Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Յուլիս էջ 26-30
  • «Պատերազմը Եհովայինն է»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Պատերազմը Եհովայինն է»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՄԻՍԻՈՆԱՐԱԿԱՆ ՀՈԳԻՈՎ ՄԵԾՑԱՆՔ
  • ԴԷՊԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻ
  • ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ ԿԸ ՄԻԱՆԱՄ
  • ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ԵՒ ՕՐԻՆԱՊԷՍ ՀԱՍՏԱՏԵԼ
  • ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ, ԵՀՈՎԱ
  • Ազատօրէն Աստուած պաշտելու համար պայքարիլ
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Հաւատարիմ՝ միա՛յն Աստուծոյ կառավարութեան
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Թագաւորութեան քարոզիչները դատարան կը դիմեն
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Կրօնական ազատութիւնը պաշտպանել բնիկ համայնքներու մէջ
    Ձեր նուիրատուութիւնները ինչպէ՛ս կը գործածուին
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Յուլիս էջ 26-30
ֆիլըփ Պրըմլի

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Պատերազմը Եհովայինն է»

ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՖԻԼԸՓ ՊՐԸՄԼԻ

28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2010–ն ցուրտ օր մըն էր, եւ ես կը գտնուէի Ֆրանսայի գեղեցիկ քաղաքներէն մէկուն՝ Սթրազպուրկի մէջ։ Ես պտոյտի չէի եկած։ Հապա հոն էի իրաւաբանական խումբի մը հետ, որ եկած էր Եհովայի վկաներուն իրաւունքները պաշտպանելու՝ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) առջեւ։ Հարցը ի՞նչ էր։ Թէ արդեօք Ֆրանսայի կառավարութիւնը իրաւունք ունէ՞ր մեր եղբայրներէն պահանջելու որ գրեթէ 64 միլիոն եւրօ (89,000,000 տոլար) արժող հսկայ տուրք մը վճարեն։ Ասկէ աւելին, Եհովային անունը, իր ժողովուրդին համբաւն ու Եհովան ազատօրէն պաշտելու իրենց իրաւունքը՝ վտանգի տակ էին։ Այդ դատական նիստը փաստեց, որ «պատերազմը Եհովայինն է» (Ա. Թագ. 17։47, ՆԱ)։ Բացատրեմ ձեզի։

Հարցը սկսած էր 1999–ին, երբ Ֆրանսայի կառավարութիւնը առանց իրաւունքի պահանջած էր, որ Ֆրանսայի մասնաճիւղը տուրք վճարէր այն նուիրատուութիւններուն համար որ ստացած էր 1993–էն 1996–ի միջեւ։ Փորձեցինք Ֆրանսայի դատարանին մէջ մեր իրաւունքը պաշտպանել, բայց տեղ մը չհասանք։ Երբ վերաքննիչ ատեանին առջեւ ալ դատը կորսնցուցինք, կառավարութիւնը ձեռք դրաւ աւելի քան չորսուկէս միլիոն եւրոյի վրայ (6,300,000 տոլար), որ մեր մասնաճիւղին դրամատան հաշիւին մէջ էր։ Մեր վերջին յոյսը ՄԻԵԴ–ն էր։ Բայց հարցին նկատմամբ որոշում մը առնելէ առաջ՝ ՄԻԵԴ–ը պահանջեց որ մենք հանդիպում մը ունենանք կառավարութեան իրաւաբանական խումբին եւ ՄԻԵԴ–ի ներկայացուցիչի մը հետ, որ փորձենք համաձայնութեան մը հասնիլ։

Մենք ակնկալեցինք որ ՄԻԵԴ–ի ներկայացուցիչը մեր վրայ ճնշէ, որպէսզի մեզմէ պահանջուած գումարէն միայն մաս մը վճարենք ֆրանսական կառավարութեան։ Բայց մեզի յստակ էր, որ նոյնիսկ մէկ եւրօ վճարելը, Մատթէոս 22։21–ի մէջ Յիսուսին ըսածին հակառակ է։ Եղբայրներն ու քոյրերը Թագաւորութեան շահերուն թիկունք կանգնելու համար է որ այս նուիրատուութիւնները ըրած էին. ատոնք կառավարութեան չէին պատկաներ։ Բայց, առ ի յարգանք դատարանի օրէնքներուն՝ այդ հանդիպումին ներկայ եղանք։

Մեր իրաւաբանական խումբը ՄԻԵԴ–ի առջեւ, 2010–ին

Հանդիպումը ունեցանք դատարանին գեղեցիկ հանդիպման սենեակներէն մէկուն մէջ։ Հանդիպումը լաւ չսկսաւ։ Հազիւ ներկայացուցիչը բերանը բացաւ՝ ըսաւ որ ինք կ’ակնկալէ որ Ֆրանսայի Եհովայի վկաները վճարեն տուրքին մէկ մասը։ Մեր մէջէն բան մը մղեց որ հարցնենք. «Արդեօք լուր ունի՞ք որ կառավարութիւնը արդէն իր ձեռքը դրած է մեզի պատկանող չորսուկէս միլիոն եւրոյի վրայ»։

Անոր դէմքէն յայտնի էր որ ան օդէն ինկաւ։ Երբ կառավարութեան իրաւաբանական խումբը ըսաւ որ մեր ըսածը ճիշդ է, ներկայացուցիչին կեցուածքը բոլո՛րովին փոխուեցաւ։ Ան յանդիմանեց զիրենք եւ անմիջապէս վերջ դրաւ այդ հանդիպումին։ Այդ վայրկեանին անդրադարձայ որ Եհովան այս դատին ուղղութիւնը լման փոխեց, այնպիսի կերպով մը որ երբե՛ք չէինք ակնկալել։ Մեր աչքերուն ու ականջներուն չհաւատացինք։

30 յունիս 2011–ին, ՄԻԵԴ–ը միաբերան որոշում մը առաւ ի նպաստ մեզի։ Այդ որոշումը տուրքը կը ջնջէր եւ կառավարութենէն կը պահանջէր որ վերադարձնէ գրաւուած դրամը եւ տոկո՛ս ալ վճարէ։ Այս որոշումը մինչեւ այսօր կը պաշտպանէ Ֆրանսայի մէջ Եհովան պաշտելու մեր իրաւունքը։ Այդ մէկ հարցումը, որ չէինք ծրագրած հարցնել՝ փոխեց դատին արդիւնքը։ Ատիկա կը նմանէր Գողիաթին ճակատին մտած քարին։ Ուրեմն յաղթեցինք, քանի որ «պատերազմը Եհովայինն է», ինչպէս որ Դաւիթ ըսաւ (Ա. Թագ. 17։45-47, ՆԱ)։

Ասիկա մեր միակ յաղթանակը չէ։ Մինչեւ այսօր, հակառակ քաղաքական ու կրօնական բուռն հակառակութեան, 70 երկիրներու բարձրագոյն ատեանները եւ կարգ մը միջազգային դատարաններ, Եհովայի վկաներուն ի նպաստ 1225 վճիռներ արձակած են։ Այս օրինական յաղթանակները կը պաշտպանեն մեր հիմնական իրաւունքները, օրինակ՝ որպէս օրինական կրօնք ճանչցուելու մեր իրաւունքը, քարոզելու մեր իրաւունքը, ազգայնական արարողութիւններու չմասնակցելու մեր իրաւունքը, եւ արիւնը մերժելու մեր իրաւունքը։

Ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցող այս դատական հարցին մասնակցեցայ, մինչ կը ծառայէի Եհովայի վկաներու կեդրոնատեղիին մէջ, Նիւ Եորք (ԱՄՆ)։

ՄԻՍԻՈՆԱՐԱԿԱՆ ՀՈԳԻՈՎ ՄԵԾՑԱՆՔ

Ծնողքս՝ Ճորճը ու Լիւսիլը, Գաղաադի դպրոցին 12–րդ դասարանէն շրջանաւարտ եղած էին, եւ երբ ես ծնայ 1956–ին՝ անոնք կը ծառայէին Եթովպիայի մէջ։ Անունս Ֆիլիփ դրին՝ առաջին դարու աւետարանիչին անունին պէս (Գործք 21։8)։ Յաջորդ տարին, կառավարութիւնը մեր պաշտամունքը արգիլեց։ Թէեւ շատ պզտիկ էի, բայց կը յիշեմ թէ ընտանիքս գաղտնօրէն շարունակեց Եհովան պաշտել։ Այդ ժամանակ ասիկա ինծի համար հաճելի էր։ Բայց ցաւօք սրտի, 1960–ին կառավարութիւնը մեզ ստիպեց որ երկիրը ձգենք–երթանք։

Նաթան Հ. Նոր (ձախին) կ’այցելէ ընտանիքիս՝ Ատիս Ապեպայի մէջ (Եթովպիա), 1959–ին

Ընտանեօք փոխադրուեցանք Ուչիթա, Քանսաս (ԱՄՆ), եւ ծնողքս իրենց հետ «փոխադրեցին» իրենց միսիոնարական հոգին։ Անոնք Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն համաձայն կ’ապրէին եւ մեզ ատոնց համաձայն մեծցուցին. ըլլայ ես, մեծ քոյրս՝ Ճուտին եւ պզտիկ եղբայրս՝ Լեսլին, որոնք նոյնպէս Եթովպիա ծնած էին։ Մկրտուեցայ 13 տարեկանիս։ Երեք տարի ետք, ընտանեօք փոխադրուեցանք Արեգիբա քաղաքը, Փերուի մէջ, քանի որ հոն հրատարակիչներու աւելի պէտք կար։

1974–ին, երբ հազիւ 18 տարեկան էի, Փերուի մասնաճիւղը որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ նշանակեց զիս եւ չորս ուրիշ եղբայրներ։ Մենք պիտի քարոզէինք շրջաններու մէջ, ուր մէկը չէր քարոզած. Կեդրոնական Անտեան լեռներու բարձունքներուն վրայ։ Հոն կ’ապրէին քէչուա, այմարա եւ այլ լեզուներ խօսող բնիկներ։ Կը ճամբորդէինք փոխադրուող տունի մը մէջ, որուն անունը Տապան դրած էինք, քանի որ հսկայ տուփի մը կը նմանէր։ Հաճոյքով կը յիշեմ այն ժամանակները, երբ Սուրբ Գիրքը կը գործածէի որ բնիկներուն ցուցնեմ թէ Եհովան շուտով մէջտեղէն պիտի վերցնէ՝ աղքատութիւնը, հիւանդութիւնն ու մահը (Յայտ. 21։3, 4)։ Շատեր Թագաւորութեան պատգամը ընդունեցին։

Փոխադրուող տուն մը ջուրերուն մէջէն կ’անցնի

«Տապանը», 1974–ին

ԴԷՊԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻ

1977–ին, Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի անդամ Ալպերթ Շրոտըրը այցելեց Փերու։ Ան զիս քաջալերեց որ Բեթէլի ծառայութեան դիմեմ։ Այդպէս ալ ըրի։ Շատ չանցած՝ 17 յունիս 1977–ին սկսայ ծառայել Պրուքլինի Բեթէլին մէջ։ Չորս տարի աշխատեցայ Մաքրութեան եւ Նորոգութեան բաժանմունքներուն մէջ։

Մեր հարսանիքի օրը, 1979–ին

Յունիս 1978–ին, Էլիզապէթ Ավալոնին ծանօթացայ, միջազգային համաժողովի մը ընթացքին, Նիւ Օրլիընզի մէջ (Լուիզիանա)։ Իր ծնողքն ալ, իմ ծնողքիս պէս, բոլոր սրտով Եհովային կը ծառայէին։ Երբ Էլիզապէթին ծանօթացայ, ան արդէն չորս տարիէ կը ծառայէր իբրեւ կանոնաւոր ռահվիրայ, եւ կ’ուզէր մինչեւ վերջ լիաժամ ծառայել։ Կապի մէջ մնացինք եւ շատ չանցած իրարու սիրահարուեցանք։ Ամուսնացանք 20 հոկտեմբեր 1979–ին եւ ան Բեթէլ եկաւ հոն ծառայելու համար։

Մեր առաջին ժողովքը եղաւ Պրուքլինի սպանախօս ժողովքը, եւ այդտեղի եղբայրներն ու քոյրերը շատ սիրով վարուեցան մեզի հետ։ Տարիներու ընթացքին, մենք ուրիշ երեք ժողովքներու մէջ ալ ծառայած ենք, որոնք մեզի թիկունք կանգնած են որ Բեթէլի մեր ծառայութիւնը շարունակենք։ Մենք շատ կը գնահատենք թէ՛ անոնք եւ թէ՛ մեր բարեկամներն ու ընտանիքի անդամները, որոնք մեզի օգնեցին որ մեր տարեց ծնողներուն հոգ տանինք։

Ֆիլիփը ուրիշ բեթէլականներու հետ ժողովի մը մէջ։

Բեթէլականներ որոնք կը ծառայէին Պրուքլինի սպանախօս ժողովքին մէջ, 1986–ին

ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ ԿԸ ՄԻԱՆԱՄ

Անակնկալի եկայ, երբ յունուար 1982–ին Բեթէլի Օրինական բաժանմունքին մէջ նշանակուեցայ։ Երեք տարի ետք, ինձմէ խնդրուեցաւ որ իրաւաբանական համալսարան երթամ, որ փաստաբան ըլլամ։ Հոն սորվեցայ թէ Միացեալ Նահանգներու եւ ուրիշ երկիրներու մէջ ապրողները որոշ իրաւունքներ ձեռք ձգած են, շնորհիւ Եհովայի վկաներու շահած դատերուն։ Այդ կարեւոր դատերը դասարանին մէջ մանրամասնօրէն քննարկուեցան։

1986–ին, երբ 30 տարեկան էի, Օրինական բաժանմունքին տեսուչ նշանակուեցայ։ Ուրախ էի, որ ինծի այսքան շատ բաներ վստահուեցան թէեւ տարիքով պզտիկ էի։ Բայց նոյն ատեն կը վախնայի, քանի որ շատ բաներ կային որ չէի հասկնար եւ գիտէի թէ ասիկա դիւրին նշանակում մը չէր։

1988–ին, փաստաբան եղայ, բայց չէի անդրադարձած որ առած ուսումս ո՛րքան գէշ կերպով ազդած էր հոգեւորութեանս։ Բարձրագոյն ուսումը կրնայ մէկու մը մէջ փափաք արթնցնել, որ ուրիշներէն աւելի լաւ ըլլայ եւ իր շահերը յառաջ տանի։ Էլիզապէթը օգնութեանս հասաւ։ Ինծի օգնեց որ համալսարան երթալէս առաջ ունեցած հոգեւոր ռութինիս վերադառնամ։ Թէեւ ասիկա ժամանակ առաւ, բայց կամաց–կամաց հոգեւորապէս ետ զօրացայ։ Փորձառութենէս սորվեցայ, որ գլուխդ շատ գիտութիւնով լեցնելը՝ ամէնէն կարեւոր բանը չէ։ Կեանքի մէջ ամէնէն արժէքաւոր բաներն են՝ Եհովային հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւնը եւ իր ու իր ժողովուրդին հանդէպ խոր սէր ունենալը։

ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ԵՒ ՕՐԻՆԱՊԷՍ ՀԱՍՏԱՏԵԼ

Սկսայ կեդրոնանալ Օրինական բաժանմունքը կազմակերպելու եւ դատարանին մէջ Թագաւորութեան շահերը պաշտպանելու վրայ։ Ասիկա ինծի համար թէ՛ հետաքրքրական եւ թէ՛ դժուար էր, քանի որ կազմակերպութեան մէջ ամէն բան շատ արագ կը փոխուէր։ Օրինակ՝ 1990–ականներուն սկիզբը, Օրինական բաժանմունքէն խնդրուեցաւ, որ ուղղութիւններ տան, թէ կազմակերպութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ այլեւս նուիրատուութիւն չխնդրել հրատարակութիւններուն համար։ Ատկէ ետք, Եհովայի վկաները սկսան առանց նուիրատուութեան հրատարակութիւններ բաժնել։ Ասիկա գործը դիւրացուց թէ՛ Բեթէլին եւ թէ՛ դաշտին մէջ, եւ օգնեց որ տուրքերու նկատմամբ խնդիրներ չունենանք։ Ոմանք կարծեցին որ ասոր պատճառով շատ դրամ պիտի կորսնցնենք, բաւարար հրատարակութիւն պիտի չունենանք եւ աւելի քիչ մարդիկ ճշմարտութեան պիտի գան։ Բայց ճիշդ հակառակը եղաւ։ Եհովային ծառայողներուն թիւը աւելի քան երկու անգամը եղած է 1990–էն ի վեր, եւ մարդիկ կրնան ձրիօրէն մեր հրատարակութիւններէն օգտուիլ։ Ես աչքովս տեսած եմ, որ միայն Եհովային ուժով եւ իր կազմակերպութեան տուած ուղղութիւններով է, որ այս եւ այսպիսի մեծ փոփոխութիւններ ունեցած ենք կազմակերպութեան մէջ (Ել. 15։2. Մատ. 24։45)։

Դատարանին մէջ մեր տարած յաղթանակները՝ մեր լաւ փաստաբաններ ըլլալուն պատճառաւ չէ միայն։ Շատ անգամ, դատաւորներն ու պետական անձնաւորութիւնները, Եհովային ծառաներուն լաւ վարքէն ազդուելով՝ մեր օգտին համար որոշումներ կ’առնեն։ Ասոր մէկ օրինակը տեսայ 1998–ին, երբ Կառավարիչ մարմինի երեք անդամներ ու իրենց կիները Քուպայի մէջ մասնաւոր համաժողովներուն ներկայ եղան։ Անոնց ազնիւ ու յարգալից վարքը, պետական պաշտօնեաներուն համար աւելի՛ մեծ փաստ մը եղաւ թէ Վկաները չէզոք են, քան՝ ինչ որ մենք՝ փաստաբաններս՝ ըսինք պաշտօնական հանդիպումներուն ընթացքին։

Բայց եթէ օրինական հարցերը չկրնանք համաձայնութեամբ լուծել, դատարան կը դիմենք «բարի լուրը պաշտպանելու եւ օրինապէս հաստատելու» համար (Փլպ. 1։7, ՆԱ)։ Օրինակ, Եւրոպայի եւ Հարաւային Քորէայի պետական պաշտօնեաները տարիներով մերժեցին մեզի տալ՝ զինուորութիւն ընելը մերժելու իրաւունքը։ Ասոր համար, Եւրոպայի մէջ շուրջ 18,000 եղբայրներ եւ Հարաւային Քորէայի մէջ աւելի քան 19,000 եղբայրներ բանտարկուեցան, քանի որ իրենց խիղճը չներեց զինուորութիւն ընել։

Վերջապէս, 7 յուլիս 2011–ին, ՄԻԵԴ–ը Պայաթեան ընդդէմ Հայաստան դատին նկատմամբ պատմական վճիռ մը արձակեց։ Այդ վճիռը, բոլոր եւրոպական պետութիւններէն կը պահանջէր քաղաքացիական ծառայութիւնը արտօնել բոլոր անոնց, որոնք կը մերժեն զինուորութիւն ընել իրենց կրօնական հաւատալիքներուն պատճառաւ։ 28 յունիս 2018–ին, Հարաւային Քորէայի սահմանադրական դատարանը նման վճիռ մը արձակեց։ Եթէ մեր երիտասարդ եղբայրներէն նոյնիսկ քանի մը հատը չէզոք չմնային, այս կարեւոր յաղթանակները երբեք պիտի չունենայինք։

Կեդրոնատեղիին եւ աշխարհի չորս կողմը գտնուող մասնաճիւղերուն Օրինական բաժանմունքները գիշեր–ցերեկ կ’աշխատին, որ Թագաւորութեան շահերը պաշտպանեն։ Մեզի համար պատիւ է հալածուող եղբայրներն ու քոյրերը ներկայացնել դատարանին մէջ։ Նոյնիսկ եթէ դատ մը չշահինք, տակաւին կը յաջողինք վկայութիւն տալու կառավարիչներու ու թագաւորներու (Մատ. 10։18)։ Դատաւորները, պետական ներկայացուցիչները, լրատուամիջոցները եւ ուրիշներ կը ստիպուին նկատի առնել այն համարները, որոնք կը յիշենք մեր օրինական փաստաթուղթերուն ու դատարաններուն մէջ։ Ասանկով, բարի մարդիկ կը գիտնան թէ ո՛վ են Եհովայի վկաները, եւ թէ անոնք իրենց հաւատալիքները կը հիմնեն Սուրբ Գիրքին վրայ։ Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ սկսած են Եհովան պաշտել։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ, ԵՀՈՎԱ

Վերջին 40 տարիներուն ընթացքին, առանձնաշնորհումը ունեցած եմ օրինական հարցերով զբաղելու՝ աշխարհի չորս կողմը գտնուող մասնաճիւղերուն հետ, նաեւ ներկայանալու՝ շատ մը բարձրագոյն ատեաններու եւ պետական կարեւոր պաշտօնեաներու առջեւ։ Շատ կը սիրեմ եւ կը գնահատեմ անոնք, որոնց հետ կ’աշխատիմ կեդրոնատեղիի Օրինական բաժանմունքին եւ միւս մասնաճիւղերուն օրինական բաժանմունքներուն մէջ։ Կեանքս շատ օրհնութիւններով լեցուն եղած է եւ շատ գոհ եմ։

Ֆիլիփ եւ Էլիզապէթ Պրըմլի

Էլիզապէթը, հաւատարմօրէն եւ սիրով ինծի կռնակ կեցած է վերջին 45 տարիներուն ընթացքին, թէ՛ լաւ եւ թէ՛ գէշ օրերուն, հակառակ որ կը տառապի հիւանդութենէ մը որ զինք կը տկարացնէ։ Ասոր համար զինք շա՛տ կը գնահատեմ։

Մեր աչքերով տեսած ենք թէ մեր յաղթանակները մեր ուժով չեն։ Հապա ինչպէս որ Դաւիթ ըսաւ. «Տէրը [իր ժողովուրդին] ոյժն է» (Սաղ. 28։8)։ Իրապէ՛ս, «պատերազմը Եհովայինն է»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել