ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 35
ԵՐԳ 83 Պէտք է ժուժկալ ըլլանք
Կրնա՛ս սխալ ցանկութիւններուդ դէմ դնել
«Ա՛լ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմնին վրայ, որ անոր ցանկութիւններուն հնազանդիք» (ՀՌՈՎ. 6։12)։
ՆԻՒԹ
Պիտի տեսնենք թէ 1) ինչպէ՛ս կրնանք չյուսահատիլ երբ սխալ ցանկութիւններ ունենանք, եւ 2) ինչպէ՛ս կրնանք դէմ դնել փորձութիւններուն։
1. Բոլոր անկատար մարդիկը ի՞նչ պայքար մը ունին։
ՊԱՏԱՀԱ՞Ծ է որ շատ ուզած ես ընել բան մը որ Եհովան չ’ուզեր ընես։ Եթէ այո, մի՛ յուսահատիր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած» (Ա. Կոր. 10։13)։ Այսինքն՝ ուրիշներն ալ կ’ունենան այն սխալ ցանկութիւնները որ դուն կ’ունենաս։ Բայց Եհովային օգնութեամբ կրնա՛ս ատոնց դէմ դնել։
2. Կարգ մը քրիստոնեաներ եւ Սուրբ Գիրքը սերտողներ ի՞նչ տեսակ փորձութիւններու առջեւ կրնան գտնուիլ (տե՛ս նաեւ նկարները)։
2 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած» (Յակ. 1։14)։ Ամէն մարդ նոյն ցանկութեամբ չի փորձուիր։ Օրինակ, կրնայ ըլլալ ոմանք հակառակ սեռէն եղող մէկու մը հետ անբարոյութիւն գործելու փորձութեան առջեւ գտնուին, իսկ ուրիշներ՝ նոյն սեռէն եղող մէկու մը հետ։ Անոնք որ պոռնկագրութիւն դիտելէ դադրած են, թերեւս զօրաւոր ցանկութիւն ունենան նոյն սովորութեան դառնալու։ Նոյնն է պարագան անոնց, որոնք դադրած են թմրեցուցիչ գործածելէ կամ շատ ալքոլ խմելէ։ Նշեցինք միայն մի քանի ցանկութիւններ, որ կարգ մը քրիստոնեաներ եւ Սուրբ Գիրքը սերտողներ կրնան ունենալ։ Շատ հաւանաբար, մեզմէ ամէ՛ն մէկը օր մը օրանց զգացած է ճիշդ ինչպէ՛ս որ Պօղոս առաքեալ զգաց. «Երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ» (Հռով. 7։21)։
Փորձութիւնը կրնայ որեւէ ժամանակ եւ որեւէ տեղ յանկարծ մեր առջեւը ելլել (տե՛ս պարբերութիւն 2)c
3. Եթէ մէկը միշտ նոյն սխալ ցանկութեան դէմ կը պայքարի, թերեւս ի՞նչ զգայ։
3 Եթէ միշտ նոյն սխալ ցանկութեան դէմ կը պայքարիս, թերեւս տեղ մը գայ որ անկարող զգաս ատոր դէմ դնելու։ Թերեւս նաեւ անյոյս զգաս, ենթադրելով որ Եհովան քեզ մերժած է պարզապէս քանի որ այդ սխալ ցանկութիւնը ունիս։ Բայց, իրականութեան մէջ, դուն ոչ անկարող ես, ոչ ալ՝ անյոյս։ Ասիկա բացատրելու համար, այս յօդուածին մէջ պիտի պատասխանենք այս երկու հարցումներուն. 1) Ինչո՞ւ անկարող եւ անյոյս կը զգաս։ 2) Ինչպէ՞ս կրնաս սխալ ցանկութիւններուն դէմ պայքարը շահիլ։
«ՉԱՐԸ» Ի՞ՆՉ Կ’ՈՒԶԷ ՈՐ ԶԳԱՆՔ
4. ա) Սատանան ինչո՞ւ կ’ուզէ որ անկարող զգանք։ բ) Մենք ինչո՞ւ անկարող չենք փորձութիւններու առջեւ։
4 Սատանան կ’ուզէ որ անկարող զգանք, երբ փորձութեան առջեւ ըլլանք։ Յիսուս ասիկա գիտէր, եւ անոր համար իր հետեւորդներուն ըսաւ որ այսպէս աղօթեն. «Մեզ փորձութեան մի՛ տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ» (Մատ. 6։13)։ Սատանան կ’ըսէ որ մենք Եհովային չենք հնազանդիր, երբ փորձութեան առջեւ ըլլանք (Յոբ 2։4, 5)։ Բայց ասիկա ծիծաղելի է, քանի որ Սատանան ի՛նքն էր որ իր ցանկութիւնը չզսպեց եւ չուզեց Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Ան կը կարծէ թէ մենք իրեն պէս ենք, թէ շուտով կռնակ պիտի դարձնենք Եհովային, երբ փորձութեան առջեւ ըլլանք։ Սատանան նոյնիսկ կարծեց որ Աստուծոյ կատարեալ Որդին պիտի չկրնայ դէմ դնել փորձութեան (Մատ. 4։8, 9)։ Բայց արդեօք մենք իրապէս անկարո՞ղ ենք փորձութիւններու առջեւ։ Անշուշտ ո՛չ։ Մենք Պօղոս առաքեալին պէս կ’ըսենք. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փլպ. 4։13)։
5. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Եհովան վստահ է, որ կրնանք մեր սխալ ցանկութիւններուն դէմ դնել։
5 Եհովան Սատանային ճիշդ հակառակն է։ Ան վստահ է որ կրնանք մեր սխալ ցանկութիւններուն դէմ դնել։ Ինչպէ՞ս գիտենք ասիկա։ Որովհետեւ Եհովան մարգարէացաւ, որ հաւատարիմ մեծ բազմութիւն մը մեծ նեղութենէն պիտի ազատի։ Պահ մը մտածէ՛։ Եհովան, որ չի կրնար սուտ խօսիլ, ըսաւ թէ մե՛ծ բազմութիւն մը, եւ ոչ թէ՝ պզտիկ, պիտի մտնեն նոր աշխարհ ‘իրենց հանդերձները լուացած ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած’, ինչ որ ըսել է թէ Եհովային աչքին մաքուր պիտի սեպուին (Յայտ. 7։9, 13, 14)։ Յստակ է, թէ Եհովան մեզ անկարող չի տեսներ եւ գիտէ որ կրնա՛նք մեր սխալ ցանկութիւններուն դէմ դնել։
6-7. Սատանան ինչո՞ւ կ’ուզէ որ անյոյս զգանք։
6 Սատանան կ’ուզէ որ ոչ միայն անկարող զգանք, այլեւ անյոյս զգանք, այսինքն՝ զգանք որ Եհովան մեզ պիտի մերժէ ու պատժէ պարզապէս քանի որ սխալ ցանկութիւններ ունինք։ Ասիկա ալ ծիծաղելի է։ Սատանան ի՛նքն է որ անյոյս է, քանի որ Եհովան մերժած է յաւիտենական կեանք տալ իրեն (Ծն. 3։15. Յայտ. 20։10)։ Սատանան կ’ուզէ որ մենք ալ իրեն պէս անյոյս զգանք, մանաւանդ քանի որ մեր առջեւը ունինք յոյս մը՝ որ ինք կորսնցուցած է։ Այո՛, մենք անյոյս չենք։ Ընդհակառակը, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Եհովան կ’ուզէ մեզի օգնե՛լ եւ ոչ թէ պատժել։ Ան «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։
7 Եթէ հաւատանք որ փորձութիւններու առջեւ անկարող կամ անյոյս ենք, ուրեմն կը մտածենք ինչպէս որ Սատանան կ’ուզէ որ մտածենք։ Ասիկա հասկնալը մեզի կ’օգնէ որ աւելի՛ կամք ընենք իրեն դէմ դնելու (Ա. Պետ. 5։8, 9)։
ՄԵՐ ՄԵՂԱՒՈՐ ՎԻՃԱԿԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ԶԳԱՑՆԷ ՄԵԶ
8. «Մեղք» բառը ի՞նչ կը նշանակէ՝ «սխալ արարք»ի ակնարկելէ զատ (Սաղմոս 51։5) (տե՛ս նաեւ «Բացատրութիւն»)։
8 Սատանայէն զատ, մեր մեղաւոր վիճակն ալ կրնայ պատճառ ըլլալ որ փորձութիւններու առջեւ անկարող եւ անյոյս զգանք։ Մենք մեր մեղաւոր վիճակը ժառանգեցինք Ադամէն ու Եւայէն (Յոբ 14։4. կարդա՛ Սաղմոս 51։5)a։
9-10. ա) Ադամն ու Եւան ի՞նչ զգացին մեղաւոր դառնալէ ետք (տե՛ս նաեւ նկարը)։ բ) Մեր մեղաւոր վիճակին պատճառով ի՞նչ կը զգանք։
9 Մտածէ որ Ադամն ու Եւան ի՛նչ զգացին մեղաւոր դառնալէ ետք։ Երբ անոնք Եհովային անհնազանդ եղան, պահուըտեցան եւ փորձեցին իրենց մարմինները ծածկել։ Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ գիրքը (անգլ.) ասոր մասին խօսելով կ’ըսէ. «Մեղքը պատճառ եղաւ որ անոնք յանցաւոր, մտահոգ, անապահով եւ ամօթ զգան»։ Այսինքն՝ կարծես թէ Ադամն ու Եւան բանտարկուած էին տունի մը մէջ, որ միայն չորս սենեակներ ունէր։ Անոնք կրնային մէկ սենեակէ միւսը երթալ, բայց չէին կրնար այդ տունէն դուրս ելլել։ Ուրիշ խօսքով, անոնք չէին կրնար իրենց մեղաւոր վիճակէն դուրս ելլել, հապա միշտ այդ չորս զգացումները պիտի զգային։
10 Անշուշտ, մեր պայմանները տարբեր են Ադամին ու Եւային պայմաններէն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք փրկանքէն չեն կրնար օգտուիլ, մինչ փրկանքը մեզ կը մաքրէ մեր մեղքերէն եւ կը ձգէ որ մեր խիղճը հանգիստ ըլլայ (Ա. Կոր. 6։11)։ Բայց մենք տակաւին մեղաւոր կը ծնինք, եւ ասոր համար յանցաւոր, մտահոգ, անապահով եւ ամօթ կը զգանք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ մեղքը կը շարունակէ իշխել մարդկութեան վրայ, եւ նոյնիսկ «Ադամին յանցանքին նման չմեղանչողներուն վրայ» (Հռով. 5։14)։ Բայց մենք պէտք չէ անկարող եւ անյոյս զգանք պարզապէս քանի որ մեղքով ծնած ենք։ Մենք կրնանք այս զգացումներուն դէմ դնել։ Ինչպէ՞ս։
Մեղքը պատճառ դարձաւ որ Ադամն ու Եւան յանցաւոր, մտահոգ, անապահով եւ ամօթ զգան (տե՛ս պարբերութիւն 9)
11. Հռովմայեցիս 6։12–ին համաձայն, նոյնիսկ եթէ անկարող կը զգանք, ի՞նչ բան պէտք չէ ընենք, եւ ինչո՞ւ։
11 Երբ զգանք որ անկարող ենք եւ չենք կրնար փորձութիւններուն դէմ դնել, պէտք է անդրադառնանք որ մեր մեղաւոր վիճակն է որ մեզի հետ «կը խօսի» եւ մեզի այդպէս զգացնել կու տայ։ Պէտք չէ՛ ատոր մտիկ ընենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ թէ մենք կրնանք առիթ չտալ, որ մեղքը շարունակէ ‘թագաւորել’ մեր վրայ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 6։12)։ Ասիկա ըսել է որ մենք կրնա՛նք կամք ընել եւ որոշել մեր սխալ ցանկութիւններուն չհետեւիլ (Գաղ. 5։16)։ Եհովան ալ ասկէ վստահ է, եթէ վստահ չըլլար, մեզմէ չէր խնդրեր որ ատոնց չհետեւինք (Բ. Օր. 30։11-14. Հռով. 6։6. Ա. Թես. 4։3)։ Ուրեմն, յստակ է որ մենք անկարող չենք մեր սխալ ցանկութիւններուն առջեւ։
12. Երբ զգանք որ անյոյս ենք, ի՞նչ պէտք չէ ընենք, եւ ինչո՞ւ։
12 Երբ զգանք որ անյոյս ենք, կարծելով թէ Եհովան մեզ յանցաւոր կը սեպէ պարզապէս քանի որ սխալ ցանկութիւններ ունինք, պէտք է անդրադառնանք որ դարձեա՛լ մեր մեղաւոր վիճակն է, որ մեզի հետ «կը խօսի» եւ մեզի այդպէս զգացնել կու տայ։ Պէտք չէ՛ ատոր մտիկ ընենք։ Ինչո՛ւ։ Որովհետեւ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ թէ Եհովան մեր մեղաւոր վիճակը կը հասկնայ (Սաղ. 103։13, 14)։ Ան մեր մասին «ամէն բան գիտէ», մէջը ըլլալով թէ մեզմէ ամէն մէկը ինչպէ՛ս կ’ազդուի մեր ժառանգած մեղքէն (Ա. Յովհ. 3։19, 20)։ Այնքան ատեն որ տեղի չենք տար մեր մեղաւոր ցանկութիւններուն, կրնանք Եհովային աչքին մաքուր նկատուիլ։ Ինչո՞ւ կրնանք ասկէ վստահ ըլլալ։
13-14. Սխալ ցանկութիւններ ունենալը կը նշանակէ՞ թէ Եհովային ընդունելի չենք. բացատրէ։
13 Աստուածաշունչը տարբերութիւն կը դնէ սխալ բան մը ընելուն (որ մեր ձեռքն է) եւ սխալ բան մը ցանկալուն միջեւ (որ մեր ձեռքը չէ)։ Օրինակ, առաջին դարուն Կորնթոսին մէջ ապրող քրիստոնեաներէն ոմանք նախապէս միասեռականներ էին։ Պօղոս գրեց. «Դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք»։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ անոնք անգամ մը եւս միասեռականութիւն գործելու ցանկութիւնը չունեցան։ Շատ հաւանաբար ունեցան, քանի որ ասանկ ցանկութիւններ մէկու մը մէջ խոր արմատ կապած կ’ըլլան։ Բայց այն քրիստոնեաները, որոնք ինքնազսպում ցոյց տուին եւ իրենց ցանկութիւններուն համաձայն չվարուեցան, Եհովային ընդունելի էին, եւ Եհովան տակաւին այնպիսիները սեպեց որ ‘լուացուած’ են (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։
14 Ի՛նչ ալ ըլլան սխալ ցանկութիւնները որոնց դէմ կը պայքարիս, կրնա՛ս անոնց վրայ յաղթանակ տանիլ։ Նոյնիսկ եթէ ատոնք չես կրնար ոչնչացնել, տակաւին կրնաս ինքնազսպում ցուցնել եւ ‘քու մարմնիդ ու մտքիդ ուզածը չկատարել’ (Եփ. 2։3)։ Լաւ, ի՞նչ կարգ մը կերպեր կան, որոնք կրնան քեզի օգնել սխալ ցանկութիւններուդ դէմ պայքարելու եւ յաղթելու։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՅԱՂԹԵԼ
15. Ինչո՞ւ պէտք է գիտնաս թէ ի՛նչ են տկար կէտերդ։
15 Սխալ ցանկութիւններուդ դէմ պայքարը յաղթելու համար, պէտք է գիտնաս թէ ի՛նչ են տկար կէտերդ։ Ուշադիր եղիր որ դուն քեզ չխաբես «սխալ դատողութեամբ» (Յակ. 1։22, ՆԱ)։ Օրինակ, մէկը որ շատ խմիչք կը խմէ կրնայ ըլլալ ինքզինք խաբէ թէ իր խմելը խնդիր մը չէ, ըսելով. «Ուրիշները ինձմէ աւելի կը խմեն»։ Կամ, ամուսին մը որ պոռնկագրութիւն դիտելու խնդիրը ունի, կրնայ ըլլալ իր կինը յանցաւոր հանէ, ըսելով. «Եթէ կինս ինծի աւելի գուրգուրանք ցոյց տար, պոռնկագրութիւն դիտելու ցանկութիւնը պիտի չունենայի»։ Եթէ դուն ալ սկսիս այսպէս մտածել, աւելի դիւրութեամբ փորձութիւններու մէջ պիտի իյնաս։ Ուրեմն, մի՛ փորձեր սխալդ արդարացնել։ Ըրածներուդ պատասխանատուութիւնը շալկէ (Գաղ. 6։7, 8)։
16. Ինչպէ՞ս կրնաս կամքդ զօրացնել փորձութեան տեղի չտալու համար։
16 Տկար կէտերդ գիտնալէն զատ, պէտք է նաեւ զօրաւոր կամք ընես որ փորձութեան առջեւ այդ տկարութիւններուդ տեղի չտաս (Ա. Կոր. 9։26, 27. Ա. Թես. 4։4. Ա. Պետ. 1։15, 16)։ Մտածէ թէ քեզի համար ի՛նչն է ամէնէն դժուար փորձութիւնը եւ ե՛րբ աւելի հաւանական է որ անոր տեղի տաս։ Օրինակ մը տանք։ Արդեօք քեզի համար աւելի դժուար է փորձութեան մը դէմ դնել երբ յոգնա՞ծ ես, երբ ո՞ւշ գիշեր է եւ այլն։ Նախապատրաստուէ այդ փորձութեան եւ որոշէ թէ ի՛նչ պիտի ընես երբ ատոր հանդիպիս։ Ասիկա ընելու լաւագոյն ժամանակը փորձութիւնը ըլլալէն առաջ է (Առ. 22։3)։
17. Յովսէփէն ի՞նչ կը սորվիս (Ծննդոց 39։7-9) (տե՛ս նաեւ նկարները)։
17 Նկատի առ որ Յովսէփ ի՛նչ ըրաւ, երբ Պետափրէսին կինը ուզեց իրեն հետ անբարոյութիւն գործել։ Ան շուտով եւ կտրուկ կերպով «ո՛չ» ըսաւ իրեն (կարդա՛ Ծննդոց 39։7-9)։ Ի՞նչ կը սորվինք ասկէ։ Յովսէփ Պետափրէսին կնոջ առաջարկէն առաջ արդէն որոշած էր ճիշդը ընել։ Նոյն կերպով, կրնաս փորձութեան մը առջեւ ըլլալէ առաջ կամքդ զօրացնել որ ճիշդը ընես։ Այսպիսով, երբ առջեւդ փորձութիւն մը ելլէ, քեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ճիշդը ընել, քանի որ արդէն սկիզբէն որոշած ես ի՛նչ ընել։
Յովսէփին պէս շուտով դէմ դիր փորձութեան (տե՛ս պարբերութիւն 17)
ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՔՆՆԷ՛
18. Ինչպէ՞ս կրնաս սխալ ցանկութիւններուդ դէմ պայքարը յաղթել (Բ. Կորնթացիս 13։5)։
18 Սխալ ցանկութիւններուդ դէմ պայքարը յաղթելու համար, նաեւ պէտք է շարունա՛կ քննես դուն քեզ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 13։5)։ Ատենէ ատեն աչքէ անցուր թէ ի՛նչ կը մտածես ու ի՛նչ կ’ընես, եւ ետքը պէտք եղած փոփոխութիւնները ըրէ։ Օրինակ, նոյնիսկ երբ յաջողեցար փորձութեան մը դէմ դնել, դուն քեզի հարցուր. «Որչա՞փ առաւ հետս մինչեւ որ ատոր դէմ դնեմ»։ Եթէ նկատես որ ժամանակ առաւ, դուն քեզմէ մի նեղուիր։ Ընդհակառակը, պէտք եղած քայլերը առ, որ գալ անգամ աւելի շուտ ատոնց դէմ դնես։ Դուն քեզի այսպիսի հարցումներ հարցուր. ‘Երբ սխալ մտածումներ ունենամ, ինչպէ՞ս կրնամ աւելի շուտ ատոնք դադրեցնել։ Կրնայ ըլլա՞լ որ դիտածներս, կարդացածներս ու լսածներս աւելի կը դժուարացնեն որ փորձութիւններու դէմ դնեմ։ Երբ անբարոյ տեսարան մը տեսնեմ, երեսս շուտով անդին կը դարձնե՞մ։ Հասկցա՞ծ եմ որ նոյնիսկ եթէ պէտք է աւելի ջանք թափեմ որ ինքզինքս զսպեմ Եհովային հնազանդելու համար, ատիկա մի՛շտ իմ օգտիս համար է’ (Սաղ. 101։3)։
19. Պզտիկ բայց անմիտ որոշումները ինչպէ՞ս կրնան սխալ ցանկութիւններուն դէմ պայքարիլը դժուարացնել։
19 Մինչ դուն քեզ կը քննես, նաեւ վստահ եղիր որ դուն քեզ չարդարացնես։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է» (Եր. 17։9)։ Յիսուս ըսաւ որ սրտէն կ’ելլեն «չար խորհուրդներ» (Մատ. 15։19)։ Օրինակ, մէկը որ պոռնկագրութիւն դիտելէ դադրեցաւ, թերեւս ժամանակ մը ետք մտածէ, թէ այլեւս «վտանգաւոր չէ» որ ինք դիտէ սեռայինօրէն գրգռիչ նկարներ, քանի որ անոնց մէջ մերկ անձեր չկան։ Կամ ալ, մէկը կրնայ մտածել որ սխալ չէ անբարոյ բաներ երեւակայելը, այնքան ատեն որ ատոնք չ’ըներ։ Եթէ մէկը ասանկ մտածէ, կարծես թէ անոր խաբեբայ սիրտը ‘կը մտածէ մարմնի ցանկութիւնները կատարելու մասին’ (Հռով. 13։14, ՆԱ)։ Ինչպէ՞ս կրնաս հոն չհասնիլ։ Զգուշացիր եւ հեռու կեցիր պզտիկ բայց անմիտ որոշումներ առնելէ, որոնք կրնան քեզ առաջնորդել որ լուրջ սխալ մը գործեսb։ Ուրեմն մերժէ որեւէ մտածում կամ «չար խորհուրդներ»ը, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ որ դուն քեզ արդարացնելով սխալ մը ընես։
20. Մեր առջեւը ի՞նչ յոյս ունինք, եւ որո՞ւ օգնութեամբ կրնանք դէմ դնել փորձութիւններուն։
20 Ինչպէս որ տեսանք, Եհովան մեզի կարողութիւն կու տայ փորձութիւններուն դէմ դնելու։ Ասկէ զատ, փրկանքին շնորհիւ յոյս ունինք որ յաւիտեան ապրինք նոր աշխարհին մէջ։ Հոն, մաքուր սրտով ու մտքով պիտի ծառայենք Եհովային։ Ասիկա որքա՜ն պիտի հանգստացնէ մեզ։ Բայց մինչեւ որ այդ ժամանակը գայ, մենք կրնանք վստահ ըլլալ որ ո՛չ անկարող ենք, ո՛չ ալ անյոյս ենք փորձութիւններուն առջեւ։ Մենք Եհովային օգնութեամբ կրնա՛նք պայքարիլ ատոնց դէմ եւ յաղթել։
ԵՐԳ 32 Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք
a ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Աստուածաշունչին մէջ, «մեղք» բառը շատ անգամ կ’ակնարկէ արարքի մը. օրինակ՝ գողութիւն, շնութիւն կամ մարդասպանութիւն (Ել. 20։13-15. Ա. Կոր. 6։18)։ Բայց կարգ մը համարներու մէջ, «մեղք» բառը կ’ակնարկէ մեր մեղաւոր վիճակին, որ ի ծնէ ժառանգեցինք, հակառակ որ տակաւին որեւէ մեղք չէինք գործած։
b Նկատի առ որ Առակաց 7։7-23–ի մէջ նկարագրուած երիտասարդը, պզտիկ բայց անմիտ որոշումներ առնելէն ետքն էր, որ սեռային անբարոյութեան տեղի տալու անմիտ որոշումը առաւ։
c ՆԿԱՐ. Ձախ. Սրճարանի մը մէջ, երիտասարդ եղբայր մը կը տեսնէ երկու միասեռական տղամարդիկ։ Աջ. Քոյր մը կը տեսնէ որ երկու հոգի ծխախոտ կը ծխեն։