ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 38
ԵՐԳ 82 Քրիստոսին պէս հեզ ըլլանք
Յարգանքով վարուիր
«Յարգուած ըլլալը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է» (ԱՌ. 22։1, ՆԱ)։
ՆԻՒԹ
Պիտի սորվինք թէ ինչո՛ւ պէտք է ուրիշները յարգենք եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք յարգել նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ։
1. Ինչո՞ւ մարդիկ կը գնահատեն երբ զիրենք կը յարգենք (Առակաց 22։1)։
ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԵ՞Ս երբ մարդիկ քեզ յարգեն։ Վստահաբար այո՛։ Ամէն մարդ պէտք ունի յարգուելու։ Երբ ուրիշներ մեզ յարգեն՝ կ’ուրախանանք։ Ասոր համար, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Շնորհքը [«յարգուած ըլլալը», ՆԱ] արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է» (կարդա՛ Առակաց 22։1)։
2-3. Ինչո՞ւ համար միշտ դիւրին չ’ըլլար դիմացինը յարգելը, եւ ի՞նչ պիտի տեսնենք այս յօդուածին մէջ։
2 Միշտ դիւրին չ’ըլլար ուրիշները յարգելը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնց գէշ կէտերը կը տեսնենք, նաեւ քանի որ կ’ազդուինք մեր շուրջիններէն, որոնք ուրիշները չեն յարգեր։ Բայց մենք պէտք է անոնցմէ տարբեր ըլլանք, քանի որ Եհովան կ’ուզէ որ «ամէնքը» պատուենք, այսինքն՝ յարգենք (Ա. Պետ. 2։17)։
3 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, որ ի՛նչ ըսել է ուրիշները յարգել, եւ ինչպէ՛ս կրնանք յարգել՝ 1) մեր ընտանիքի անդամները, 2) եղբայրներն ու քոյրերը եւ 3) Վկայ չեղողները։ Ամէն մէկ պարագային պիտի տեսնենք, որ ինչպէ՛ս կրնանք զանոնք յարգել մանաւանդ երբ յարգելը դժուար ըլլայ։
Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ Է ՄԷԿԸ «ՅԱՐԳԵԼ»
4. Ի՞նչ ըսել է մէկը «յարգել»։
4 Ի՞նչ ըսել է մէկը «յարգել»։ «Յարգել» եւ «պատուել» բառերը ցոյց կու տան, թէ մենք ի՛նչ աչքով կը նայինք դիմացինին եւ ինչպէ՛ս կը վարուինք անոր հետ։ Այսինքն՝ ոչ միայն կը սեպենք որ ան մեր ուշադրութեան արժանի է (թերեւս քանի որ աղուոր յատկութիւններ ունի, կարգ մը բաներ իրագործած է կամ որոշ դիրք մը ունի), այլեւ արժեւորուած եւ գնահատուած կը զգացնենք զինք։ Նաեւ շատ կարեւոր է որ դիմացինը սրտա՛նց յարգենք ու պատուենք (Մատ. 15։8)։
5. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ ուրիշները յարգենք։
5 Եհովան կ’ուզէ որ ուրիշները յարգենք։ Օրինակ, ան մեզմէ կ’ուզէ որ ‘մեր վրայ եղած իշխանութիւնները’ յարգենք (Հռով. 13։1, 7)։ Բայց ոմանք թերեւս ըսեն. «Եթէ մէկը յարգանքի արժանի՛ է, շատ սիրով կը յարգեմ զինք»։ Արդեօք այս մտածելակերպը ճի՞շդ է։ Ո՛չ։ Մենք կը հասկնանք որ իբր Եհովայի ծառաներ, ուրիշները յարգելը կախեալ չէ անոնց ըրածներէն կամ չըրածներէն, հապա կախեալ է՝ Եհովային հանդէպ մեր սէրէն եւ զինք ուրախացնելու մեր փափաքէն (Յես. 4։14. Ա. Պետ. 3։15)։
6. Կարելի՞ է յարգենք մէկը որ մեզ չի յարգեր. բացատրէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
6 Կարելի՞ է յարգենք մէկը որ մեզ չի յարգեր։ Այո՛։ Նկատի առնենք մի քանի օրինակ։ Առաջին, Սաւուղ թագաւորը ամէնուն առջեւ խայտառակեց իր տղան՝ Յովնաթանը (Ա. Թագ. 20։30-34)։ Բայց, Յովնաթանը շարունակեց իր հայրը յարգել եւ մինչեւ վերջ անոր թիկունք կեցաւ պատերազմներու ատեն (Ել. 20։12. Բ. Թագ. 1։23)։ Երկրորդ, Հեղի քահանայապետը կարծեց թէ Աննան գինով է (Ա. Թագ. 1։12-14)։ Բայց, Աննան յարգանքով խօսեցաւ Հեղիին հետ, թէեւ ան ճանչցուած էր որ լաւ հայր մը ու քահանայապետ մը չէր (Ա. Թագ. 1։15-18. 2։22-24)։ Երրորդ, Աթէնքի մէջ ոմանք Պօղոս առաքեալը ծաղր ըրին ըսելով որ ան «սերմանաքաղ» մըն է, այսինքն՝ պարապ–տակառ բաներ կը խօսի (Գործք 17։18)։ Հակառակ ասոր, Պօղոս յարգանքով խօսեցաւ անոնց հետ (Գործք 17։22)։ Ուրեմն, այս օրինակները կը ցուցնեն, թէ Եհովային հանդէպ մեր սէրը եւ զինք ուրախացնելու մեր փափաքը կրնան մեզ մղել որ ուրիշները յարգենք, նոյնիսկ երբ ասիկա դժուար ըլլայ։ Հիմա, նկատի առնենք թէ որո՛նք պէտք է յարգենք եւ ինչո՛ւ։
Հակառակ անոր որ Յովնաթանին հայրը խայտառակեց զինք, ան շարունակեց իր հօր թիկունք կենալ (տե՛ս պարբերութիւն 6)
ԸՆՏԱՆԻՔԴ ՅԱՐԳԷ
7. Ինչո՞ւ համար դժուար կրնայ ըլլալ որ մեր ընտանիքին անդամները յարգենք։
7 Ինչո՞ւ դժուար է յարգել։ Մենք մեր ընտանիքին հետ շատ ժամանակ կ’անցընենք։ Ասոր համար, մենք անոնց թէ՛ զօրաւոր կէտերը գիտենք, թէ՛ ալ՝ տկար կէտերը։ Ատեններ ոմանք ֆիզիքական հիւանդութիւն կ’ունենան, իսկ ուրիշներ ալ՝ հոգեկան, եւ ասոր համար դժուար կ’ըլլայ իրենց հոգ տանիլը։ Ուրիշներ խօսքով կամ գործով կը վիրաւորեն իրենց ընտանիքի անդամները։ Ոմանք ալ գէշ կերպով կը վարուին անոնց հետ եւ պատճառ կ’ըլլան որ ընտանիքին խաղաղութիւնն ու միութիւնը խանգարուի։ Ճիշդ ինչպէս որ երբ մէկը յօդի ցաւ ունենայ, իր մարմինին անդամները սահուն կերպով չեն գործեր իրարու հետ, նոյնպէս երբ ընտանիքին մէջ յարգանք չըլլայ՝ միութիւն ալ չ’ըլլար։ Բայց մենք կրնա՛նք սորվիլ մեր ընտանիքին հետ յարգանքով վարուիլ։
8. Ինչո՞ւ պէտք է մեր ընտանիքի անդամները յարգենք (Ա. Տիմոթէոս 5։4, 8)։
8 Ինչո՞ւ պէտք է յարգես (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։4, 8)։ Տիմոթէոսին գրած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս ըսաւ թէ ընտանիքի անդամները պէտք է իրարու հոգ տանին։ Ան բացատրեց թէ մեր ընտանիքին հոգ պէտք է տանինք, ոչ թէ առ ի պարտականութիւն, այլեւ ‘աստուածպաշտութենէ’ (ՆԱ) մղուած։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ պէտք է յարգենք քանի՛ որ Եհովան կը սիրենք եւ յարգելը մեր պաշտամունքին մէկ մասը կը սեպենք։ Եհովան է որ ընտանեկան կարգադրութիւնը հաստատեց (Եփ. 3։14, 15)։ Ասոր համար, երբ մեր ընտանիքի մէկ անդամը յարգենք, Եհովան յարգած կ’ըլլանք։ Ասիկա մեր ընտանիքի անդամները յարգելու շատ կարեւոր պատճառ մըն է։
9. Ամուսին մը ու կին մը ինչպէ՞ս կրնան իրար յարգել (տե՛ս նաեւ նկարները)։
9 Ինչպէ՞ս կրնաս յարգել։ Ամուսին մը յարգած կ’ըլլայ իր կինը, երբ թէ՛ ուրիշներուն առջեւ եւ թէ՛ առանձին ցոյց կու տայ, որ իր կինը արժէքաւոր է իրեն համար (Առ. 31։28. Ա. Պետ. 3։7)։ Ան բնա՛ւ իրեն չի զարներ, զինք անարժէք չի զգացներ եւ պզտիկ չի ձգեր։ Արժանթին ապրող Հոսէa անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Կինս հիւանդ է եւ իր հիւանդութեան պատճառով ատեններ վիրաւորական խօսքեր կ’ըսէ ինծի։ Ասանկ ատեններ, ես ինծի կը յիշեցնեմ որ ինք այդ բաները ըսել չ’ուզեր։ Միտքս կը բերեմ Ա. Կորնթացիս 13։5–ը, որ ինծի կ’օգնէ յարգանքով խօսելու իրեն հետ, փոխանակ՝ պոռալ–կանչելու» (Առ. 19։11)։ Անդին, կինը յարգած կ’ըլլայ իր ամուսինը, երբ անոր մասին լաւ բաներ կը խօսի ուրիշներուն առջեւ (Եփ. 5։33)։ Ան իր ամուսինին վրայ չի խնդար, զայն ծաղր չ’ըներ եւ անուն չի կախեր անոր (Առ. 14։1)։ Իտալիայի մէջ ապրող քոյր մը, որուն ամուսինը չափէ դուրս հոգը կ’առնէ ամէն բանի, կ’ըսէ. «Ատեններ, կը զգամ որ ամուսինս կը չափազանցէ։ Առաջ, խօսքերս եւ դէմքի արտայայտութիւններս կը ցուցնէին որ զինք չեմ յարգեր։ Բայց ժամանակի ընթացքին տեսած եմ, թէ որքա՛ն աւելի ընկերակցիմ անձերու, որոնք յարգանքով կը խօսին ուրիշներու մասին, այնքա՛ն աւելի կը յարգեմ ամուսինս»։
Երբ մեր ընտանիքի անդամներուն հանդէպ յարգանք ցուցնենք, Եհովային հանդէպ յարգանք ցուցուցած կ’ըլլանք (տե՛ս պարբերութիւն 9)
10. Զաւակները ինչպէ՞ս կրնան ցուցնել որ իրենց ծնողքը կը յարգեն։
10 Պատանինե՛ր, յարգեցէք ձեր ծնողքին դրած օրէնքները (Եփ. 6։1-3)։ Անոնց հետ յարգանքով խօսեցէք (Ել. 21։17)։ Երբ ձեր ծնողքը տարիքով մեծնան եւ իրենց պէտքերը շատնան, ա՛լ աւելի հոգ տարէք անոնց։ Տեսնենք Մարիա անունով քրոջ մը օրինակը, որուն հայրը Եհովայի վկայ չէ։ Երբ Մարիային հայրը հիւանդացաւ, իրեն համար դժուար էր անոր հոգ տանիլը, քանի որ ան կոշտութեամբ կը վարուէր Մարիային հետ։ Մարիան կ’ըսէ. «Աղօթեցի որ Եհովան ինծի օգնէ որ ոչ միայն խօսքով յարգեմ պապաս, այլեւ՝ գործով։ Սկսայ մտածել, որ այնքա՛ն ատեն որ Եհովան է ինձմէ ուզողը որ պապաս յարգեմ, ինք կրնա՛յ ինծի օգնել որ յարգեմ։ Ժամանակի ընթացքին ըմբռնեցի որ պապաս պէտք չունի փոխուելու, որպէսզի զինք յարգեմ»։ Ուրեմն, երբ մեր ընտանիքի անդամները յարգենք, նոյնիսկ երբ ասիկա դժուար է մեզի համար, կը փաստենք որ Եհովա՛ն կը յարգենք։
ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՆ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐԸ ՅԱՐԳԷ
11. Ատեններ ինչո՞ւ դժուար կ’ըլլայ հաւատակից մը յարգելը։
11 Ինչո՞ւ դժուար է յարգել։ Մեր հաւատակիցները իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ Եհովային ուզած կերպով ապրին, բայց ատեններ թերեւս անոնք նեղութիւն տան մեզի, ազնուութեամբ չվարուին մեզի հետ կամ անարդարօրէն դատեն մեզ։ Այսպիսի պարագաներու, ‘տրտնջալու’ պատճառ կ’ունենանք եւ դժուար կ’ըլլայ դիմացինը յարգելը (Կող. 3։13)։ Լաւ, ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ յարգանքով վարուինք։
12. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը յարգենք (Բ. Պետրոս 2։9-12)
12 Ինչո՞ւ պէտք է յարգես (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։9-12)։ Իր երկրորդ նամակին մէջ, Պետրոս ըսաւ որ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ ոմանք «մեծափառներուն», այսինքն՝ երէցներուն մասին անարգանքով կը խօսէին։ Հրեշտակները, որոնք ասիկա տեսան, ի՞նչ ըրին։ Առ ի յարգանք Եհովային, անոնք այդ մարդոց մասին ո՛չ մէկ գէշ խօսք խօսեցան։ Ասիկա շա՛տ հետաքրքրական է։ Այդ կատարեալ հրեշտակները նոյնիսկ այդ հպարտներուն մասին անարգանքով չխօսեցան։ Անոնք ձգեցին որ Եհովան զանոնք դատէ եւ յանդիմանէ (Հռով. 14։10-12. համեմատէ՛ Յուդա 9)։ Մենք կրնանք հրեշտակներէն դաս սորվիլ։ Եթէ հակառակորդներուն հետ պէտք է որ յարգանքով վարուինք, ա՛լ ուր մնաց մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ Աւելին, պէտք է որ իրար յարգելու մէջ ‘առաջինը ըլլանք’ (Հռով. 12։10, ՆԱ) Ասիկա ցոյց պիտի տայ որ Եհովան կը յարգենք։
13-14. Ինչպէ՞ս կրնանք եղբայրներն ու քոյրերը յարգել. օրինակներ տուր (տե՛ս նաեւ նկարները)։
13 Ինչպէ՞ս կրնաս յարգել։ Երէցնե՛ր, երբ ուրիշներուն կը սորվեցնէք, սիրով սորվեցուցէք (Փլմ. 8, 9)։ Եթէ մէկու մը խրատ պիտի տաք, ազնիւ եղէք եւ ջղայնութեամբ մի՛ խրատէք։ Քոյրե՛ր, երբ չէք բամբասեր կամ սուտ բաներ չէք խօսիր ուրիշներու մասին, ժողովքին մէջ միւսներուն օրինակ կ’ըլլաք որ իրար յարգեն (Տիտ. 2։3-5)։ Բոլո՛րս ալ ցոյց կու տանք որ երէցները կը յարգենք, երբ անոնց ուղղութիւններուն կը հետեւինք եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրենց թափած բոլոր ջանքերուն համար, որ ժողովները վարեն, քարոզչութիւնը կազմակերպեն եւ «սխալ քայլ մը» առնողներուն օգնեն (Գաղ. 6։1, ՆԱ. Ա. Տիմ. 5։17)։
14 Ռոսիօ անունով քոյր մը երէցէ մը խրատ ստանալէ ետք, զգաց որ իրեն համար դժուար էր այդ երէցը յարգել։ Ինչո՞ւ։ Ան կ’ըսէ. «Երէցը խիստ էր հետս։ Երբ տուն գացի, գէշ բաներ խօսեցայ իր մասին։ Փորձեցի յայտնի չընել, բայց մէջէս կը կասկածէի թէ ինքը իմ լաւութիւնս կ’ուզէ։ Եւ իր խրատը մտիկ չըրի»։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ յարգէ երէցը։ Ան կը բացատրէ. «Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդայի, հասայ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13–ին։ Անդրադարձայ որ ես այս եղբօր հետ յարգանքով չէի վարուեր, եւ խիղճս տանջեց։ Եհովային աղօթեցի եւ հրատարակութիւններուն մէջ պրպտում ըրի, որ տեսնեմ թէ ինչպէ՛ս կրնամ մտածելակերպս փոխել։ Վերջապէս անդրադարձայ որ հարցը եղբայրը չէր, հապա՝ իմ հպարտութիւնս։ Հիմա շատ լաւ գիտեմ որ պէտք է խոնարհ ըլլամ, որ կարենամ ուրիշները յարգել։ Տակաւին պէտք է աշխատիմ ասոր վրայ, բայց ամէն անգամ որ դիմացինը յարգեմ՝ կը զգամ որ Եհովային հետ խաղաղութիւն ունիմ»։
Բոլորս ալ կրնանք ցուցնել որ երէցները կը յարգենք, երբ անոնց ուղղութիւններուն կը հետեւինք եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոնց բոլոր ըրածներուն համար (տե՛ս պարբերութիւն 13-14)
ՎԿԱՅ ՉԵՂՈՂՆԵՐԸ ՅԱՐԳԷ
15. Թերեւս ինչո՞ւ դժուար ըլլայ, որ Վկայ չեղողները յարգենք։
15 Ինչո՞ւ դժուար է յարգել։ Շատ անգամ, ծառայութեան մէջ կը հանդիպինք մարդոց, որոնց հոգը չէ ո՛չ Աստուած, ո՛չ ալ Սուրբ Գիրքը (Եփ. 4։18)։ Ուրիշներ կ’ուզեն իրենց գիտցածին վրայ մնալ։ Կամ թերեւս ունինք գործատէրեր կամ ուսուցիչներ, որոնք բան մը չեն հաւնիր, կամ ալ ունինք գործընկերներ կամ դասընկերներ, որոնց բնաւորութիւնը դժուար է։ Կարելի է որ ժամանակի ընթացքին մեր յարգանքը կորսնցնենք այսպիսիներու հանդէպ եւ ազնիւ կերպով չվարուինք անոնց հետ։
16. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ յարգենք անոնք, որոնք տակաւին Եհովային չեն ծառայեր (Ա. Պետրոս 2։12. 3։15)։
16 Ինչո՞ւ պէտք է յարգես։ Յիշէ որ Եհովան կը տեսնէ, թէ մենք ինչպէ՛ս կը վարուինք Վկայ չեղողներուն հետ։ Պետրոս առաքեալ քրիստոնեաներուն յիշեցուց, որ իրենց լաւ վարքը կրնայ ձգել որ ոմանք «փառաւորեն Աստուած»։ Ասոր համար, ան զանոնք քաջալերեց որ «հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ [«մեղմութեամբ ու խոր յարգանքով», ՆԱ]» խօսին իրենց հաւատքին մասին (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։12. 3։15)։ Քրիստոնեաները միշտ պէտք է յարգանքով խօսին Վկայ չեղողներուն հետ, ըլլա՛ն անոնք դատաւորներ կամ սովորական մարդիկ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Եհովան մեզ կը դիտէ, եւ ան ոչ միայն մեր ըսածը կը լսէ՝ այլեւ մեր ըսած կերպը։ Ուրեմն, շա՜տ կարեւոր է որ յարգանքով վարուինք Վկայ չեղողներուն հետ։
17. Ինչպէ՞ս կրնանք Վկայ չեղողներուն հանդէպ յարգանք ցուցնել։
17 Ինչպէ՞ս կրնաս յարգել։ Երբ ծառայութեան մէջն ենք, բնաւ չենք ուզեր այն տպաւորութիւնը տալ թէ մենք դիմացինէն աւելի կարեւոր ենք, քանի որ Սուրբ Գիրքը իրմէ աւելի գիտենք։ Հապա, կը յիշենք որ անոնք Եհովային աչքին արժէքաւոր են եւ զանոնք մեզմէ աւելի լաւ կը սեպենք (Ան. 2։7. Փլպ. 2։3)։ Եթէ մէկը քեզ նախատէ քու հաւատացած բաներուդ համար, անոր հետ անկիրթ կերպով մի՛ վարուիր, այսինքն մի՛ ըսեր բաներ, որոնց նպատակն է դիմացը ապուշ ցուցնել (Ա. Պետ. 2։23)։ Եւ եթէ բան մը ըսիր եւ ատոր համար կը զղջաս, անմիջապէս իրմէ ներողութիւն խնդրէ։ Իսկ ինչպէ՞ս կրնաս գործիդ մէջ ուրիշները յարգել։ Աշխատասէր եղի՛ր եւ փորձէ՛ գործակիցներուդ կամ գործատիրոջդ մէջի լաւ կէտերը տեսնել (Տիտ. 2։9, 10)։ Երբ գործիդ մէջ պարկեշտ ու աշխատասէր ես, թերեւս դիմացինը արժէքդ չգիտնայ, բայց Եհովան վստահաբա՛ր գիտէ (Կող. 3։22, 23)։
18. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ուրիշներուն հանդէպ յարգանք ունենանք եւ ատիկա ցոյց տանք։
18 Ուրիշներուն հանդէպ յարգանք ունենալու եւ ատիկա ցոյց տալու շատ կարեւոր պատճառներ ունինք։ Տեսանք թէ, երբ մեր ընտանիքին հանդէպ յարգանք ցուցնենք, Եհովային հանդէպ յարգանք ցուցուցած կ’ըլլանք։ Նոյնպէս, երբ մեր եղբայրներն ու քոյրերը յարգենք, մեր երկնաւոր Հայրը յարգած կ’ըլլանք։ Իսկ երբ Վկայ չեղողները յարգենք, առիթ կը ստեղծենք որ օրին մէկը անոնք մեր Ամենակալ Աստուածը փառաբանեն կամ պատուեն։ Նոյնիսկ երբ ոմանք մեզ չյարգեն, միշտ կարեւոր է անոնց հանդէպ յարգանք ցոյց տանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան մեզ պիտի օրհնէ։ Ան կը խոստանայ ‘պատուել անոնք, որ զինք կը պատուեն’ (Ա. Թագ. 2։30, ՆԱ)։
ԵՐԳ 154 Շարունակենք տոկալ
a Կարգ մը անուններ փոխուած են։