Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Ապրիլ էջ 2-7
  • «Ձեզի ընտրեցէք. . . թէ ո՞վ պիտի պաշտէք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ձեզի ընտրեցէք. . . թէ ո՞վ պիտի պաշտէք»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՈ՞Ւ ԸՆՏՐԵՑ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ
  • ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ԱՐԺԷ ՈՐ ԶԻՆՔ ՊԱՇՏԵՆՔ
  • ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ԸՆՏՐԵՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ
  • ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ
  • Խոնարհաբար ընդունէ բաներ որ չես գիտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Որոշումներ՝ որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովային կը վստահինք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Յիշէ որ Եհովան «ապրող Աստուածն է»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Եհովան «սրտով կոտրածները կը բժշկէ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Ապրիլ էջ 2-7

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 14

ԵՐԳ 49 Եհովան մեր ապաւէնն է

«Ձեզի ընտրեցէք. . . թէ ո՞վ պիտի պաշտէք»

«Ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք» (ՅԵՍ. 24։15)։

ՆԻՒԹ

Ի՞նչ պատճառներով ընտրած ենք Եհովային ծառայել։

1. Իրապէս ուրախ ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք եւ ինչո՞ւ (Եսայի 48։17, 18)։

ՄԵՐ երկնաւոր Հայրը մեզ շատ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ ուրախ ապրինք թէ՛ հիմա եւ թէ՛ ապագային (Ժող. 3։12, 13)։ Ան մեզ ստեղծած է հիանալի ձիրքերով, բայց մեզի չէ տուած այն կարողութիւնը որ մենք մեր վրայ իշխենք կամ որոշենք թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը՝ սխալ (Ժող. 8։9. Եր. 10։23)։ Ան գիտէ թէ որպէսզի իրապէս ուրախ ըլլանք, պէտք է իրեն ծառայենք եւ հնազանդինք (կարդա՛ Եսայի 48։17, 18)։

2. Սատանան ի՞նչ բանի կ’ուզէ որ հաւատանք, եւ Եհովան ի՞նչ ըրած է որ Սատանային սուտ ըլլալը փաստէ։

2 Սատանան կ’ուզէ որ հաւատանք, թէ մենք կրնա՛նք ուրախ ըլլալ առանց Եհովային, եւ թէ մարդ արարածը կրնա՛յ ինքն իր վրայ իշխել (Ծն. 3։4, 5)։ Որպէսզի Սատանային սուտ ըլլալը փաստէ, Եհովան ձգեց որ մարդիկը որոշ ժամանակ մը իրենք իրենց վրայ իշխեն։ Հայելիի պէս յստակ է, թէ մարդիկ ձախողած են։ Անդին, Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած են շատ մը տղամարդիկ ու կիներ, որոնք ուրախ էին քանի որ Եհովային կը ծառայէին։ Անոնց մէջէն գլխաւորը Յիսուսն էր։ Նախ նկատի առնենք, թէ ան ինչո՛ւ ընտրեց Եհովային ծառայել։ Ետքը պիտի տեսնենք, որ մեր երկնաւոր Հայրը ինչո՛ւ կ’արժէ որ զինք պաշտենք։ Նաեւ վերաքաղ պիտի ընենք, որ ի՛նչ կարգ մը պատճառներով կ’ընտրենք Եհովային ծառայել։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՈ՞Ւ ԸՆՏՐԵՑ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ

3. Սատանան ի՞նչ ըսաւ Յիսուսին, եւ Յիսուս ի՞նչ ընտրութիւն ըրաւ։

3 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, պէտք էր ընտրէր թէ որո՛ւն պիտի ծառայէր։ Յիսուսին մկրտութենէն քիչ ետք, Սատանան իրեն ըսաւ որ երկրի բոլոր թագաւորութիւնները կու տայ իրեն, եթէ միայն մէկ անգամ զինք պաշտէ։ Յիսուս պատասխանեց. «Ետիս գնա, Սատանա՛յ, վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’» (Մատ. 4։8-10)։ Յիսուս ինչո՞ւ ըրաւ այս ընտրութիւնը։ Նկատի առ կարգ մը պատճառներ։

4-5. Յիսուս ի՞նչ կարգ մը պատճառներով ընտրեց Եհովային ծառայել։

4 Գլխաւոր պատճառը թէ Յիսուս ինչո՛ւ ընտրեց Եհովային ծառայել՝ սէրն է։ Յիսուս խոր եւ ամուր սէր ունի իր Հօր հանդէպ (Յովհ. 14։31)։ Ասկէ զատ, Յիսուս Եհովային կը ծառայէ, քանի որ ասիկա է ճիշդը (Յովհ. 8։28, 29. Յայտ. 4։10բ)։ Ան գիտէ որ Եհովան կեանքի աղբիւրն է եւ վստահելի ու առատաձեռն է (Սաղ. 33։4. 36։9. Յակ. 1։17)։ Եհովան միշտ ճշմարտութիւնը խօսած է Յիսուսին եւ ամէն բան տուած է իրեն (Յովհ. 1։14)։ Անդին, Սատանան մահ պատճառած է։ Ան ստախօս, ագահ եւ անձնասէր է (Յովհ. 8։44)։ Քանի որ Յիսուս այս բաները գիտէր, նոյնիսկ մտքին ծայրէն չանցուց Եհովային դէմ ըմբոստանալ՝ Սատանային պէս (Փլպ. 2։5-8)։

5 Յիսուս նաեւ ընտրեց Եհովային ծառայել, քանի որ իր ծառայութիւնը շատ մը լաւ արդիւնքներ պիտի ունենար (Եբ. 12։2)։ Ան գիտէր որ եթէ հաւատարիմ մնար, իր Հօր անունը պիտի սրբացնէր եւ կարելի պիտի դարձնէր որ մեղքն ու մահը մէջտեղէն վերցուին։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ԱՐԺԷ ՈՐ ԶԻՆՔ ՊԱՇՏԵՆՔ

6-7. Ինչո՞ւ շատեր այսօր Եհովային չեն ծառայեր, բայց Եհովան ինչո՞ւ կ’արժէ որ զինք պաշտենք։

6 Շատեր այսօր Եհովային չեն ծառայեր, քանի որ տակաւին չեն գիտեր իր գեղեցիկ յատկութիւնները եւ բոլոր այն լաւ բաները որոնք ան ըրած է իրենց համար։ Անոնք կը նմանին այն մարդոց, որոնց Պօղոս քարոզեց Աթէնքի մէջ (Գործք 17։19, 20, 30, 34)։

7 Պօղոս Աթէնքի մարդոց բացատրեց, որ ճշմարիտ Աստուածը «կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան»։ Ան աւելցուց. «Անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք»։ Աստուած է Ստեղծիչը, եւ ան «բոլոր ազգերը մէկ արիւնէ ըրաւ» (Գործք 17։25, 26, 28)։ Անոր համար, միայն զինք պէտք է պաշտենք։

8. Եհովան ի՞նչ բան բնաւ չ’ըներ. բացատրէ։

8 Քանի որ Եհովան Ստեղծիչը եւ Գերիշխանն է, եթէ ուզէ՝ ան կրնայ մարդիկը ստիպել որ իրեն ծառայեն։ Բայց Եհովան ասիկա բնա՛ւ չ’ըներ։ Ընդհակառակը, ան մեզի շատ մը փաստեր կու տայ, որ համոզուինք թէ ինքը գոյութիւն ունի եւ թէ շատ կը սիրէ ամէն մէկս։ Ան կ’ուզէ որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ իր յաւիտենական բարեկամները դառնան (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Ան մեզ մարզած է որ ուրիշներուն սորվեցնենք բոլոր այն բաներուն մասին, որ մարդոց համար պիտի ընէ եւ թէ ինչպէ՛ս պիտի ընէ ատոնք (Մատ. 10։11-13. 28։19, 20)։ Ան նաեւ մեզի տուած է ժողովքները, ուր կրնանք զինք պաշտել եւ սիրալիր երէցներուն հոգատարութիւնը վայելել (Գործք 20։28)։

9. Եհովան ինչպէ՞ս ցուցուցած է իր սէրը։

9 Ասկէ զատ, Եհովան իր սէրը ցուցուցած է նոյնիսկ անոնց հանդէպ, որոնք իր գոյութեան չեն հաւատար։ Նկատի առնենք հետեւեալ կէտերը։ Հազարաւոր տարիներէ ի վեր, միլիառաւորներ որոշած են հետեւիլ իրենց անձնական գաղափարներուն թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը՝ սխալ, փոխանակ Եհովային հնազանդելու։ Հակառակ ասոր, Եհովան ազնուօրէն անոնց տուած է իրենց պէտքերը որ կարենան ապրիլ եւ ուրախ ըլլալ (Մատ. 5։44, 45. Գործք 14։16, 17)։ Նաեւ անոնց առիթ տուած է, որ ընկերներ, ընտանիք ու պզտիկներ ունենան եւ իրենց գործին արդիւնքները վայելեն (Սաղ. 127։3. Ժող. 2։24)։ Այս բոլորը կը փաստեն, որ մեր երկնաւոր Հայրը կը սիրէ բոլոր մարդիկը (Ել. 34։6)։ Հիմա, միասին յիշենք թէ ինչո՛ւ կ’ընտրենք Եհովային ծառայել եւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օրհնէ մեզ։

ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ԸՆՏՐԵՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ

10. ա) Գլխաւորաբար ինչո՞ւ կը ծառայենք Եհովային (Մատթէոս 22։37)։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս համբերած է քեզի (Սաղմոս 103։13, 14)։

10 Մենք ալ Յիսուսին պէս Եհովային կը ծառայենք գլխաւորաբար քանի որ զինք շատ կը սիրենք (կարդա՛ Մատթէոս 22։37)։ Երբ իր յատկութիւններուն մասին կը սորվինք, երթալէն աւելի մօտ կը զգանք իրեն։ Օրինակ, նկատի առ Եհովային համբերութիւնը մեզի հանդէպ։ Երբ իսրայէլացիները իրեն չհնազանդեցան, ան իրենցմէ խնդրեց. «Ձեր ճամբաներէն դարձէ՛ք» (Եր. 18։11)։ Եհովան կը յիշէ որ մենք հող ենք, այսինքն՝ անկատար (կարդա՛ Սաղմոս 103։13, 14)։ Երբ կը մտածես Եհովային համբերութեան եւ իր միւս գրաւիչ յատկութիւններուն մասին, չե՞ս ուզեր իրեն յաւիտեան ծառայել։

11. Ուրիշ ի՞նչ պատճառներով կ’ընտրենք մեր երկնաւոր Հօր ծառայել։

11 Նաեւ կ’ուզենք Եհովային ծառայել, քանի որ ասիկա է ճիշդը (Մատ. 4։10)։ Ասկէ զատ, մենք գիտենք որ երբ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայենք, ասիկա ի՛նչ լաւ արդիւնքներ կ’ունենայ։ Օրինակ, Եհովային անունը կը սրբացնենք, կը փաստենք որ Սատանան ստախօս է եւ մեր Հօրը սիրտը կ’ուրախացնենք։ Առաւել, յաւիտեան ապրելու առիթը կ’ունենանք (Յովհ. 17։3)։

12-13. Ճէյնին եւ Փէմին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

12 Մենք մեր պզտիկութենէն կրնանք Եհովային հանդէպ սէր զարգացնել, եւ այդ սէրը աւելի պիտի զօրանայ մինչ տարիքով կը մեծնանք։ Նկատի առ երկու մարմնաւոր քոյրերու օրինակը՝ Ճէյնը եւ Փէմըa։ Ճէյնը 11 տարեկան էր երբ սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել, իսկ Փէմը՝ 10 տարեկան։ Հակառակ անոր որ իրենց ծնողքը չէին սերտեր, անոնք իրենց արտօնութիւն տուին որ Եհովայի վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքը սերտեն, պայմանաւ որ անոնք շաբաթավերջերուն եկեղեցի երթան իրենց ընտանիքին հետ։ Ճէյնը կ’ըսէ. «Վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքէն սորվածներս ինծի օգնեցին, որ մերժեմ թմրեցուցիչ գործածելը եւ անբարոյ կեանք մը ապրիլը, հակառակ անոր որ դասընկերներս կը պնդէին որ ատոնք ընեմ»։

13 Մի քանի տարի ետք, երկուքն ալ հրատարակիչ եղան։ Ետքը, անոնք ռահվիրայութեան սկսան եւ նոյն ատեն հոգ կը տանէին իրենց ծնողքին, որ երթալէն տարիքով կը մեծնային։ Ճէյնը կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կը զգայ, երբ կը մտածէ բոլոր այն բաներուն մասին, որ Եհովան իրենց համար ըրած է. «Սորվեցայ թէ Եհովան հաւատարմօրէն հոգ կը տանի իր բարեկամներուն եւ թէ ‘Տէրը կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են’, ինչպէս որ Բ. Տիմոթէոս 2։19–ն կ’ըսէ»։ Կասկած չկայ, որ Եհովան հոգ կը տանի բոլոր անոնց, որոնք կ’ընտրեն զինք սիրել եւ իրեն ծառայել։

14. Ինչպէ՞ս կրնանք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով պաշտպանել Եհովային անունը (տե՛ս նաեւ նկարները)։

14 Մենք կ’ուզենք որ մարդիկ գիտնան որ Աստուծոյ մասին իրենց լսած գէշ բաները սուտ են։ Օրինակով մը բացատրենք. ըսենք թէ մօտիկ բարեկամ մը ունիս որ ազնիւ, առատաձեռն եւ ներող է։ Օր մը, մէկը բարեկամիդ մասին կ’ըսէ որ անխիղճ եւ ստախօս է։ Ի՞նչ կ’ընես։ Կը պաշտպանես զինք։ Նոյնպէս, երբ Եհովային մասին սուտեր լսենք, լման սրտով զինք կը պաշտպանենք՝ իր մասին իրականութիւնը խօսելով (Սաղ. 34։1. Եսա. 43։10)։ Մենք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով ցոյց կու տանք որ կ’ուզենք Եհովային ծառայել։

1. Կին մը կը նայի խումբ մը հաւատուրացներու, որոնք համաժողովի վայրի մը առջեւ ցոյց կ’ընեն։ 2. Ետքը, կինը կը խօսի զոյգի մը հետ, որոնք վկայելու սայլակի մը քով կայնած են։

Եհովային անունը պիտի պաշտպանե՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 14)b


15. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ օրհնութիւններ վայելեց, երբ իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ըրաւ (Փիլիպպեցիս 3։7, 8)։

15 Մենք պատրաստ ենք մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ընելու, որպէսզի Եհովային սիրտը ուրախացնենք եւ իրեն աւելի ծառայենք։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ կարեւոր դիրք մը ունէր իր կրօնքին մէջ, բայց ան այդ դիրքէն վազ անցաւ, որպէսզի Յիսուսին հետեւի եւ Եհովային ծառայէ (Գաղ. 1։14)։ Ասոր համար, ան ծառայութեան մէջ գեղեցիկ փորձառութիւններ վայելեց եւ առիթը ունեցաւ որ երկինքը Յիսուսին հետ իշխէ։ Ան բնա՛ւ չզղջաց իր որոշումին վրայ, ո՛չ ալ մենք պիտի զղջանք եթէ Եհովային ծառայենք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 3։7, 8)։

16. Ճուլիային փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք (տե՛ս նաեւ նկարները)։

16 Եթէ Եհովային ծառայութեան վրայ կեդրոնացած ըլլանք, Եհովան մեզ պիտի օրհնէ թէ՛ հիմա եւ թէ՛ ապագային։ Նկատի առ Ճուլիա անունով քրոջ մը փորձառութիւնը։ Երբ ան պզտիկ էր, եկեղեցիին երգչախումբին մէջ կ’երգէր։ Երբ մասնագէտ օփերա երգող մը իր ձիրքը տեսաւ, սկսաւ զինք մարզել։ Շատ չանցած, Ճուլիան ճանչցուեցաւ որպէս հիանալի երգչուհի մը եւ սկսաւ երգել շատ անուանի օփերայի սրահներու մէջ։ Անգամ մը, երբ ան յայտնի երաժշտանոցի մը մէջ դաս կ’առնէր, իր դասընկերներէն մէկը սկսաւ Աստուծոյ մասին իրեն խօսիլ եւ բացատրել որ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Անկէ քիչ ետք, Ճուլիան սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել շաբաթը երկու անգամ։ Ժամանակ մը ետք, ան որոշեց Եհովային ծառայութեան վրայ կեդրոնանալ, փոխանակ օփերայի երգչուհի ըլլալու։ Իրեն համար դիւրին չէր այս որոշումը առնելը։ Ան կ’ըսէ. «Շատեր ինծի ըսին որ ձիրքս պարապի կը տանիմ։ Բայց ես կ’ուզէի լման ժամանակս Եհովային ծառայութեան տալ»։ Լաւ, ան հիմա ի՞նչ կը զգայ 30 տարի առաջ իր առած այս որոշումին նկատմամբ։ «Մէջս խաղաղութիւն կայ եւ ես վստահ եմ որ ապագային Եհովան սրտիս բոլոր փափաքները պիտի տայ ինծի» (Սաղ. 145։16)։

Ցուցադրութիւն. Ճուլիային ընտրութիւնը. 1. Ան բեմի մը վրայ կ’երգէ մարդոց առջեւ։ 2. Ան իր ամուսինին հետ կ’երգէ ժողովի մը ատեն։

Երբ որ կեդրոնանանք Եհովային ծառայութեան վրայ, լաւագոյն կեանքը կ’ապրինք (տե՛ս պարբերութիւն 16)c


ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ

17. Վերջին օրերուն մէջ ըլլալը ինչպէ՞ս կ’ազդէ անոնց, որոնք ընտրած են Եհովային ծառայել, եւ անոնց՝ որոնք տակաւին չեն ծառայեր իրեն։

17 Մենք հիմա շատ մօտ ենք աշխարհին վերջին։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «‘Քիչ մը ատենէն’ ‘ան որ գալու է՝ պիտի գայ ու պիտի չուշանայ’» (Եբ. 10։37)։ Ասիկա ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեզի։ Շատ քիչ ժամանակ մնաց որ մարդիկ ընտրեն Եհովային ծառայել (Ա. Կոր. 7։29)։ Եւ եթէ մենք արդէն ընտրած ենք Եհովային ծառայել, գիտենք որ թէեւ դժուարութիւններէ պիտի անցնինք, բայց ատոնք միայն «քիչ մը ատեն» պիտի տեւեն։

18. Յիսուսը եւ Եհովան ի՞նչ կ’ուզեն որ ընենք։

18 Յիսուս իր աշակերտները կը քաջալերէր որ ոչ միայն սկսին իրեն հետեւիլ, հապա նաեւ «շարունակեն» իրեն հետեւիլ (Մատ. 16։24, ՆԱ)։ Ուրեմն, եթէ մենք տարիներէ ի վեր Եհովային կը ծառայենք, ամէն ջանք թափենք որ շարունակենք եւ չյանձնուինք։ Թերեւս ասիկա դիւրին չըլլայ, բայց անկասկած մեզ շատ պիտի ուրախացնէ եւ օրհնութիւններ պիտի բերէ՝ նոյնիսկ հիմա (Սաղ. 35։27)։

19. Ճինին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

19 Ոմանք կը զգան որ չափէ դուրս զոհողութիւններ պէտք է ընեն որ Եհովային ծառայեն։ Եթէ տարիքով պզտիկ ես, կը զգա՞ս որ եթէ Եհովային ծառայես, վրայէդ շատ բաներ պիտի երթան։ Ճին անունով պատանի եղբայր մը կ’ըսէ. «Կը զգայի որ շատ բաներէ կը զրկուիմ, քանի որ Եհովայի վկայ եմ։ Կը տեսնէի որ իմ տարիքիս եղողները միշտ հաւաքոյթներու կ’երթային, քէֆ կ’ընէին, աղջիկներու հետ դուրս կ’ելլէին կամ վայրագ վիտէոյի խաղեր կը խաղային։ Բայց ես ի՞նչ կ’ընէի։ Ժողովէն տուն, տունէն ժողով. ծառայութենէն տուն, տունէն ծառայութիւն»։ Այս մտածելակերպը ինչպէ՞ս ազդեց իրեն։ «Սկսայ երկու տեսակ կեանք ապրիլ. տունը բան մըն էի, դուրսը ուրիշ բան մը։ Սկիզբը ասիկա հաճոյք կու տար ինծի, բայց մէջէս իրապէս ուրախ չէի։ Սկսայ մտածել թէ Սուրբ Գիրքին ըսածներուն հնազանդիլը որքա՜ն օգուտ կը բերէ, բայց ես ատոնց չէի հնազանդէր։ Ատոր համար, որոշեցի լման սրտով Եհովային ծառայել։ Այդ օրէն ի վեր, կը զգամ որ Եհովան ամէն մէկ աղօթքիս պատասխանած է»։

20. Մտքերնիս ի՞նչ պէտք է դնենք։

20 Սաղմոս գրող մը Եհովային այսպէս երգեց. «Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես, որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ» (Սաղ. 65։4)։ Մենք ալ մտքերնիս դնենք, որ պիտի շարունակենք Եհովային ծառայել եւ Յեսուին պէս ըսել. «Ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք» (Յես. 24։15)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Յիսուս ինչո՞ւ ընտրեց Եհովային ծառայել։

  • Եհովան ինչո՞ւ կ’արժէ որ զինք պաշտենք։

  • Ինչո՞ւ կ’ընտրենք Եհովային ծառայել։

ԵՐԳ 106 Եհովա Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք

a Կարգ մը անուններ փոխուած են։

b ՆԿԱՐ. Կին մը լսելէ ետք թէ մեր հակառակորդները մեր մասին ի՛նչ կը խօսին համաժողովի վայրին քով, կը մօտենայ հրատարակութիւններու սայլակի մը եւ ճշմարտութիւնը կը լսէ։

c ՆԿԱՐ. Ցուցադրութիւն. Ճուլիան ընտրեց կեդրոնանալ Եհովային ծառայութեան վրայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել