ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ
Սերտէ՛ որ սորվածդ ուրիշներուն խօսիս
Սերտողութեան նիստերը կրնան մեզ թարմացնել։ Բայց կրնանք աւելի՛ թարմանալ, երբ մեր սորված հոգեւոր գանձերը ուրիշներուն խօսինք։ «Ուրիշները թարմացնողը՝ ինքն ալ կը թարմանայ» (Առ. 11։25, ՆԱ)։
Երբ մեր սորվածները ուրիշներուն խօսինք, ասիկա մեզի կ’օգնէ որ այդ կէտերը աւելի դիւրաւ յիշենք եւ աւելի հասկնանք։ Եւ քանի որ այդ կէտերը կրնան ուրիշներուն օգտակար դառնալ, ատոնք ուրիշներուն պատմելը մեզի ուրախութիւն կու տայ (Գործք 20։35)։
Ասիկա փորձէ՛։ Եկող շաբաթ, առիթներ փնտռէ որ սորվածդ ուրիշներուն պատմես։ Կրնաս խօսիլ ընտանիքիդ մէկ անդամին, ժողովքէդ մէկու մը, գործակիցի մը, դասընկերի մը, դրացիի մը, կամ ծառայութեան մէջ մէկու մը որ հանդիպեցար։ Փորձէ սորված կէտերուդ մասին քու բառերովդ խօսիլ՝ պարզ ու յստակ կերպով։
Մի՛ մոռնար։ Սորվածդ ուրիշներուն խօսէ զիրենք քաջալերելո՛ւ համար, եւ ո՛չ թէ ցուցնելու համար որ դուն որքան գիտես (Ա. Կոր. 8։1)։