Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Օգոստոս էջ 8-13
  • Ընդունէ որ Եհովան քեզ կը սիրէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ընդունէ որ Եհովան քեզ կը սիրէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՍԻՐԷ
  • Ի՞ՆՉԸ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ ԹԷ ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՍԻՐԷ
  • ՅԻՍՈՒՍ ՄԵԶԻ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ ԹԷ ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՍԻՐԷ
  • ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԱՄՈԶՈՒՄԴ ԶՕՐԱՑՆԵԼ
  • Եհովան վրադ կը գուրգուրայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Փրկանքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Եհովային սէրը յաւիտեան է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Խոնարհաբար ընդունէ բաներ որ չես գիտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Օգոստոս էջ 8-13

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 33

ԵՐԳ 22 ‘Եհովան իմ Հովիւս է’

Ընդունէ որ Եհովան քեզ կը սիրէ

«Ողորմութեամբ [«հաւատարիմ սիրով», ՆԱ] քեզ քաշեցի» (ԵՐ. 31։3)։

ՆԻՒԹ

Ինչո՞ւ պէտք է ընդունինք որ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ ինչպէ՞ս կրնանք աւելի համոզուիլ ասոր։

1. Ինչո՞ւ համար Եհովային նուիրուեցար (տե՛ս նաեւ նկարը)։

ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս երբ Եհովային նուիրուեցար։ Դուն այդ որոշումը առիր, քանի որ Եհովան ճանչցար եւ սիրեցիր։ Դուն իրեն խոստացար որ իր կամքը ընելը ամէնէն կարեւոր բանը պիտի ըլլայ քեզի համար, եւ թէ պիտի շարունակես զինք սիրել ամբողջ սրտով, անձով, մտքով եւ զօրութիւնով (Մար. 12։30)։ Ատկէ ի վեր, իրեն հանդէպ սէրդ երթալէն աւելի զօրացած է։ Լաւ, ի՞նչ կը պատասխանես եթէ մէկը քեզի հարցնէ. «Վստա՞հ ես որ Եհովան կը սիրես»։ Թերեւս շուտով ըսես. «Անշո՛ւշտ, որեւէ բանէ կամ ոեւէ անձէ աւելի կը սիրեմ»։

Քոյր մը կը խոկայ իր նուիրումին ու մկրտութեան մասին։ 1. Ան բացօթեայ տեղ մը նստած կ’աղօթէ։ 2. Ան գետի մը մէջ կը մկրտուի։

Կը յիշե՞ս թէ որքա՛ն կը սիրէիր Եհովան, երբ իրեն նուիրուեցար եւ մկրտուեցար (տե՛ս պարբերութիւն 1)


2-3. Եհովան կ’ուզէ որ ի՞նչ բանի համոզուած ըլլանք, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք (Երեմիա 31։3)։

2 Լաւ, ի՞նչ կը պատասխանես երբ մէկը հարցնէ. «Վստա՞հ ես որ Եհովան կը սիրէ քեզ»։ Կրնայ ըլլա՞լ որ կասկածիս եւ զգաս թէ դուն չես արժեր Եհովային սէրը։ Քոյր մը որ սիրալիր ծնողք մը չէ ունեցած, կ’ըսէ. «Ես գիտեմ որ Եհովան կը սիրեմ։ Բնաւ կասկած չունիմ ասկէ։ Բայց շատ անգամներ կասկած կ’ունենամ, թէ արդեօք Եհովան կը սիրէ՞ զիս»։ Լաւ, Եհովան իսկապէս ի՞նչ կը զգայ քեզի հանդէպ։

3 Եհովան կ’ուզէ որ համոզուած ըլլաս, թէ ինք քեզ կը սիրէ (կարդա՛ Երեմիա 31։3)։ Եհովան ինքն է որ քեզ իրեն քաշեց։ Եւ երբ կեանքդ իրեն նուիրեցիր ու մկրտուեցար, իսկապէս արժէքաւոր բան մը ստացար, որ է՝ իր հաւատարիմ սէրը։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ ան քեզ շատ կը սիրէ եւ թէ բնա՛ւ քեզ մինակ պիտի չձգէ։ Իր սէրը զինք կը մղէ, որ իր հաւատարիմ ծառաները նկատէ ‘իր սեփական գանձը’, մէջը ըլլալով դուն (Մաղ. 3։17)։ Եհովան կ’ուզէ որ վստահ ըլլաս, թէ ինք քեզ կը սիրէ, ճիշդ ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ վստահ էր թէ Եհովան զինք կը սիրէ։ Ան համոզումով ըսաւ. «Ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն» (Հռով. 8։38, 39)։ Այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք թէ ինչո՛ւ պէտք է զօրացնենք մեր համոզումը թէ Եհովան մեզ կը սիրէ, եւ թէ ի՛նչ բաներ կրնան մեզի օգնել որ ասիկա ընենք։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՍԻՐԷ

4. Ինչպէ՞ս կրնանք «Սատանային հնարքներուն դէմ դնել»։

4 Եթէ ընդունինք որ Եհովան մեզ կը սիրէ, կրնանք «Սատանային հնարքներուն դէմ դնել» (Եփ. 6։11)։ Սատանան ամէն գնով կ’ուզէ արգելք ըլլալ որ Եհովային ծառայենք։ Ատեններ այս նպատակին հասնելու համար ան կը փորձէ մեզ համոզել, թէ Եհովան մեզ չի սիրեր։ Բայց ասիկա շատ գէշ սուտ մըն է։ Սուրբ Գիրքը Սատանան առիւծի կը նմանցնէ (Ա. Պետ. 5։8, 9)։ Առիւծը ընդհանրապէս իր որսին վրայ կը յարձակի, երբ ատիկա տկար է եւ չի կրնար ինքզինք պաշտպանել։ Սատանան նոյն կերպով առիթը կ’օգտագործէ եւ մեր վրայ կը յարձակի, երբ մենք տկար, յոգնած եւ տխուր ըլլանք, ըլլա՛յ ատիկա անցեալի եղածներուն, մեր ներկայ դժուարութիւններուն կամ ալ մտահոգութիւններուն պատճառով (Առ. 24։10)։ Սատանան կը փորձէ մեր տկար վիճակը օգտագործել, որպէսզի յանձնուինք։ Բայց մենք կրնանք ‘հակառա՛կ կենալ Սատանային’ եւ անոր խորամանկ խաղերուն, եթէ մեր համոզումը զօրացնենք թէ Եհովան մեզ կը սիրէ (Յակ. 4։7)։

5. Ինչո՞ւ պէտք ունինք զգալու, թէ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ կ’արժեւորէ։

5 Եթէ ընդունինք որ Եհովան մեզ կը սիրէ, կրնանք իրեն աւելի մօտենալ։ Ինչո՞ւ։ Երբ Եհովան մեզ ստեղծեց, մեր մէջ դրաւ սիրելու ու սիրուելու պէտքը։ Երբ մէկը մեզ սիրէ, ինքնաբերաբար մենք ալ կը սկսինք զինք սիրել։ Ուրեմն որքա՛ն աւելի զգանք որ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ կ’արժեւորէ, այնքա՛ն աւելի զինք պիտի սիրենք (Ա. Յովհ. 4։19)։ Իսկ երբ Եհովային հանդէպ մեր սէրը աւելնայ, մեզի հանդէպ իր սէրն ալ պիտի աւելնայ։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակ. 4։8)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք զօրացնել մեր համոզումը, թէ Եհովան մեզ կը սիրէ։

Ի՞ՆՉԸ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ ԹԷ ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՍԻՐԷ

6. Եթէ վստահ չես որ Եհովան քեզ կը սիրէ, ի՞նչ կրնաս ընել։

6 Աղօթքով միշտ խնդրէ, որ Եհովան քեզի օգնէ հասկնալու թէ քեզ ինչո՛ւ կը սիրէ (Ղուկ. 18։1. Հռով. 12։12)։ Կրնաս նոյնիսկ օրական մի քանի անգամ խնդրել Եհովայէն որ քեզի օգնէ, որ իր աչքով նայիս դուն քեզի։ Ատեններ դուն քու անձիդ հանդէպ այնքա՛ն գէշ կրնաս զգալ, որ քեզի համար դժուար կ’ըլլայ հաւատալը թէ Եհովան քեզ կը սիրէ։ Բայց միշտ յիշէ որ Եհովան քու սրտէդ մեծ է (Ա. Յովհ. 3։19, 20)։ Ան քեզ քու անձէդ աւելի լաւ գիտէ եւ քու մէջդ կը տեսնէ ի՛նչ որ դուն չես տեսներ (Ա. Թագ. 16։7. Բ. Մն. 6։30)։ Ասոր համար, ‘սիրտդ բաց’ իրեն եւ իրմէ խնդրէ, որ քեզի օգնէ իր սէրը ընդունելու (Սաղ. 62։8)։ Աղօթելէդ ետք, կարեւոր է որ հետեւեալ բաներն ալ ընես։

7-8. Սաղմոսները մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնեն որ համոզուինք, թէ Եհովան մեզ կը սիրէ։

7 Հաւատա՛ Եհովային ըսածներուն։ Ան Սուրբ Գիրքը գրողները մղեց որ զինք նկարագրեն ճիշդ ինչպէս որ է։ Նկատի առ, թէ Դաւիթ ի՜նչ գեղեցիկ բան մը ըսաւ Եհովային մասին. «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ» (Սաղ. 34։18)։ Երբ տխուր ըլլաս, կրնայ ըլլալ որ բոլորովին մինակ զգաս։ Բայց Եհովան կը խոստանայ որ քովդ պիտի ըլլայ, որովհետեւ գիտէ թէ մանաւանդ ասանկ ատեններ իրեն աւելի պէտք կ’ունենաս։ Դաւիթ նաեւ ըսաւ. «Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր» (Սաղ. 56։8)։ Եհովան նեղութիւններդ կը տեսնէ։ Ան շատ հետաքրքրուած է քեզմով եւ քու ցաւդ կը զգայ։ Ճիշդ ինչպէս որ անապատին մէջ ճամբորդողի մը համար ջուրի տիկին մէջի ամէն մէկ կաթիլը արժէքաւոր է, նոյնպէս Եհովային քով ամէն մէկ արցունքդ արժէքաւոր է։ Սաղմոս 139։3–ին մէջ գրուած է. «Իմ բոլոր ճամբաներս գիտես»։ Եհովան կը տեսնէ բոլոր ճամբաներդ, բայց լաւ գործերուդ վրայ կը կեդրոնանայ (Եբ. 6։10)։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ան կ’արժեւորէ բոլոր այդ ջանքերը, որ կը թափես զինք ուրախացնելու համարa։

8 Եհովան ասոնց նման համարներ կը գործածէ, որ քեզի ըսէ թէ ինք քեզ շա՛տ կը սիրէ եւ քեզմով հետաքրքրուած է։ Բայց ինչպէս որ նախապէս տեսանք, Սատանան կ’ուզէ որ դուն հաւատաս թէ Եհովան քեզ չի սիրեր։ Այս պատճառաւ, եթէ երբեմն կասկածիս թէ Եհովան քեզ կը սիրէ, կեցիր եւ մտածէ. «Որո՞ւն հաւատամ, ‘սուտին հօր’ թէ ոչ ‘ճշմարտութեան Աստուծոյն’ (Յովհ. 8։44. Սաղ. 31։5)։

9. Եհովան ի՞նչ կը խոստանայ զինք սիրողներուն (Ելից 20։5, 6)։

9 Մտածէ թէ Եհովան ի՛նչ կը զգայ զինք սիրողներուն հանդէպ։ Նկատի առ թէ Եհովան ի՛նչ ըսաւ Մովսէսին ու իսրայէլացիներուն (կարդա՛ Ելից 20։5, 6)։ Եհովան կը խոստանայ որ պիտի շարունակէ «հաւատարիմ սէր» ցոյց տալ զինք սիրողներուն հանդէպ, եւ ասիկա մեզ կը վստահեցնէ որ եթէ զինք սիրենք՝ ինքն ալ մեզ անպայման պիտի սիրէ (Նէ. 1։5, ՆԱ)։ Ուրեմն, երբ սկսիս կասկածիլ թէ Եհովան քեզ կը սիրէ, կեցիր ու դուն քեզի հարցուր. ‘Ես կը սիրե՞մ Եհովան’։ Ետքը, մտածէ ասոր մասին. եթէ դուն զինք կը սիրես եւ ամէն ջանքդ կ’ընես որ իր սիրտը ուրախացնես, կրնաս աչքդ գոց վստահ ըլլալ որ ինքն ալ քեզ շատ կը սիրէ (Դան. 9։4. Ա. Կոր. 8։3)։ Ուրիշ խօսքով, եթէ քու սիրոյդ վրայ կասկած չունիս, ինչո՞ւ պիտի կասկածիս Եհովային սիրոյն վրայ։ Քեզի հանդէպ Եհովային սէրն ու հաւատարմութիւնը հարիւր առ հարիւր վստահելի են։

10-11. Եհովան կ’ուզէ որ փրկանքը ինչպէ՞ս նկատես (Գաղատացիս 2։20)։

10 Փրկանքին վրայ խոկա՛։ Յիսուսին փրկանքը Եհովային կողմէ մարդկութեան տրուած մեծագոյն նուէրն է (Յովհ. 3։16)։ Բայց արդեօք Եհովան այս նուէրը անձնապէս քեզի համա՞ր ալ տուաւ։ Այո՛։ Նկատի առ թէ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեայ ըլլալէն առաջ շատ գէշ բաներ ըրած էր եւ ատկէ ետք պէտք էր միշտ իր տկարութիւններուն դէմ պայքարէր (Հռով. 7։24, 25. Ա. Տիմ. 1։12-14)։ Բայց ան վստահ էր որ փրկանքը Եհովային կողմէ իրե՛ն տրուած անձնական նուէր էր (կարդա՛ Գաղատացիս 2։20)։ Յիշէ թէ Եհովան ինքն է որ Պօղոսը մղեց այս խօսքը գրելու, ուրեմն ան կ’ուզէ որ անոր գրածէն սորվինք (Հռով. 15։4)։ Պօղոսին խօսքը ցոյց կու տայ, որ Եհովան կ’ուզէ որ դուն ալ փրկանքը նկատես՝ իրմէ քեզի տրուած անձնական նուէր մը։ Երբ փրկանքը այս աչքով դիտես, համոզումդ պիտի զօրանայ թէ Եհովան քեզ ալ անձնապէս կը սիրէ։

11 Մենք շատ շնորհակալ ենք որ Եհովան Յիսուսը ղրկեց, որ մեզի համար մեռնի։ Բայց ուրիշ պատճառ մըն ալ կար իր երկիր ղրկուելուն՝ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը խօսիլ (Յովհ. 18։37)։ Օրինակ, ան մեզ սորվեցուց, որ Եհովան որչա՜փ կը սիրէ իր զաւակները։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԵԶԻ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ ԹԷ ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՍԻՐԷ

12. Ինչո՞ւ կրնանք հաւատալ ամէն բանի որ Յիսուս Եհովային մասին ըսաւ։

12 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, խանդավառութեամբ մարդոց ցուցուց որ Եհովան ինչպիսի Աստուած մըն է (Ղուկ. 10։22)։ Մենք կրնանք հաւատալ ամէն բանի որ Յիսուս Եհովային մասին ըսաւ, քանի որ ան երկիր գալէն առաջ Եհովային հետ միլիառաւոր տարիներ երկինքը ապրած էր (Կող. 1։15)։ Յիսուս գիտէր որ Եհովան որքա՜ն կը սիրէ զինք եւ իր բոլոր հաւատարիմ ծառաները։ Լաւ, Յիսուս ուրիշներուն ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ Եհովային սէրը ընդունին։

13. Յիսուս ինչպէ՞ս կ’ուզէ որ Եհովան նկատենք։

13 Յիսուս կ’ուզէ որ Եհովան նկատենք ինչպէ՛ս որ ինք կը նկատէ։ Աւետարաններուն մէջ, Յիսուս Եհովային ակնարկեց իբրեւ «Հայր»՝ աւելի քան 160 անգամ։ Երբ իր հետեւորդներուն կը խօսէր, ան գործածեց ասոնց նման արտայայտութիւններ՝ «ձեր Հայրը» կամ «ձեր երկնաւոր Հայրը» (Մատ. 5։16. 6։26)։ Յիսուս երկիր գալէն առաջ, Եհովային հաւատարիմ ծառաները Եհովային ակնարկելու համար կը գործածէին այսպիսի տիտղոսներ՝ «Ամենակարող», «Բարձրեալ», «Ստեղծիչ»։ Բայց Յիսուս շատ անգամ Եհովան կոչեց մեր «Հայրը»։ Այս արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Եհովան կ’ուզէ որ իր զաւակները իրեն մօտիկ զգան, ճիշդ ինչպէս որ զաւակ մը իր սիրալիր հօրը մօտիկ կը զգայ։ Ուրեմն, Յիսուս կ’ուզէ որ Եհովան նկատենք ինչպէ՛ս որ ինք կը նկատէ. հայր մը՝ որուն աչքին իր զաւակները շատ արժէքաւոր են։ Հիմա նկատի առնենք երկու պարագաներ, երբ Յիսուս «Հայր» արտայայտութիւնը գործածեց։

14. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ ամէն մէկս մեր երկնաւոր Հօր աչքին արժէքաւոր ենք (Մատթէոս 10։29-31) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Նախ նկատի առնենք Մատթէոս 10։29-31–ին մէջ Յիսուսին խօսքերը (կարդա՛)։ Ճնճղուկները պզտլիկ թռչուններ են, որոնք չեն կրնար Եհովան սիրել ու պաշտել։ Բայց մեր Հայրը այնքա՛ն արժէք կու տայ ճնճղուկի մը, որ գիտէ երբ ատիկա գետին իյնայ։ Եթէ Եհովան պզտլիկ թռչունի մը այսքա՛ն արժէք կու տայ եւ հոգ կը տանի, հապա որքա՛ն աւելի՝ մեզմէ ամէն մէկուս, որ զինք կը սիրենք եւ կը պաշտենք։ Յիսուս նաեւ ըսաւ որ մեր Հայրը գիտէ, թէ ամէն մէկս իր գլխուն վրայ քանի՛ մազ ունինք։ Եթէ Եհովան մեր մասին այսքա՛ն փոքր մանրամասնութիւններ գիտէ, ուրեմն կրնանք բոլորովին վստահ ըլլալ, որ ան մեզմով շատ հետաքրքրուած է։ Յստակ է թէ Յիսուս կ’ուզէ որ ընդունինք, թէ ամէն մէկս մեր երկնաւոր Հօր աչքին արժէքաւոր ենք։

Յիսուս ձեռքով ցոյց կու տայ ճնճղուկ մը։ Իր աշակերտները ուշի ուշով մտիկ կ’ընեն։

Եհովան ճնճղուկին այնքա՛ն արժէք կու տայ, որ կը գիտնայ երբ ատիկա գետին իյնայ. ուրեմն, ան որքա՜ն աւելի արժէք կու տայ քեզի, դո՛ւն որ զինք կը սիրես ու կը պաշտես (տե՛ս պարբերութիւն 14)


15. Յովհաննէս 6։44–ին մէջ Յիսուսին խօսքը քեզի ի՞նչ կ’ըսէ երկնաւոր Հօրդ մասին։

15 Նկատի առ երկրորդ պարագան, երբ Յիսուս «Հայր» արտայայտութիւնը գործածեց (կարդա՛ Յովհաննէս 6։44)։ Երկնաւոր Հայրդ մեղմօրէն քեզ քաշեց եւ ճշմարտութեան բերաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ քու լաւ յատկութիւններդ տեսաւ (Գործք 13։48)։ Երբ Յիսուս Յովհաննէս 6։44–ին խօսքը ըսաւ, թերեւս կ’ակնարկէր Երեմիային խօսքին, Երեմիա 31։3–ին մէջ (ՆԱ), ուր Եհովան կ’ըսէ. «Հաւատարիմ սիրով քեզ քաշեցի» (համեմատէ՛ Ովսէէ 11։4)։ Մէկ հատ մտածէ ասիկա ի՛նչ ըսել է։ Սիրալիր երկնաւոր Հայրդ միշտ կը տեսնէ լաւ յատկութիւններդ, որոնք թերեւս դուն չես տեսներ։

16. ա) Յիսուս մեզի ի՞նչ սորվեցուցած է, եւ ինչո՞ւ պէտք է հաւատանք իրեն։ բ) Ի՞նչը կրնայ համոզումդ զօրացնել որ Եհովան լաւագոյն Հայրն է (տե՛ս «Մենք Եհովայի՛ն պէս Հօր մը պէտք ունինք» տուփը)։

16 Յիսուս մեզի սորվեցուց որ Եհովան ոչ միայն իր Հայրն է, այլեւ քու Հայրդ։ Յիսուս կ’ուզէ որ համոզուած ըլլաս, թէ Եհովան քեզ կը սիրէ եւ քեզմով շատ հետաքրքրուած է։ Անոր համար, եթէ ատեններ կասկածիս որ Եհովան քեզ կը սիրէ, դուն քեզի հարցուր. ‘Պէտք չէ՞ Յիսուսին ըսածներուն հաւատամ։ Ինքը ամէնէն շատը գիտէ Եհովան եւ միշտ իրականութիւնը կը խօսի’ (Ա. Պետ. 2։22)։

Մենք Եհովայի՛ն պէս Հօր մը պէտք ունինք

Մենք Եհովայի՛ն պէս Հօր մը պէտք ունինք։ Ան զօրաւոր, արդար, իմաստուն եւ սիրալիր է։ Բնա՛ւ երեսի վրայ չի ձգեր իր հաւատարիմ զաւակները։

Քոյր մը, որուն հայրը գէշ կերպով կը վարուէր իրեն հետ, բացատրեց որ Եհովային յատկութիւններուն մասին սերտելը ինչպէ՛ս օգնեց իրեն. «Պզտիկուց կը վախնայի հօրմէս։ Բայց Եհովային յատկութիւնները սերտելէս ետք, հասկցայ որ լաւ հայր մը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ։ Ես գիտե՛մ որ Եհովան զիս կը սիրէ, եւ ես ալ իմ Հայրս՝ Եհովան կը սիրեմ»։ Եհովային յատկութիւնները սերտող ուրիշ քրիստոնեայ մը ըսաւ. «Եհովան իրապէս լաւագոյն Հայրն է որ կրնանք ունենալ»։

Եթէ կ’ուզես աւելի համոզուիլ որ Եհովան լաւագոյն Հայրն է, կրնաս իր գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին աւելի սերտել մեր հրատարակութիւններուն մէջ։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԱՄՈԶՈՒՄԴ ԶՕՐԱՑՆԵԼ

17. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք մեր համոզումը զօրացնել, թէ Եհովան մեզ կը սիրէ։

17 Պէտք է շարունակենք մեր համոզումը զօրացնել, թէ Եհովան մեզ կը սիրէ։ Ինչպէս որ նախապէս սորվեցանք, մեր խորամանկ թշնամին՝ Սատանան ամէն բան կ’ընէ որ մեզ Եհովային ծառայելէ ետ կեցնէ։ Ան կ’ուզէ մեզ տկարացնել։ Ատոր համար ալ պիտի շարունակէ փորձել որ մեզ համոզէ, թէ Եհովան մեզ չի սիրեր։ Պէտք չէ՛ Սատանային սուտին հաւատանք (Յոբ 27։5)։

18. Ի՞նչ կրնաս ընել համոզուելու համար, թէ Եհովան կը սիրէ քեզ։

18 Այս յօդուածին մէջ տեսար թէ ի՛նչ կրնաս ընել համոզուելու համար, որ Եհովան կը սիրէ քեզ։ Աղօթքով իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ տեսնելու այն լաւ յատկութիւնները, որ ինք կը տեսնէ քու մէջդ։ Խոկա՛ այն համարներուն վրայ, որոնք կը ցուցնեն թէ Եհովան որքա՜ն հետաքրքրուած է քեզմով։ Յիշէ որ Եհովան անպայման կը սիրէ զինք սիրողները։ Բնաւ մի՛ մոռնար որ փրկանքը քեզի տրուած անձնական նուէր մըն է։ Եւ լման համոզուած եղիր որ Եհովան քու երկնաւոր Հայրդ է, ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ։ Այսպիսով, եթէ մէկը քեզի հարցնէ. «Վստա՞հ ես որ Եհովան կը սիրէ քեզ», պիտի կարենաս ինքնավստահութեամբ պատասխանել. «Այո՛ կը սիրէ։ Եւ ես ամէն ջանքս կը թափեմ որ իմ սէրս ցուցնեմ իրեն հանդէպ»։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ինչո՞ւ պէտք է ընդունինք որ Եհովան մեզ կը սիրէ։

  • Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ ընդունինք, թէ Եհովան մեզ կը սիրէ։

  • Յիսուս մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ ընդունինք, թէ Եհովան մեզ կը սիրէ։

ԵՐԳ 154 Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար

a Եհովային սէրը յայտնող ուրիշ համարներ գտնելու համար, տե՛ս «Կասկածներ» նիւթը՝ Քրիստոնեային կեանքին օգտակար եղող համարներ հրատարակութեան մէջ (արաբ.)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել