈՒԻ»
  • «ՊԷՏՔ Է ՁԵԶԻ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ»
  • Սպասէ մնայուն քաղաքին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Որոշումներ՝ որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովային կը վստահինք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Յիշէ որ Եհովան «ապրող Աստուածն է»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Խոնարհաբար ընդունէ բաներ որ չես գիտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
դ24 Սեպտեմբեր էջ 8-13

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 37

ԵՐԳ 81 «Մեր հաւատքը աւելցուր»

Նամակ մը՝ որ կրնայ մեզի օգնել հաւատարմօրէն տոկալու մինչեւ վերջ

«Մինչեւ վախճանը հաստատ բռնենք մեր սկիզբի վստահութիւնը» (ԵԲ. 3։14, ԱԾ)։

ՆԻՒԹ

Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակէն պիտի սորվինք գործնական դասեր, որոնք մեզի պիտի օգնեն որ հաւատարմօրէն տոկանք մինչեւ աշխարհին վերջը։

1-2. ա) Հրէաստանին մէջ վիճակը ինչպէ՞ս էր, երբ Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն նամակ գրեց։ բ) Այս նամակը ինչո՞ւ ատենին եկաւ։

ՅԻՍՈՒՍԻ մահուան յաջորդող տարիներուն, Երուսաղէմի եւ Հրէաստանի մէջ ապրող եբրայեցի քրիստոնեաները շատ մը դժուարութիւններէ անցան։ Քրիստոնէական ժողովքը հաստատուելէն ետք, ծանր հալածանք սկսաւ քրիստոնեաներուն դէմ (Գործք 8։1)։ Ետքը, շուրջ 20 տարի ետք, անոնք սովէ եւ աղքատութենէ տառապեցան (Գործք 11։27-30)։ Բայց շուրջ Ք.Ե. 61–ին, անոնք որոշ չափով խաղաղ ժամանակներ ունեցան՝ բաղդատմամբ գալիք օրերուն։ Եհովան Պօղոս առաքեալը մղեց, որ նամակ մը ղրկէ իրենց։ Ատոր մէջի խրատները ատենին եկան, քանի որ զանոնք պիտի պատրաստէին գալիք դժուար օրերուն համար։

2 Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակը ճիշդ ատենին եկաւ, քանի որ քրիստոնեաներուն վայելած խաղաղութիւնը երկար պիտի չտեւէր։ Պօղոս գործնական խրատներ տուաւ, որոնք այդ եբրայեցի քրիստոնեաներուն պիտի օգնէին, որ շուտով գալիք նեղութեան տոկային։ Երուսաղէմին եւ իր տաճարին կործանումին նկատմամբ Յիսուսի մարգարէացած բաները կը մօտենային (Ղուկ. 21։20)։ Անշուշտ, ո՛չ Պօղոս, ո՛չ ալ Հրէաստանի մէջ ապրող քրիստոնեաները գիտէին, թէ այդ կործանումը ճի՛շդ երբ պիտի գար։ Բայց եւ այնպէս, անոնք մնացեալ ժամանակը կրնային գործածել իրենց հաւատքը եւ համբերութիւնը աւելցնելու համար (Եբ. 10։25. 12։1, 2)։

3. Եբրայեցիս գիրքը ինչո՞ւ ներկայիս շատ կարեւոր է քրիստոնեաներուն համար։

3 Մօտ ատենէն եբրայեցի քրիստոնեաներուն ունեցած նեղութենէն աւելի մեծ նեղութենէ մը պիտի անցնինք (Մատ. 24։21. Յայտ. 16։14, 16)։ Ուրեմն, հիմա նկատի պիտի առնենք կարգ մը գործնական խրատներ, որոնք Եհովան անոնց տուաւ եւ պիտի տեսնենք, որ ատոնք ինչպէ՛ս կրնան մեզի ալ օգտակար ըլլալ։

ՀԱՍՈՒՆՆԱՆՔ

4. Եբրայեցի քրիստոնեաները ի՞նչ մեծ փոփոխութիւններ պէտք էր ընէին (տե՛ս նաեւ նկարը)։

