Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Սեպտեմբեր էջ 2-7
  • ‘Երէցները կանչէ’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Երէցները կանչէ’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ե՞ՐԲ ՊԷՏՔ Է ‘ԵՐԷՑՆԵՐԸ ԿԱՆՉԵՆՔ’
  • ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ‘ԵՐԷՑՆԵՐԸ ԿԱՆՉԵՆՔ’
  • ԵՐԷՑՆԵՐԸ ՄԵԶԻ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ՕԳՆԵՆ
  • ԱՄԷՆ ՄԷԿՈՒՍ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
  • Երէցները սիրով եւ ողորմութեամբ կը վարուին յանցագործներուն հետ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Ժողովքը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Եղբայրներ, ջանք կը թափէ՞ք որպէս երէց ծառայելու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Եհովային ժողովուրդին շահին համար ծանր աշխատող հովիւներ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Սեպտեմբեր էջ 2-7

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 36

ԵՐԳ 123 Հովիւները պարգեւներ են

‘Երէցները կանչէ’

«Եկեղեցիին երէցները թող կանչէ» (ՅԱԿ. 5։14)։

ՆԻՒԹ

Երբ պէտք ունենաս, ժողովքի երէցներէն օգնութիւն խնդրէ։

1. Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ որ իր ոչխարները արժէքաւոր են իր աչքին։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ոչխարները շատ արժէքաւոր են իր աչքին։ Ան Յիսուսին արիւնով գնեց զանոնք եւ ժողովքի երէցները նշանակեց որ անոնց հոգ տանին (Գործք 20։28)։ Եհովան կ’ուզէ որ երէցները ազնուութեամբ վարուին իր ոչխարներուն հետ։ Երէցները, Յիսուսին ուղղութեան հետեւելով, ոչխարները կը թարմացնեն եւ հոգեւոր վտանգներէ կը պաշտպանեն (Եսա. 32։1, 2)։

2. Եհովան մասնաւորաբար որո՞նց կ’ուզէ օգնել (Եզեկիէլ 34։15, 16)։

2 Եհովան իր բոլոր ոչխարներուն հոգ կը տանի, բայց մասնաւորաբար կ’ուզէ օգնել անոնց, որոնք նեղութիւն կը զգան. օրինակ՝ իրենց գործած սխալներուն համար։ Եհովան ասիկա կ’ընէ երէցներուն միջոցաւ (կարդա՛ Եզեկիէլ 34։15, 16)։ Բայց ան կ’ուզէ որ մենք անոնցմէ օգնութիւն ուզենք, երբ ատոր պէտքը ունենանք։ Ասանկ ատեններ, ան կ’ուզէ որ ոչ միայն ուղղակի իրմէ՛ օգնութիւն խնդրենք, այլեւ՝ ժողովքին մէջի ‘հովիւներէն եւ ուսուցիչներէն’ (Եփ. 4։11, 12, ՆԱ)։

3. Ինչպէ՞ս բոլորս ալ կ’օգտուինք երբ նկատի առնենք երէցներուն դերը։

3 Այս յօդուածին մէջ աւելի պիտի սորվինք թէ Եհովան ինչպէ՛ս երէցները կը գործածէ որ օգնէ անոնց, որոնց բարեկամութիւնը տկարացած է իրեն հետ։ Պիտի պատասխանենք այս հարցումներուն. ե՞րբ պէտք է երէցներէն օգնութիւն ուզենք, ինչո՞ւ պէտք է օգնութիւն ուզենք, եւ անոնք ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն։ Թերեւս մենք հիմա հոգեւորապէս զօրաւոր ենք եւ պէտք չունինք երէցներուն օգնութեան։ Բայց այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ, որ ա՛լ աւելի գնահատենք երէցներուն միջոցաւ Եհովային տուած օգնութիւնը, նաեւ պիտի օգնէ որ գիտնանք ի՛նչ ընենք, երբ օր մը օրանց երէցներուն օգնութեան պէտք ունենանք։

Ե՞ՐԲ ՊԷՏՔ Է ‘ԵՐԷՑՆԵՐԸ ԿԱՆՉԵՆՔ’

4. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Յակոբոս 5։14-16, 19, 20–ին մէջ կը խօսուի հոգեւոր հիւանդութեան մասին (տե՛ս նաեւ նկարները)։

4 Յակոբոս աշակերտը բացատրեց, թէ Եհովան ինչպէ՛ս երէցները կը գործածէ որ մեզի օգնէ։ Ան ըսաւ. «Եթէ ձեզմէ մէկը հիւանդ է, եկեղեցիին երէցները թող կանչէ» (կարդա՛ Յակոբոս 5։14-16, 19, 20)։ Շուրջի համարներէն յայտնի կ’ըլլայ, որ ան կը խօսէր հոգեւոր հիւանդութեան մասին։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Առաջին, հոն կ’ըսուի թէ հիւանդը պէտք է երէցները կանչէ, եւ ոչ թէ՝ բժիշկ մը։ Երկրորդ, կ’ըսուի որ ան կը բուժուի երբ իր մեղքերը ներուին։ Հոգեւոր հիւանդութենէն բուժուիլը որոշ չափով կը նմանի ֆիզիքական հիւանդութենէ մը բուժուելուն։ Երբ ֆիզիքապէս հիւանդ ըլլանք՝ բժիշկի կ’երթանք, անոր կ’ըսենք թէ ի՛նչ կը զգանք եւ անոր ըսածները կ’ընենք։ Նմանապէս, երբ հոգեւորապէս հիւանդ ըլլանք, պէտք է երէցէ մը օգնութիւն ուզենք, մեր պարագան բացատրենք անոր եւ Սուրբ Գիրքէն տուած անոր խրատները գործադրենք։

1. Մարդ մը բժիշկին կը բացատրէ իր ունեցած խնդիրը։ 2. Եղբայր մը իր պարագան կը բացատրէ երէցի մը, մինչ անոնք դուրսը նստարանի մը վրայ նստած են։

Ինչպէս որ երբ ֆիզիքական հիւանդութիւն ունենանք՝ բժիշկի կ’երթանք, պէտք է երէցներուն երթանք, երբ հոգեւոր հիւանդութիւն ունենանք (տե՛ս պարբերութիւն 4)


5. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ եթէ Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը սկսած է տկարանալ։

5 Յակոբոս 5–րդ գլուխին մէջ, Յակոբոս մեզ կը քաջալերէ որ երէցներուն հետ խօսինք, երբ զգանք որ մեր հոգեւոր առողջութիւնը կը տկարանայ։ Շատ կարեւոր է որ ասիկա ընենք՝ Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութեան լուրջ վնաս հասնելէ առաջ։ Պէտք է որ մեր անձին հետ անկեղծ ըլլանք։ Սուրբ Գիրքը կը զգուշացնէ, որ մենք մեզ չխաբենք մեր հոգեւոր առողջութեան նկատմամբ (Յակ. 1։22)։ Անցեալին, Սարդիկէի մէջ ապրող քրիստոնեաներէն ոմանք աս սխալին մէջ ինկան, բայց Յիսուս ըսաւ որ անոնք այլեւս Եհովան չէին հաճեցներ (Յայտ. 3։1, 2)։ Մեր հոգեւոր առողջութիւնը ստուգելու կերպերէն մէկն է՝ հոգեւոր բաներու հանդէպ մեր ներկայ զգացումները բաղդատել մեր անցեալի զգացումներուն հետ (Յայտ. 2։4, 5)։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Առաջուան չափ հաճոյք կ’առնե՞մ Սուրբ Գիրքը կարդալէն եւ անոր վրայ խոկալէն։ Տակաւին բոլոր ժողովներուն ներկայ կ’ըլլա՞մ եւ բոլոր ժողովները կը պատրաստե՞մ։ Կը նախընտրե՞մ ծառայութենէն աւելի ուրիշ բաներու ժամանակ տալ։ Հիմա դրամին մասին աւելի կը մտածե՞մ, քան՝ առաջ’։ Եթէ ասոնցմէ մէկուն պատասխանը այո՛ է, ասիկա կրնայ ցոյց տալ թէ տկարութիւն մը ունինք, եւ եթէ ատոր մասին բան մը չընենք, կրնայ աւելի գէշ ըլլալ։ Եթէ կարող չենք մեր հոգեւոր տկարութիւնը անձամբ բուժել, կամ եթէ արդէն իսկ Եհովային չսիրած մէկ բանը ըրած ենք, պէտք է որ երէցներէն օգնութիւն խնդրենք։

6. Լուրջ մեղք գործողները ի՞նչ պէտք է ընեն։

6 Անշուշտ, անոնք որոնք լուրջ մեղք մը գործած են, որու պատճառաւ կրնան ժողովքէն հեռացուիլ, երէցի մը պէտք է խօսին (Ա. Կոր. 5։11-13)։ Ասանկ անձեր պէտք է Եհովային հետ իրենց բարեկամութիւնը ետ զօրացնեն։ Փրկանքին միջոցաւ Եհովային ներումը վայելելու համար, անոնք պէտք է որ «ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր գործեն» (Գործք 26։20)։ Այս գործերուն մէջ կայ՝ երթալ եւ երէցի մը պատմել թէ լուրջ մեղք մը գործած են։

7. Ուրիշ որո՞նք պէտք է օգնութիւն խնդրեն երէցներէն։

7 Երէցները ոչ միայն լուրջ մեղք գործողներուն կ’օգնեն, այլեւ հոգեւորապէս տկար եղողներուն (Գործք 20։35)։ Օրինակ, թերեւս զգաս որ քեզի համար շատ դժուար եղած է սխալ ցանկութիւններուդ դէմ պայքարիլը. մանաւանդ եթէ ճշմարտութիւնը գիտնալէդ առաջ թմրեցուցիչ կը գործածէիր, պոռնկագրութիւն կը դիտէիր կամ անբարոյ կեանք մը կ’ապրէիր։ Պայման չէ առանձինդ պայքարիս։ Կրնաս խօսիլ երէցի մը հետ։ Ան մտահոգութիւններդ մտիկ պիտի ընէ, գործնական խրատներ պիտի տայ եւ քեզ պիտի վստահեցնէ, որ եթէ շարունակես ցանկութիւններուդ դէմ պայքարիլ՝ Եհովային սիրտը պիտի ուրախացնես (Ժող. 4։12)։ Եւ եթէ յոգնած ես պայքարելէ, երէցը քեզի պիտի յիշեցնէ որ օգնութիւն խնդրելդ կը ցուցնէ, որ չափէ դուրս չես վստահիր քու ուժիդ եւ իրապէս կ’ուզես Եհովային սիրտը ուրախացնել (Ա. Կոր. 10։12)։

8. Պէտք ունի՞նք ամէն մէկ սխալ ընելնուս, երէցի մը քով երթալու ու իրեն պատմելու. բացատրէ։

8 Պէտք չունինք ամէն մէկ սխալ ընելնուս, երէցի մը քով երթալու ու իրեն պատմելու։ Օրինակ, սեպենք թէ խօսքով վիրաւորեցիր եղբայր մը կամ քոյր մը, եւ նոյնիսկ շատ բարկացար անոր վրայ։ Փոխանակ երէցի մը հետ խօսելու, կրնաս Յիսուսին խրատը գործադրել եւ խաղաղութիւն ընել եղբօրդ կամ քրոջդ հետ (Մատ. 5։23, 24)։ Կրնաս պրպտուք ընել, թէ ինչպէ՛ս կրնաս աւելի հեզութիւն, համբերութիւն եւ ինքնազսպում ցուցնել յաջորդին։ Վստահաբար, եթէ խնդիրը ձեր միջեւ չկարենաք լուծել, հոս է որ կրնաս երէցէ մը օգնութիւն խնդրել։ Պօղոս առաքեալի Փիլիպպեցիս նամակին մէջ, ան եղբայրէ մը խնդրեց որ Եւոդիային ու Սիւնտիքին օգնէ, որ իրենց միջեւ եղած խնդիրը լուծեն։ Ժողովքէդ երէց մը կրնայ քեզի նոյնպէս օգնել (Փլպ. 4։2, 3)։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ‘ԵՐԷՑՆԵՐԸ ԿԱՆՉԵՆՔ’

9. Ինչո՞ւ պէտք չէ ամչնանք երէցներէն օգնութիւն խնդրելու (Առակաց 28։13)։

9 Երբ լուրջ մեղք մը գործենք կամ երբ զգանք թէ անձնական տկարութեան մը տեղի տալու վրայ ենք, երէցներէն օգնութիւն խնդրելը հաւատք ու քաջութիւն կ’ուզէ, եւ պէտք չէ ամչնանք ասիկա ընելու։ Ինչո՞ւ։ Եհովային այս կարգադրութեան հետեւելով, ցոյց կու տանք թէ իրեն եւ իր ուղղութիւններուն կը վստահինք, որոնց նպատակն է՝ հաւատքի մէջ առողջ ու զօրաւոր պահել մեզ։ Մենք կ’ընդունինք որ երբ իյնալու վրայ ըլլանք՝ իր օգնութեան պէտք կ’ունենանք (Սաղ. 94։18)։ Եւ եթէ մեղք գործած ենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Ան մեզի պիտի ներէ, եթէ երէցներուն ըսենք թէ ի՛նչ ըրինք, եւ ատիկա ընելէ դադրինք (կարդա՛ Առակաց 28։13)։

10. Ի՞նչ կը պատահի, երբ փորձենք մեր մեղքերը պահել։

10 Երբ մեր մեղքերը խոստովանինք երէցներուն՝ օրհնութիւններ կը վայելենք, բայց երբ ատոնք պահենք՝ հարցը աւելի գէշ կ’ըլլայ։ Երբ Դաւիթ փորձեց իր մեղքերը ծածկել՝ ֆիզիքապէս, հոգեւորապէս եւ զգացականօրէն վնասուեցաւ (Սաղ. 32։3-5)։ Մեր հոգեւոր խնդիրը աւելի գէշ կ’ըլլայ, երբ երէցներէն օգնութիւն չխնդրենք, ինչպէս որ ֆիզիքական հիւանդութիւնը աւելի գէշ կ’ըլլայ երբ ատոր ճարին չնայինք։ Եհովան չ’ուզեր որ ասիկա պատահի, եւ ասոր համար մեզ կը քաջալերէ, որ երէցներէն օգնութիւն խնդրելով՝ իրեն հետ «հարցերը շտկենք» (Եսա. 1։5, 6, 18, ՆԱ)։

11. Երբ լուրջ մեղք մը պահենք, ասիկա ինչպէ՞ս կ’ազդէ ուրիշներուն։

11 Եթէ մեր գործած լուրջ մեղքը երէցներէն պահենք, ասիկա կրնայ գէշ կերպով ազդել ուրիշներուն։ Այսինքն, Եհովան իր սուրբ հոգին առատօրէն չի տար ժողովքին եւ խաղաղութիւնը կրնայ խանգարուիլ ժողովքին մէջ (Եփ. 4։30)։ Նոյնպէս, երբ գիտնանք թէ ժողովքէն մէկը լուրջ մեղք մը գործած է, պէտք է զինք քաջալերենք որ երթայ երէցներուն պատմէa։ Եթէ անոր լուրջ մեղքը պահենք, մենք ալ յանցաւոր կ’ըլլանք (Ղեւ. 5։1)։ Եթէ ան չխօսի, Եհովային հանդէպ մեր սէրը պէտք է մեզ մղէ, որ երէցներուն պատմենք իրականութիւնը։ Երբ ասանկ ընենք, կ’օգնենք որ մեղաւոր անձը ետ զօրացնէ Եհովային հետ իր բարեկամութիւնը եւ ժողովքը մաքուր մնայ։

ԵՐԷՑՆԵՐԸ ՄԵԶԻ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ՕԳՆԵՆ

12. Երէցները ինչպէ՞ս կ’օգնեն հոգեւորապէս տկար եղողներուն։

12 Սուրբ Գիրքը երէցներուն կ’ըսէ որ հոգեւորապէս տկար եղողներուն օգնեն (Ա. Թես. 5։14)։ Եթէ մեղք մը գործած ես, անոնք քեզի հարցումներ կը հարցնեն՝ ներքին զգացումներդ ‘դուրս հանելու’ եւ միտքդ հասկնալու համար (Առ. 20։5)։ Թերեւս անոնց հետ խօսիլը քեզի համար դիւրին չըլլայ՝ մշակոյթիդ, անձնաւորութեանդ կամ ամչկոտութեանդ պատճառաւ։ Բայց եթէ դժուարութիւնդ անկեղծօրէն պատմես իրենց, անոնց գործը դիւրինցուցած կ’ըլլաս։ Հոգ մի՛ ըներ որ թերեւս «անսանձ» խօսքեր կամ աւելորդ պակաս բաներ խօսիս (Յոբ 6։3, ՆԱ)։ Երէցները պիտի չդատեն քեզ, հապա՝ ուշադրութեամբ մտիկ պիտի ընեն, որպէսզի լման պատկերը ունենան, եւ անկէ ետքն է որ Սուրբ Գիրքէն խրատ պիտի տան քեզի (Առ. 18։13)։ Անոնք գիտեն թէ ոչխարի մը օգնելը ժամանակ կ’առնէ, եւ թէ դժուար խնդիր մը պիտի չլուծուի միայն մէկ անգամ քեզի հետ խօսելով։

13. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք երբ երէցները մեզի համար աղօթեն եւ Սուրբ Գիրքէն խրատ տան (տե՛ս նաեւ նկարները)։

13 Երբ երէցներուն հետ խօսիս, անոնք պիտի ջանան որ քեզ աւելի յանցաւոր չզգացնեն։ Անոնք քեզի համար պիտի աղօթեն, եւ անոնց աղօթքը կրնայ «շատ ազդեցութիւն» ունենալ։ Անոնք նաեւ ‘Տէրոջը անունով իւղով պիտի օծեն քեզ’ (Յակ. 5։14-16)։ Հոս, «իւղ»ը կ’ակնարկէ՝ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութեան։ Երէցները համարներ բանալով քեզ պիտի հանդարտեցնեն, մխիթարեն եւ օգնեն որ զօրացնես Եհովային հետ յարաբերութիւնդ (Եսա. 57։18)։ Անոնց տուած աստուածաշնչական խրատները կրնան քեզի զօրութիւն տալ որ ճիշդը ընես։ Կարծես թէ Եհովան անոնց միջոցաւ քեզի պիտի ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալէ’ (Եսա. 30։21)։

1. Նախկին նկարին մէջի բժիշկը կը քննէ մարդուն ուսը։ Մարդուն ուսին նկարը դրուած է պատին վրայ։ 2. Նախկին նկարին մէջի երէցը եւ ուրիշ երէց մը Սուրբ Գիրքը գործածելով կը քաջալերեն եղբայրը։ Եղբայրը ուրախութեամբ մտիկ կ’ընէ երէցներուն։

Երէցները Սուրբ Գիրքը կը գործածեն, որ հանգստացնեն եւ մխիթարեն հոգեւորապէս հիւանդ եղողները (տե՛ս պարբերութիւն 13-14)


14. Գաղատացիս 6։1–ի համաձայն, երէցները ինչպէ՞ս կ’օգնեն «սխալ քայլ» առնող մէկու մը (տե՛ս նաեւ նկարները)։

14 Կարդա՛ Գաղատացիս 6։1։ Եթէ քրիստոնեայ մը «ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ [«սխալ քայլ մը առնէ», ՆԱ], ըսել է թէ ան Աստուծոյ արդար սկզբունքներուն համաձայն չի քալեր։ Այս «սխալ քայլը» կրնայ ակնարկել անմիտ որոշումի մը կամ լուրջ մեղքի մը։ Ասանկ պարագայի մը, երէցները, որ զինք կը սիրեն, կը ջանան ‘հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերել’ զինք։ ‘Ուղղութեան բերել’ թարգմանուած յունարէն բառը նաեւ կը գործածուէր նկարագրելու համար բժիշկի մը ըրածը, երբ ան տեղէն ելած ոսկոր մը իր տեղը կը բերէ, որպէսզի ոսկորը կարենայ ճիշդ կերպով բուժուիլ։ Երբ վարպետ բժիշկ մը կը փորձէ ոսկոր մը իր տեղը բերել, զգոյշ կ’ըլլայ որ աւելի չցաւցնէ։ Նոյնպէս, երէցները ազնուօրէն կը սրբագրեն մէկը, քանի որ չեն ուզեր որ ան աւելի ցաւի։ Երէցներուն նաեւ կ’ըսուի որ ‘իրենց անձին ալ զգուշութիւն ընեն’։ Ինչպէ՞ս։ Երբ անոնք մէկու մը կ’օգնեն որ իր ընթացքը սրբագրէ, միշտ կը յիշեն թէ իրենք ալ անկատար են եւ սխալներ կ’ընեն։ Ասոր համար, անոնք շատ ուշադիր կ’ըլլան որ չկարծեն թէ իրենք աւելի՛ լաւ կամ աւելի՛ արդար են անկէ՝ որուն կը ջանան օգնել։ Անոնք խոնարհ ու կարեկից կ’ըլլան (Ա. Պետ. 3։8)։

15. Եթէ խնդիր մը ունենանք, թերեւս ի՞նչ ընենք։

15 Մենք կրնա՛նք մեր ժողովքի երէցներուն վստահիլ։ Անոնք մարզուած են որ մեր անձնական նիւթերուն մասին գաղտնապահ ըլլան։ Նաեւ սորված են իրենց խրատները հիմնել Սուրբ Գիրքին վրայ եւ ո՛չ թէ՝ անձնական գաղափարներու։ Ասկէ զատ, անոնք գիտեն որ պէտք է շարունակեն մեզի օգնել որ մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք (Առ. 11։13. Գաղ. 6։2)։ Ճիշդ է որ անոնք տարբեր անձնաւորութիւններ ու փորձառութիւններ ունին, բայց մենք կրնանք հանգիստ զգալ մեր խնդիրներուն մասին խօսելու ոեւէ երէցի։ Վստահաբար, մէկ երէցէն միւս երէցին քով չենք երթար այն յոյսով, որ լսենք մեր ուզած խրատը։ Եթէ այսպէս ընենք, կ’ըլլանք այն անձին պէս որ կը նախընտրէ «հաճելի բաներ լսել», քան թէ՝ Եհովային Խօսքին մէջի խրատները (Բ. Տիմ. 4։3)։ Երբ երէցի մը քով երթանք խնդիրի մը մասին խօսելու համար, թերեւս մեզի հարցնէ եթէ ուրիշ երէցներու կարծիքը առած ենք եւ անոնք ի՛նչ խրատ տուած են։ Խոնարհ երէց մը թերեւս ուրիշ երէցի մըն ալ կարծիքը առնէ (Առ. 13։10)։

ԱՄԷՆ ՄԷԿՈՒՍ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

16. Ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք։

16 Ճիշդ է որ երէցները մեզի խրատ կու տան եւ կ’օգնեն, բայց անոնք մեզի չեն ըսեր թէ ի՛նչ պէտք է ընենք։ Ամէն մէկս պատասխանատուութիւն ունի, որ իր խօսքերով ու գործերով ցուցնէ, թէ Աստուած կը սիրէ եւ կ’ուզէ զինք ուրախացնել։ Եւ Աստուծոյ օգնութեամբ կրնանք ասիկա ընել (Հռով. 14։12)։ Անոր համար, երէցները մեզի չեն ըսեր թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, հապա՝ Աստուծոյ Խօսքը գործածելով մեզի կ’օգնեն, որ Աստուծոյ մտածելակերպը գիտնանք։ Երբ անոնց տուած աստուածաշնչական խրատները գործադրենք, մեր «մտածելու կարողութիւնը» կը մարզենք իմաստուն որոշումներ առնելու (Եբ. 5։14, ՆԱ)։

17. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

17 Մեզի համար որքա՜ն մեծ առանձնաշնորհում մըն է Եհովային ոչխարները ըլլալը։ Եհովան ղրկեց «բարի հովիւը»՝ Յիսուսը, որ մեզի համար փրկանքը տայ եւ մենք կարենանք յաւիտեան ապրիլ (Յովհ. 10։11)։ Եհովան նաեւ մեզի տուած է երէցները, որպէսզի մեզի հոգ տանին, ինչպէս որ ինք խոստացած է. «Ձեզի իմ սրտիս յարմար հովիւներ պիտի տամ, որոնք ձեզ գիտութեամբ եւ հանճարով պիտի հովուեն» (Եր. 3։15)։ Ասոր համար, երբ հոգեւորապէս տկար կամ հիւանդ ըլլանք, պէտք չէ քաշուինք երէցներէն օգնութիւն խնդրելէ, հապա՝ վճռենք լման օգտուիլ Եհովային այս կարգադրութենէն։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ե՞րբ պէտք է ‘երէցները կանչենք’ օգնութիւն խնդրելու համար։

  • Ինչո՞ւ պէտք է երէցներէն օգնութիւն խնդրենք։

  • Երէցները ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեզի։

ԵՐԳ 26 Աստուծոյ հետ քալէ՛

a Եթէ բաւարար ժամանակ տուած ես անձին՝ բայց ան դեռ չէ խօսած երէցներուն հետ, պէտք է դո՛ւն երէցներուն ըսես գիտցածդ, քանի որ կ’ուզես Եհովային հաւատարիմ մնալ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել