ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 13
ԵՐԳ 22 ‘Եհովան իմ Հովիւս է’
Եհովային ձեռքը բնա՛ւ կարճ չէ
«Միթէ տկա՞ր [«կա՞րճ», ՆԱ] է Տէրոջը ձեռքը» (ԹՒ. 11։23, ՆԱ)։
ՆԻՒԹ
Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ աւելի վստահութիւն ունենալու, որ Եհովան մեր նիւթական պէտքերուն միշտ հոգ պիտի տանի։
1. Մովսէս ինչպէ՞ս ցուցուց որ Եհովային կը վստահէր, երբ իսրայէլացիները առաջնորդեց Եգիպտոսէն դուրս։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ գիրքը կը խօսի Եհովային հանդէպ հաւատք ունեցող շատերու մասին։ Մովսէս անոնցմէ մէկն էր եւ իր հաւատքը հիանալի էր (Եբ. 3։2-5. 11։23-25)։ Ան իսրայէլացիները հաւատքով Եգիպտոսէն հանեց եւ չվախցաւ փարաւոնէն ու անոր բանակէն։ Ան Եհովային վստահելով ժողովուրդը առաջնորդեց Կարմիր ծովուն մէջէն եւ ետքը՝ դէպի անապատը (Եբ. 11։27-29)։ Իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը սկսան կասկածիլ, որ Եհովան կրնայ իրենց հոգ տանիլ, բայց Մովսէս շարունակեց վստահիլ իր Աստուծոյն։ Մովսէս սեւերես չելաւ։ Աստուած հրաշքով ուտելիք եւ ջուր ապահովեց ժողովուրդին, որպէսզի կարենան ապրիլ չոր անապատին մէջ (Ել. 15։22-25. Սաղ. 78։23-25)a։
2. Աստուած ինչո՞ւ Մովսէսին հարցուց. «Միթէ Եհովային ձեռքը կա՞րճ է» (Թուոց 11։21-23)։
2 Հակառակ անոր որ Մովսէս զօրաւոր հաւատք ունէր, Եգիպտոսէն ազատագրուելէն գրեթէ մէկ տարի ետք՝ ան սկսաւ կասկածներ ունենալ թէ Եհովան իրապէս կարողութիւնը ունի՞ միս տալու իր ժողովուրդին։ Մովսէս չէր կրնար ըմբռնել, որ Եհովան ինչպէ՛ս բաւարար չափով միս պիտի ապահովէր, որպէսզի միլիոնաւոր իսրայէլացիները կշտացնէր։ Եհովան Մովսէսին այսպէս պատասխանեց. «Միթէ տկա՞ր [«կա՞րճ», ՆԱ] է Տէրոջը ձեռքը» (կարդա՛ Թուոց 11։21-23)։ Հոս, «Տէրոջը ձեռքը» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ Եհովային սուրբ հոգիին, այսինքն՝ այն ուժին, որ ինք կը գործածէ իր կամքը ընելու համար։ Այսինքն՝ Եհովան կարծես թէ Մովսէսին կը հարցնէր. ‘Իրապէս կասկա՞ծ ունիս, որ ես կրնամ խօսքիս տէրը ելլել’։
3. Ինչո՞ւ համար կարեւոր է որ Մովսէսին եւ իսրայէլացիներուն փորձառութեան մասին մտածենք։
3 Պատահա՞ծ է որ մտքէդ անցած է, թէ արդեօք Եհովան քու կամ ընտանիքիդ նիւթական պէտքերը պիտի ապահովէ կամ ոչ։ Տեսնենք Մովսէսին եւ իսրայէլացիներուն փորձառութիւնը, որոնք կասկածեցան որ Եհովան հոգ պիտի տանի իրենց։ Նաեւ նկատի առնենք Սուրբ Գիրքէն սկզբունքներ, որոնք մեր վստահութիւնը պիտի աւելցնեն, որ Եհովային ձեռքը բնա՛ւ կարճ չէ։
ՄՈՎՍԷՍԷՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԷՆ ԴԱՍ ԱՌ
4. Իսրայէլացիներէն շատեր ինչո՞ւ սկսան կասկածիլ, որ Եհովան իրենց նիւթական պէտքերը պիտի ապահովէ։
4 Իսրայէլացիները ինչո՞ւ սկսան կասկածներ ունենալ։ Իսրայէլացիներուն հետ «խառն բազմութիւն» մը ելած էր Եգիպտոսէն, որոնք իսրայէլացի չէին։ Եւ անոնք ժամանակ մը իսրայէլացիներուն հետ միասին անապատին մէջ քալեցին՝ դէպի Աւետեաց երկիր (Ել. 12։38. Բ. Օր. 8։15)։ Այդ խառն բազմութիւնը ձանձրացաւ մանանայ ուտելէն։ Իսրայէլացիներէն շատեր ալ ձանձրացան, եւ բոլորը միասին սկսան գանգատիլ Մովսէսին (Թւ. 11։4-6)։ Ժողովուրդը սկսաւ կարօտնալ այն ուտելիքները որ Եգիպտոսին մէջ կ’ուտէին։ Մովսէս զգաց որ ինք անձամբ պէտք է միս ապահովէ անոնց (Թւ. 11։13, 14)։
5-6. Խառն բազմութիւնը ինչպէ՞ս ազդեց շատ մը իսրայէլացիներու, եւ մենք ի՞նչ կը սորվինք ասկէ։
5 Ըստ երեւոյթին իսրայէլացիները ազդուեցան խառն բազմութենէն։ Մեզի հետ ալ կրնայ նոյնը պատահիլ։ Կրնանք մեր շուրջիններէն ազդուելով գոհ չըլլալ Եհովային տուածներով։ Ասիկա կրնայ պատահիլ, եթէ կարօտնանք եւ ուզենք ունենալ այն բաները որ նախապէս ունէինք, կամ երբ ուրիշներէն նախանձինք՝ քանի որ մեզմէ աւելի բաներ ունին։ Բայց եթէ գոհ ըլլանք մեր ունեցածներով, աւելի ուրախ պիտի ըլլանք։
6 Իսրայէլացիները պէտք էր յիշէին թէ Աստուած զիրենք վստահեցուցած էր, որ նիւթական շատ բաներ պիտի տար։ Բայց ասիկա Աւետեաց երկրին մէջ պիտի պատահէր, եւ ոչ թէ՝ անապատին։ Դասը ի՞նչ է։ Լաւ կ’ըլլայ որ չկեդրոնանանք այն բաներուն վրայ որ հիմա չունինք, հապա՝ մտածենք այն բաներուն մասին, որոնք Եհովան խոստացած է մեզի տալ նոր աշխարհին մէջ։ Նաեւ կրնանք խոկալ այն համարներուն վրայ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ Եհովային աւելի վստահինք։
7. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովային ձեռքը կարճ չէ։
7 Բայց թերեւս մտքէդ անցնի, որ Եհովան ինչո՛ւ Մովսէսին հարցուց. «Միթէ Եհովային ձեռքը կա՞րճ է»։ Թերեւս Եհովան Մովսէսին կ’օգնէր մտածելու երկու կէտերու մասին. 1) Թէ ինք անսահման զօրութիւն ունի եւ 2) Թէ իր զօրութիւնը կրնայ ամէն տեղ հասնիլ, նոյնիսկ հեռու տեղեր։ Ուրեմն, Եհովան կրնայ իսրայէլացիներուն շատ միս ապահովել, նոյնիսկ եթէ անոնք հեռու անապատին մէջ են։ Եհովան իր զօրութիւնը ցուցուց «հզօր ձեռքով ու տարածուած բազուկով» (Սաղ. 136։11, 12)։ Երբ նեղութիւն ունենանք, պէտք չէ կասկածինք որ Եհովային ձեռքը մեզի պիտի հասնի (Սաղ. 138։6, 7)։
8. Ինչպէ՞ս կրնանք չընել այն սխալը, որ շատեր անապատին մէջ ըրին (տե՛ս նաեւ նկարը)։
8 Շատ չանցած, Եհովան մեծ քանակով լորամարգիներ ղրկելով միս ապահովեց ժողովուրդին։ Բայց իսրայէլացիները փոխանակ այս հրաշքին համար շնորհակալ ըլլալու, անոնք աչքը ծակ եղան եւ մեծ թիւով լորամարգի հաւաքեցին՝ գիշեր–ցերեկ։ Եհովան բարկացաւ այդ անձնասէր իսրայէլացիներուն վրայ եւ զանոնք պատժեց (Թւ. 11։31-34)։ Ասկէ կը սորվինք, որ պէտք չէ աչքը ծակ ըլլանք։ Ըլլա՛նք հարուստ կամ աղքատ, մեզի համար ամէնէն կարեւոր բանը պէտք է ըլլայ ‘երկինքը գանձեր դիզել’, Եհովային եւ Յիսուսին ա՛լ աւելի մօտենալով (Մատ. 6։19, 20. Ղուկ. 16։9)։ Եթէ այսպէս ընենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի հոգ պիտի տանի։
Անապատին մէջ, շատեր ինչպէ՞ս վարուեցան եւ մենք ի՞նչ կը սորվինք ասկէ (տե՛ս պարբերութիւն 8)
9. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
9 Եհովան այսօր ալ իր ձեռքը կ’երկարէ մեզի օգնելու համար։ Բայց ասիկա ըսել չէ որ բնա՛ւ դրամի պէտք պիտի չունենանք կամ բնա՛ւ անօթի պիտի չմնանքb։ Հապա, ըսել է որ Եհովան բնա՛ւ մեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ։ Ան մեզի պիտի օգնէ ի՛նչ նեղութեան մէջ ալ ըլլանք։ Հիմա երկու պարագաներ նկատի պիտի առնենք, ուր կրնանք ցոյց տալ թէ մենք վստահ ենք որ Եհովան մեր նիւթական պէտքերուն հոգ պիտի տանի. 1) երբ դրամական նեղութիւններ կ’ունենանք եւ 2) երբ կը ծրագրենք որ մեր նիւթական պէտքերը ինչպէ՛ս պիտի ապահովենք երբ տարիքով մեծնանք։
ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
10. Թերեւս ի՞նչ դրամական նեղութիւններ ունենանք։
10 Մինչ այս աշխարհին վերջը կը մօտենայ, կ’ակնկալենք որ դրամական վիճակները աւելի գէշ ըլլան։ Քաղաքական իրարանցումները, պատերազմները, բնական աղէտները կամ նոր համաճարակները կրնան պատճառ դառնալ, որ աւելորդ ծախսեր ունենանք կամ կորսնցնենք մեր գործը, ունեցածները կամ տունը։ Թերեւս պէտք ունենանք նոր գործ մը փնտռելու կամ մեր ընտանիքին հետ ուրիշ շրջան մը փոխադրուելու, որպէսզի կարենանք անոնց հոգ տանիլ։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ առնենք որոշումներ, որոնք կը ցուցնեն թէ Եհովային կը վստահինք։
11. Ի՞նչը քեզի կ’օգնէ որ դրամական նեղութիւններու հետ գլուխ ելլես (Ղուկաս 12։29-31)։
11 Ամէնէն կարեւոր բանն է, որ Եհովային խօսիս մտահոգութիւններուդ մասին (Առ. 16։3)։ Իրմէ խնդրէ որ քեզի իմաստութիւն տայ լաւ որոշումներ առնելու եւ քեզի օգնէ որ հանդարտ մնաս եւ ‘չշփոթիս’ (կարդա՛ Ղուկաս 12։29-31)։ Իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ որ բաւարարուիս գլխաւոր պէտքերդ ապահովելով (Ա. Տիմ. 6։7, 8)։ Մեր հրատարակութիւններուն մէջ պրպտում ըրէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս դրամական նեղութիւններու հետ գլուխ ելլել։ Շատեր կ’ըսեն որ շատ օգտուած են jw.org կայքին վրայ գտնուող այն վիտէօներէն ու յօդուածներէն, որոնք դրամական նեղութիւններու մասին են։
12. Ո՞ր հարցումները կ’օգնեն մէկու մը, որ իր ընտանիքին նկատմամբ լաւագոյն որոշումը առնէ։
12 Ոմանք ընդունած են գործեր, որոնց պատճառաւ իրենց ընտանիքէն շատ հեռու տեղ մը փոխադրուած են աշխատելու համար, բայց շատեր ետքը անդրադարձած են որ ասիկա իմաստուն որոշում մը չէր։ Գործ մը ընդունելէ առաջ, միայն մի՛ մտածեր թէ որքա՛ն դրամ պիտի շահիս,այլ նաեւ՝ թէ այդ գործը ինչպէ՛ս պիտի ազդէ հոգեւոր կեանքիդ (Ղուկ. 14։28)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ամուսնութիւնս ինչպէ՞ս պիտի ազդուի, եթէ կողակիցէս հեռու ըլլամ։ Պիտի կարենա՞մ ժողովներու երթալ, ծառայութեան ելլել եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ժամանակ անցընել’։ Եթէ զաւակներ ունիս, դուն քեզի պէտք է այս կարեւոր հարցումն ալ հարցնես. ‘Եթէ զաւակներուս հետ չըլլամ, ինչպէ՞ս պիտի կարենամ «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» մեծցնել զանոնք’ (Եփ. 6։4)։ Որոշում առնելու ատեն Եհովայի՛ն կարծիքը նկատի առ, եւ ոչ թէ՝ ընտանիքիդ կամ բարեկամներուդ, որոնք Սուրբ Գիրքին սկզբունքները չեն յարգերc։ Ասիոյ արեւմուտքը ապրող Թոնին շատ մը գործի առաջարկներ ստացաւ, որ դուրս ճամբորդէ եւ լաւ վճարումով գործ մը աշխատի։ Բայց ան նախ աղօթեց եւ իր կնոջ հետ խօսեցաւ այս հարցին շուրջ, եւ ետքը որոշեց այդ գործերը չընդունիլ եւ միեւնոյն ատեն ընտանիքին ծախսերը թեթեւցնել։ Թոնին կ’ըսէ. «Այս որոշումիս պատճառաւ, առիթը ունեցած եմ որ քանի մը անձերու օգնեմ Եհովան ճանչնալու։ Զաւակներս ալ առիթը ունեցած են որ Եհովային աւելի մօտենան։ Ընտանեօք սորվեցանք որ այնքա՛ն ատեն որ Մատթէոս 6։33–ը կը գործադրենք, Եհովան մեզի հոգ պիտի տանի»։
ԵՐԲ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԿԸ ԾՐԱԳՐԵՍ
13. Հիմա ի՞նչ կրնանք ընել, որ կարենանք մեր ապագայի նիւթական պէտքերը ապահովել։
13 Նաեւ կրնանք ցոյց տալ թէ որչափ կը վստահինք Եհովային, երբ կը ծրագրենք որ մեր նիւթական պէտքերը ինչպէ՛ս պիտի ապահովենք՝ երբ տարիքով մեծնանք։ Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ աշխատասէր ըլլանք, որպէսզի կարենանք մեր ապագայ նիւթական պէտքերը ապահովել (Առ. 6։6-11)։ Եթէ պարագաներդ կը ներեն, լաւ կ’ըլլայ որ մէկ կողմ դրամ դնես ապագային համար։ Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք, դրամը որոշ չափով «պաշտպանութիւն» կու տայ (Ժող. 7։12, ՆԱ)։ Բայց դրամ շատցնելը բնա՛ւ պէտք չէ մեր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բանը ըլլայ։
14. Եբրայեցիս 13։5–ը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ շատ հոգ չընենք։
14 Յիսուս առակով մը յստակացուց, որ անմտութիւն է դրամ հաւաքելը՝ առանց Աստուծոյ աչքին հարստանալու (Ղուկ. 12։16-21)։ Մէկը չի գիտեր թէ վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ (Առ. 23։4, 5. Յակ. 4։13-15)։ Յիսուս նաեւ ըսաւ որ ան որ կ’ուզէ իր հետեւորդը ըլլալ, պէտք է պատրաստ ըլլայ իր բոլոր ունեցածներէն ‘ետ կենալու’ (Ղուկ. 14։33)։ Առաջին դարուն, Հրէաստանի մէջ ապրող քրիստոնեաները ամենայն սիրով ըրին ասիկա (Եբ. 10։34)։ Մեր օրերուն ալ, շատ մը եղբայրներ կորսնցուցին նիւթական բաներ կամ իրենց գործը, քանի որ կողմ չբռնեցին քաղաքական հարցերու մէջ (Յայտ. 13։16, 17)։ Ի՞նչը իրենց օգնեց։ Անոնք լման վստահեցան Եհովային այս խոստումին. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ» (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5)։ Մենք մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ ծրագրենք թէ ապագային մեր պէտքերը ինչպէ՛ս պիտի ապահովենք, բայց նոյն ատեն լման համոզուած ենք, որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ եթէ անակնկալ բաներ պատահին մեզի հետ։
15. Ծնողները ի՞նչ աչքով պէտք է նային իրենց զաւակներուն (տե՛ս նաեւ նկարը)։
15 Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, զոյգերը զաւակ կը բերեն գլխաւորաբար որպէսզի զաւակները դրամական գետնի վրայ իրենց հոգ տանին՝ երբ իրենք ծերանան։ Սուրբ Գիրքը ծնողներո՛ւն կ’ըսէ, որ պէտք է իրենց զաւակներուն պէտքերը հոգան (Բ. Կոր. 12։14)։ Անշուշտ, երբ ծնողները մեծնան, թերեւս պէտք ունենան որ իրենց զաւակները գործնական կերպերով օգնեն իրենց, եւ շատ մը զաւակներ սիրով կ’ընեն ասիկա (Ա. Տիմ. 5։4)։ Բայց քրիստոնեայ ծնողները կը հասկնան, որ իրենք շատ աւելի ուրախ կ’ըլլան, եթէ իրենց զաւակներուն օգնեն որ Եհովային ծառան դառնան, քան թէ՝ անոնց մեծցնեն այն նպատակով, որ դրամական գետնի վրայ ապագային իրենց հոգ տանին (Գ. Յովհ. 4)։
Եհովային վստահող զոյգերը Սուրբ Գիրքին սկզբունքները նկատի կ’առնեն, երբ ապագային նկատմամբ որոշումներ պիտի առնեն (տե՛ս պարբերութիւն 15)d
16. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ պատրաստուին ապագային իրենք իրենց պէտքերուն հոգ տանելու (Եփեսացիս 4։28)։
16 Մինչ զաւակներուդ կ’օգնես որ պատրաստուին իրենք իրենց հոգ տանելու, քու օրինակովդ անոնց սորվեցուր Եհովային վստահիլ։ Պզտիկ տարիքէն անոնց սորվեցուր որ աշխատասէր ըլլալը շատ կարեւոր է (Առ. 29։21, ՆԱ. կարդա՛ Եփեսացիս 4։28)։ Մինչ կը մեծնան, անոնց օգնէ որ իրենց լաւագոյնը ընեն դպրոցական դասերուն մէջ։ Ծնողները կրնան պրպտում ընելով սկզբունքներ գտնել, որոնք կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ գիտնան թէ որքա՛ն ուսում պէտք է ստանան։ Ասիկա զաւակներուն պիտի օգնէ որ կարենան թէ՛ իրենք իրենց հոգ տանիլ, թէ՛ ալ աւելի ծառայել կամ նոյնիսկ ռահվիրայ ըլլալ։
17. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
17 Եհովային հաւատարիմ ծառաները կրնան վստահ ըլլալ, որ ան թէ՛ կարողութիւնը ունի եւ թէ՛ կ’ուզէ հոգ տանիլ իրենց նիւթական պէտքերուն։ Այս աշխարհին վերջը որքա՛ն մօտենայ, այնքա՛ն աւելի պէտք է վստահինք Եհովային։ Օրերը ի՛նչ ալ բերեն, լման վստահ ըլլանք որ Եհովան իր զօրութիւնը պիտի գործածէ, որ մեր նիւթական պէտքերը ապահովէ։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովային հզօր ձեռքը եւ տարածուած բազուկը բնա՛ւ կարճ պիտի չըլլան եւ մեզի պիտի հասնին։
ԵՐԳ 133 Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք
a Տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը Դիտարան–ի հոկտեմբեր 2023 թիւին մէջ։
b Տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը Դիտարան–ի 15 սեպտեմբեր 2014 թիւին մէջ։
c Տե՛ս «Ո՛չ մէկը կրնայ ծառայել երկու տիրոջ» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 ապրիլ 2014 թիւին մէջ։
d ՆԿԱՐ. Եհովային վստահող զոյգ մը կապ կը պահեն իրենց աղջկան հետ, որ իր ամուսինին հետ կը մասնակցի Թագաւորութեան սրահի մը շինարարութեան։