4 Եբրայեցի քրիստոնեաները մեծ փոփոխութիւններ պէտք էր ընէին, եւ ասիկա դիւրին չէր։ Տարիներով, Երուսաղէմը շատ կարեւոր տեղ մը գրաւած էր իրենց կեանքին մէջ։ Եհովան ներկայացնող թագաւորը հոնկէ կ’իշխէր։ Եւ Եհովան պաշտողները կը պաշտէին զինք Երուսաղէմի տաճարի՛ն մէջ։ Բոլոր հաւատարիմ հրեաները կը հետեւէին Մովսիսական օրէնքին եւ իրենց կրօնական առաջնորդներուն սորվեցուցած կանոններուն։ Այս կանոնները ուտելիքի, թլփատութեան եւ հեթանոսներուն հետ ինչպէս վարուելու մասին էին։ Բայց Յիսուսի մահէն ետք, Եհովան տաճարին մէջ ներկայացուած զոհերը չընդունեց։ Ասոր համար, եբրայեցի քրիստոնեաներուն համար դիւրին չէր իրենց պաշտամունքի կերպը փոխել (Եբ. 10։1, 4, 10)։ Նոյնիսկ Պետրոսին նման հասուն քրիստոնեաներ, այս փոփոխութիւններէն ոմանք ընելը դժուար գտան (Գործք 10։9-14. Գաղ. 2։11-14)։ Եբրայեցի քրիստոնեաները իրենց նոր հաւատալիքներուն պատճառաւ հրեայ կրօնական առաջնորդներէն հալածուեցան։

Տաճարին մէջ, հրեայ կրօնական առաջնորդներ կը գանգատին իրենցմէ քիչ մը անդին քարոզող քրիստոնեաներուն մասին։

Քրիստոնեաները պէտք էր որ Եհովային հաւատարիմ մնային եւ հրեայ կրօնական առաջնորդներուն սուտ ուսուցումները մերժէին (տե՛ս պարբերութիւններ 4-5)


5. Քրիստոնեաները ի՞նչ բանէ պէտք էր զգոյշ ըլլային։

5 Եբրայեցի քրիստոնեաները երկու քարի միջեւ մնացած էին։ Մէկ կողմէ, հրեայ կրօնական առաջնորդները զանոնք հաւատուրաց կը սեպէին։ Միւս կողմէ, ժողովքին մէջ ոմանք կ’ըսէին որ քրիստոնեաները պէտք է շարունակեն հետեւիլ Մովսիսական օրէնքին։ Թերեւս ատոնք ասիկա կ’ըսէին որպէսզի չհալածուին (Գաղ. 6։12)։ Լաւ, ի՞նչը քրիստոնեաներուն պիտի օգնէր որ հաւատարիմ մնային Եհովային։

6. Պօղոս քրիստոնեաները քաջալերեց որ ի՞նչ ընեն (Եբրայեցիս 5։14–6։1)։

6 Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս քրիստոնեաները քաջալերեց, որ Աստուծոյ Խօսքը սերտեն եւ անոր վրայ խոկան (կարդա՛ Եբրայեցիս 5։14–6։1)։ Պօղոս Եբրայերէն Գրութիւններէն մէջբերեց եւ բացատրեց թէ Եհովան պաշտելու քրիստոնեաներուն կերպը, հրեաներուն պաշտած կերպէն շա՜տ աւելի լաւ էa։ Պօղոս քրիստոնեաները քաջալերեց, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը աւելի լաւ գիտնան եւ հասկնան, որպէսզի կարենան սուտ ուսուցումները զանազանել ճշմարիտ ուսուցումներէն եւ ետքը զանոնք մերժեն։

7. Այսօր ի՞նչ դժուարութիւններ ունինք։

7 Ինչպէս որ եղաւ եբրայեցի քրիստոնեաներուն ատեն, մեր շուրջն ալ կան մարդիկ, որոնք Եհովային սկզբունքներուն հակառակ տեղեկութիւններ ու գաղափարներ կը տարածեն։ Ոմանք կ’ըսեն որ մենք սխալ ենք, քանի որ կը հետեւինք սեռային յարաբերութեան նկատմամբ Սուրբ Գիրքին ըսածներուն։ Մարդոց մտածելակերպը երթալէն աւելի կը հեռանայ Եհովային մտածելակերպէն (Առ. 17։15)։ Անոր համար, մենք պէտք է զօրացնենք մեր կարողութիւնը, որ զանազանենք ու մերժենք այն գաղափարները, որոնք հակառակորդները կը գործածեն, մեզ յուսահատեցնելու եւ ճշմարտութենէն հեռացնելու համար (Եբ. 13։9)։

8. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ հասուննանք։

8 Պօղոս եբրայեցի քրիստոնեաներուն ըսաւ, որ շարունակեն հոգեւորապէս հասուննալ։ Մենք ալ պէտք է նոյնը ընենք։ Ասիկա կը նշանակէ որ պէտք է Աստուածաշունչը խոր կերպով սերտենք, որպէսզի Եհովան աւելի լաւ ճանչնանք եւ իր մտածելակերպը աւելի լաւ հասկնանք։ Պէտք է շարունակենք ասիկա ընել նոյնիսկ մեր մկրտուելէն ետք։ Որքան ատենէ ի վեր ալ ճշմարտութեան մէջ ըլլանք, բոլորս պէտք է Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդանք եւ սերտենք (Սաղ. 1։2)։ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար սերտելը պիտի զօրացնէ մեր հաւատքը, որ կարեւոր յատկութիւն մը է եւ որուն մասին Պօղոս խօսեցաւ եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ (Եբ. 11։1, 6)։

«ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆՔ ԹԷ ՄԵՐ ՀՈԳԻՆ ՊԻՏԻ ՓՐԿՈՒԻ»

9. Եբրայեցի քրիստոնեաները ինչո՞ւ զօրաւոր հաւատքի պէտք ունէին։

9 Եբրայեցի քրիստոնեաները զօրաւոր հաւատքի պէտք ունէին, որպէսզի Հրէաստանին վրայ գալիք նեղութենէն ազատէին (Եբ. 10։37-39)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսած էր որ պէտք է լեռները փախչին, երբ Երուսաղէմը պաշարուած տեսնեն։ Բոլո՛ր քրիստոնեաները ասիկա պէտք էր ընէին, ըլլայի՛ն անոնք Երուսաղէմ քաղաքին մէջ կամ ատոր շրջակայքը (Ղուկ. 21։20-24)։ Այդ ժամանակ, երբ թշնամիներ յարձակէին՝ մարդիկ ընդհանրապէս պարիսպներով պաշտպանուած քաղաք մը կը փախչէին։ Տրամաբանական չէր որ մարդիկ լեռները փախչէին։ Ուրեմն, քրիստոնեաները զօրաւոր հաւատքի պէտք ունէին, որպէսզի Յիսուսին հնազանդէին։

10. Զօրաւոր հաւատքը ի՞նչ բանի մէջ պիտի օգնէր քրիստոնեաներուն (Եբրայեցիս 13։17)։

10 Եբրայեցի քրիստոնեաները պէտք էր նաեւ վստահէին անոնց, որոնք Յիսուսի կողմէ կը գործածէին ժողովքը առաջնորդելու համար։ Այդ ատեն, առաջնորդութիւնը առնողները հաւանաբար մասնայատուկ ուղղութիւններ տուին ժողովքի անդամներուն, անոնց օգնելու համար որ գիտնան թէ ե՛րբ փախչին եւ ինչպէ՛ս փախչին (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։17)։ Այս համարին մէջ, «հնազանդիլ» թարգմանուած յունարէն բառը կու տայ այն իմաստը, թէ մէկը երէցներուն կը հնազանդի, քանի որ անոնց կը վստահի, եւ ո՛չ թէ՝ քանի որ ստիպուած է։ Ուրեմն, եբրայեցի քրիստոնեաները պէտք էր նեղութիւնը գալէն առաջ երէցներուն հանդէպ վստահութիւն զարգացնէին։ Եթէ քրիստոնեաները խաղաղ ժամանակներուն երէցներուն հնազանդէին, իրենց համար ասիկա ընելը աւելի դիւրին պիտի ըլլար՝ դժուար ժամանակներուն։

11. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ այսօր քրիստոնեաները զօրաւոր հաւատք ունենան։

11 Մենք եբրայեցի քրիստոնեաներուն պէս հաւատքի պէտք ունինք։ Մենք կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ մարդիկ չեն ընդունիր որ այս աշխարհին վերջը մօտ է, եւ նոյնիսկ մեզ ծաղր կ’ընեն, քանի որ ասոր կը հաւատանք (Բ. Պետ. 3։3, 4)։ Ասկէ զատ, ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ մեծ նեղութեան ի՛նչ կարգ մը բաներ պիտի պատահին, բայց կան բաներ որոնք չենք գիտեր։ Մենք պէտք է զօրաւոր հաւատք ունենանք, թէ այս աշխարհին վերջը ճիշդ ժամանակին պիտի գայ եւ թէ Եհովան մեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ (Ամբ. 2։3)։

12. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ մեծ նեղութենէն ազատինք։

12 Նաեւ պէտք է մեր հաւատքը զօրացնենք, թէ Եհովան ներկայիս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը գործածէ մեզ առաջնորդելու համար (Մատ. 24։45)։ Երբ մեծ նեղութիւնը սկսի, հաւանաբար մասնայատուկ եւ կարեւոր ուղղութիւններ ստանանք, ճիշդ ինչպէս որ եբրայեցի քրիստոնեաները թերեւս ստացան, երբ հռոմայեցիները Երուսաղէմը պաշարեցին։ Հիմա՛ է ժամանակը, որ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ առաջնորդութիւնը առնողներէն եկած ուղղութիւններուն հանդէպ մեր վստահութիւնը աւելցնենք։ Եթէ հիմա՛ դժուարութիւն կ’ունենանք վստահութեամբ հնազանդելու իրենցմէ եկած ուղղութիւններուն, ո՞ւր մնաց մեծ նեղութեան ընթացքին, երբ աւելի դժուար ժամանակներ պիտի գան։

13. Եբրայեցիս 13։5–ին խրատը ինչո՞ւ տեղին էր։

13 Մինչ եբրայեցի քրիստոնեաները կը սպասէին փախչելու նշանին, անոնք պէտք էր որ «արծաթասէր» չըլլային եւ պարզ կեանք մը ապրէին (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5)։ Անոնցմէ ոմանք աղքատութիւն քաշած էին եւ սով տեսած էին (Եբ. 10։32-34)։ Թէեւ ատեն մը պատրաստ էին դժուարութիւններու տոկալու բարի լուրին համար, բայց անոնցմէ ոմանք սկսած էին մտածել որ դրամ դիզելը կարեւոր է, որպէսզի ապահով ըլլան եւ չաղքատանան։ Բայց դրամը չէր կրնար զանոնք պաշտպանել Երուսաղէմին վրայ գալիք կործանումէն (Յակ. 5։3)։ Ընդհակառակը, թերեւս նիւթական բաները սիրողներուն համար աւելի դժուար պիտի ըլլար իրենց ունեցածը–չունեցածը ձգել եւ փախչիլ։

14. Զօրաւոր հաւատքը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել նիւթական բաներուն նկատմամբ մեր առած որոշումներուն։

14 Եթէ զօրաւոր հաւատք ունինք թէ Եհովան մօտ ատենէն այս չար աշխարհը պիտի կործանէ, պիտի չմտածենք որ աւելի նիւթական բաներ ունենալը կամ դրամ դիզելը ամենակարեւոր բաներն են։ Մեծ նեղութեան ընթացքին, դրամը արժէք պիտի չունենայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ մարդիկ «իրենց արծաթը փողոցներուն մէջ պիտի նետեն», քանի որ պիտի անդրադառնան, թէ իրենց «արծաթն ու ոսկին Տէրոջը բարկութեան օրը կարող պիտի չըլլան զիրենք ազատել» (Եզեկ. 7։19)։ Փոխանակ կարելի եղածին չափ շատ դրամ դիզելու վրայ կեդրոնանալու, պէտք է այնպիսի որոշումներ առնենք, որոնք կ’օգնեն որ թէ՛ պարզ եւ թէ հաւասարակշռուած կեանք մը վարենք։ Անմտութիւն պիտի ըլլայ անտեղի պարտքեր ընել, կամ այնքա՛ն շատ նիւթական բաներ շատցնել, որոնց հոգ տանելու համար պիտի ստիպուինք շատ ժամանակ տրամադրել։ Նաեւ պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ մեր ունեցած նիւթական բաներուն շատ չկապուինք (Մատ. 6։19, 24)։ Մինչ այս աշխարհին վերջը կը մօտենայ, մեր հաւատքը կրնայ փորձուիլ, թէ արդեօք մենք Եհովայի՞ն կը վստահինք, թէ ոչ՝ մեր նիւթական բաներուն։

«ՊԷՏՔ Է ՁԵԶԻ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ»

15. Եբրայեցի քրիստոնեաները ինչո՞ւ յատկապէս տոկալու պէտք ունէին։

15 Եբրայեցի քրիստոնեաները պէտք էր որ հաւատքի փորձերու տոկային, քանի որ մօտ ատենէն Հրէաստանի մէջ վիճակները պիտի փոխուէին (Եբ. 10։36)։ Թէեւ անոնցմէ ոմանք անցեալին խիստ հալածանք կրած էին, բայց ուրիշներ բնա՛ւ հալածանք չէին համտեսած։ Պօղոս ըսաւ որ թէեւ անոնք անցեալին հաւատքի փորձերու տոկացած էին, բայց տակաւին Յիսուսին չափ չէին չարչարուած։ Անոնք ‘իրենց արիւնը թափելու չափ’, այսինքն՝ մեռնելու չափ՝ չէին հալածուած (Եբ. 12։4, ՆԹ)։ Եւ քանի որ քրիստոնէութիւնը կը տարածուէր, հրեայ հակառակորդները երթալէն աւելի մոլեռանդ եւ վայրագ կը դառնային։ Քանի մը տարի առաջ, խումբ մը մարդիկ յարձակած էին Պօղոսին վրայ, երբ ան Երուսաղէմի մէջ կը քարոզէր։ Աւելի քան 40 հրեաներ «ինքզինքնին անէծքի տակ դրին՝ ըսելով որ [պիտի] չուտեն ու չխմեն մինչեւ որ Պօղոսը սպաննեն» (Գործք 22։22. 23։12-14)։ Ուրեմն, թէեւ այդ քրիստոնեաները պիտի ատուէին եւ հալածուէին, բայց անոնք տակաւին Եհովան պաշտելու համար պէտք էր մէկտեղ հաւաքուէին, բարի լուրը քարոզէին եւ իրենց հաւատքը զօրաւոր պահէին։

16. Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ հալածանքի նկատմամբ ճիշդ տեսակէտը ունենանք (Եբրայեցիս 12։7)։

16 Ի՞նչ բան եբրայեցի քրիստոնեաներուն պիտի օգնէր որ հալածանքի տոկային։ Պօղոս գիտէր որ անոնք պէտք ունէին հալածանքի նկատմամբ ճիշդ տեսակէտը ունենալու։ Ասոր համար, անոնց բացատրեց թէ երբ քրիստոնեաները հալածուին, Աստուած ասիկա կրնայ գործածել զիրենք մարզելու համար (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։7)։ Այս մարզումը կրնար իրենց օգնել, որ քրիստոնէական կարեւոր յատկութիւններ մշակեն։ Եւ եթէ այս հալածանքին լաւ արդիւնքներուն վրայ կեդրոնանային, տոկալը աւելի դիւրին պիտի ըլլար (Եբ. 12։11)։

17. Պօղոս ի՞նչ սորված էր հալածանքի տոկալուն մասին։

17 Պօղոս եբրայեցի քրիստոնեաներուն ըսաւ որ քաջ ըլլան եւ չյանձնուին, երբ նեղութիւններէ անցնին։ Ան այս նիւթին մասին կրնար խրատ տալ, քանի որ ասոր մէջէն անցած էր։ Քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ, ան քրիստոնեաները կը հալածէր եւ գիտէր, թէ մարդիկ որքա՜ն գէշ կերպով կը վարուին անոնց հետ։ Ան նաեւ գիտէր որ մէկը ինչպէ՛ս կարող է տոկալ, քանի որ ինքն ալ տարբեր–տարբեր հալածանքներէ անցած էր քրիստոնեայ ըլլալէ ետք (Բ. Կոր. 11։23-25)։ Ասոր համար, Պօղոս կրնար համարձակութեամբ խօսիլ ասոր մասին։ Ան այդ քրիստոնեաներուն յիշեցուց, որ երբ նեղութիւններէ կ’անցնին, պէտք չէ իրենք իրենց վստահին, հապա՝ Եհովային։ Պօղոս կրցաւ քաջութեամբ ըսել. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ» (Եբ. 13։6)։

18. Ապագային մասին ի՞նչ բաներ գիտնալը մեզի կ’օգնէ որ տոկանք։

18 Մեր եղբայրներէն ոմանք հիմա՛ իսկ կը հալածուին։ Կրնանք հաւատարմօրէն անոնց ‘կողքին կենալ’, անոնց համար աղօթելով եւ երբեմն ալ գործնական օգնութիւն տալով (Եբ. 10։33, ՆԹ)։ Բայց Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ, որ «ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն» (Բ. Տիմ. 3։12)։ Այս պատճառաւ, բոլորս ալ պէտք է պատրաստուինք գալիք դժուար օրերուն համար։ Ուրեմն, շարունակենք լման կերպով Եհովային ապաւինիլ, վստահ ըլլալով թէ ան մեզի պիտի օգնէ որ տոկանք գալիք որեւէ նեղութեան։ Եւ յարմար ժամանակին, Եհովան իր բոլոր հաւատարիմ ծառաները պիտի հանգստացնէ (Բ. Թես. 1։7, 8)։

19. Ո՞ր գործնական քայլերը առնելը կրնայ մեզի օգնել, որ մեծ նեղութեան պատրաստուինք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

19 Առաջին դարու եբրայեցի քրիստոնեաներուն գրած Պօղոսին նամակը անկասկած իրենց օգնեց, որ գալիք նեղութեան պատրաստուին։ Պօղոս իր եղբայրները քաջալերեց որ Աստուծոյ Խօսքը աւելի լաւ գիտնան եւ հասկնան, քանի որ ասիկա իրենց պիտի օգնէր, որ զանազանեն եւ մերժեն այն ուսուցումները, որոնք թերեւս իրենց հաւատքը տկարացնէին։ Պօղոս նաեւ զանոնք քաջալերեց, որ իրենց հաւատքը զօրացնեն, որպէսզի կարենան շուտով հետեւիլ՝ Յիսուսին եւ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրներուն տուած ուղղութիւններուն։ Ասկէ զատ, Պօղոս քրիստոնեաներուն օգնեց, որ տոկան եւ սեպեն որ նեղութիւնները միջոց մըն են, որոնց միջոցաւ իրենց սիրալիր Հայրը կրնայ մարզել զիրենք։ Մենք ալ պէտք է այս խրատները գործադրենք, որպէսզի կարենանք հաւատարմօրէն տոկալ մինչեւ վերջ (Եբ. 3։14, ԱԾ)։

Առաջին դարու քրիստոնեաներ բացօթեայ տեղ մը կը հաւաքուին։

Քանի որ հաւատարիմ քրիստոնեաները տոկացին, անոնք օրհնութիւններ վայելեցին։ Երբ Հրէաստանէն փախան, անոնք շարունակեցին միասին հաւաքուիլ։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք (տե՛ս պարբերութիւն 19)

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ հոգեւորապէս հասուննանք։

  • Ինչո՞ւ պէտք է մեր հաւատքը զօրացնենք։

  • Ինչո՞ւ պէտք է համբերութեամբ տոկանք։

ԵՐԳ 43 Արթո՛ւն մնացէք, հաստա՛տ կեցէք, զօրացէ՛ք

a Միայն առաջին գլուխին մէջ, Պօղոս առնուազն եօթը անգամ մէջբերեց Եբրայերէն Գրութիւններէն, փաստելու համար թէ Եհովան պաշտելու քրիստոնեաներուն կերպը, հրեաներուն պաշտած կերպէն շա՜տ աւելի լաւ էր (Եբ. 1։5-13)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել