ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 42
ԵՐԳ 68 Խոնարհ մարդուն աղօթքը
Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի լաւ աղօթել
«Բոլոր սրտով աղաղակեցի, ո՛վ Տէր, պատասխան տուր ինծի» (ՍԱՂ. 119։145)։
ՆԻՒԹ
Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած աղօթքներուն վրայ խոկալը մեզի կ’օգնէ, որ աւելի լաւ աղօթքներ աղօթենք։
1-2. ա) Ի՞նչը կրնայ արգելք ըլլալ որ մեր զգացումները արտայայտենք Եհովային։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք որ Եհովան սիրով մտիկ կ’ընէ մեր աղօթքները։
ԱՏԵՆՆԵՐ կը զգա՞ս որ նոյն բաներուն մասին կ’աղօթես եւ միայն երկու բառով կը վերջացնես աղօթքդ։ Ասիկա ոեւէ մէկուս հետ կրնայ պատահիլ։ Թերեւս մեր աղօթքները շուտով կը վերջացնենք, քանի որ կեանքը վազնիվազ է։ Թերեւս ալ մեզի համար դժուար է մեր զգացումները արտայայտել Եհովային, քանի որ կը զգանք որ արժանի չենք Եհովային հետ խօսելու։
2 Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ, որ Եհովային համար կարեւոր չէ թէ մեր աղօթքներուն մէջ ի՛նչ բառեր կը գործածենք կամ ինչպէ՛ս կ’արտայայտուինք, հապա՝ կարեւորը այն է որ հեզութեամբ ու սրտանց աղօթենք։ Ան կը լսէ «հեզերուն խնդրանքը» (Սաղ. 10։17, ՆԱ)։ Եհովան ուշի–ուշով եւ սիրով մտիկ կ’ընէ մեր բոլոր աղօթքները, որովհետեւ իսկապէս հետաքրքրուած է մեզմով (Սաղ. 139։1-3)։
3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
3 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք այս հարցումները. ինչո՞ւ պէտք չէ քաշուինք Եհովային աղօթելու։ Ինչպէ՞ս կրնանք այնպէս մը աղօթել, որ Եհովային աւելի մօտենանք։ Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած աղօթքներուն վրայ խոկալը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ աւելի լաւ աղօթքներ աղօթենք։ Եւ ի՞նչ կրնանք ընել եթէ այնքան նեղացած ըլլանք, որ չկարենանք մեր զգացումները արտայայտել Եհովային։ Նկատի առնենք այս հարցումներուն պատասխանները։
ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ ՉԷ ՔԱՇՈՒԻՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՂՕԹԵԼՈՒ
4. Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ առանց քաշուելու Եհովային աղօթենք (Սաղմոս 119։145)։
4 Երբ հասկնանք որ Եհովան հաւատարիմ բարեկամի մը պէս լաւագոյնը կ’ուզէ մեզի համար, հանգիստ պիտի զգանք իրեն պատմելու մեր մտածումներուն ու զգացումներուն մասին։ Սաղմոս 119–ն գրողը ջանաց այսպիսի փոխյարաբերութիւն մը ունենալ Եհովային հետ, թէեւ ան խնդիրներ ունէր եւ մարդիկ սուտ բաներ խօսեցան իրեն մասին (Սաղ. 119։23, 69, 78)։ Ան նաեւ գէշ կը զգար իր սխալներուն պատճառով (Սաղ. 119։5)։ Հակառակ այս բոլորին, ան չէր վախնար իր սիրտը Եհովային առջեւ բանալու (կարդա՛ Սաղմոս 119։145)։
5. Ինչո՞ւ պէտք չէ ձգենք մեր ժխտական զգացումները մեզ ետ կեցնեն աղօթելէ. բացատրէ։
5 Եհովան կ’ուզէ որ նոյնիսկ անոնք, որոնք լուրջ սխալներ գործած են իրեն աղօթեն (Եսա. 55։6, 7)։ Ուրեմն, պէտք չէ ձգենք մեր ժխտական զգացումները մեզ ետ կեցնեն աղօթելէ։ Օրինակով մը բացատրենք. օդաչու մը գիտէ, որ երբ օգնութեան պէտք ունենայ, կրնայ օդակայանի մը հետ կապուիլ։ Օդաչուն պէ՞տք է ամչնայ ասիկա ընելու, եթէ ան ճամբան կորսնցնէ կամ սխալ մը ընէ։ Վստահաբար, ո՛չ։ Նմանապէս մենք, նոյնիսկ եթէ երբեմն կորսուած զգանք կամ մեղք գործենք, կրնանք առանց քաշուելու Եհովային աղօթել (Սաղ. 119։25, 176)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԱՅՆՊԷՍ ՄԸ ԱՂՕԹԵԼ, ՈՐ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՒԵԼԻ ՄՕՏԵՆԱՆՔ
6-7. Եհովային յատկութիւններուն վրայ խոկալը, մեզի ինչպէ՞ս կրնայ օգնել որ իրեն աւելի մօտենանք. օրինակ մը տուր (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։
6 Երբ մեր սիրտը Եհովային բանանք եւ մեր ներքին մտածումներն ու զգացումները իրեն պատմենք, իրեն աւելի կը մօտենանք։ Լաւ, ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ ասանկ աղօթենք։
7 Եհովային յատկութիւններուն վրայ խոկա՛a։ Որքա՛ն աւելի Աստուծոյ յատկութիւններուն վրայ խոկանք, այնքա՛ն աւելի պիտի կարենանք մեր զգացումները ազատօրէն արտայայտել (Սաղ. 145։8, 9, 18)։ Նկատի առ քոյր Քրիսթինին օրինակը, որուն հայրը վայրագ մէկն էր։ Ան կը բացատրէ. «Իբրեւ Հայր Եհովային հետը խօսիլը ինծի համար դիւրին չէր։ Զգացի որ անկատարութիւններս կրնան պատճառ ըլլալ որ ան ինծի երես դարձնէ»։ Եհովային ո՞ր յատկութիւնը իրեն օգնեց։ Ան կ’ըսէ. «Եհովային հաւատարիմ սէ՛րը զիս ապահով կը զգացնէ։ Գիտեմ որ ան իմ ձեռքս պիտի չձգէ։ Նոյնիսկ եթէ սխալ մը ընեմ, ան տակաւին զիս պիտի սիրէ եւ ոտքի հանէ։ Ասիկա կ’օգնէ որ խոր զգացումներս արտայայտեմ իրեն, ուրախ ըլլամ թէ՝ տխուր»։
8-9. Ի՞նչ օգուտ ունի աղօթելէ առաջ մտածելը. բացատրէ։
8 Ըսելիքներուդ մասին մտածէ։ Աղօթելէ առաջ, դուն քեզի այսպիսի հարցումներ հարցուր. ‘Հիմա ի՞նչ խնդիրներէ կ’անցնիմ։ Մէկը կա՞յ որ պէտք է ներեմ իրեն։ Նոր դժուարութիւն մը ունի՞մ, որուն մէջ Եհովային օգնութեան պէտք ունիմ’ (Դ. Թագ. 19։15-19)։ Ասկէ զատ, կրնաս աղօթքին մասին Յիսուսին սորվեցուցածը միտքդ պահելով՝ մտածել թէ Եհովայէն ի՛նչ կրնաս խնդրել Իր անունին, Թագաւորութեան եւ կամքին մասին (Մատ. 6։9, 10)։
9 Երբ Ալիսքա անունով քոյր մը գիտցաւ որ իր ամուսինը ուղեղին մէջ մահացու քաղցկեղ ունի, դժուարութիւն ունեցաւ աղօթելու։ Ան կ’ըսէ. «Այնքա՜ն տակնուվրայ էի որ երբ աղօթելու սկսէի, չէի գիտեր ի՛նչ ըսել»։ Ի՞նչը իրեն օգնեց։ Ան կը բացատրէ. «Աղօթելէ առաջ մի քանի վայրկեան կ’առնեմ որ մտածումներս կարգի դնեմ, եւ ասիկա ինծի օգնած է որ աղօթքներս միայն իմ եւ ամուսինիս մասին չըլլան, նաեւ աւելի հանդարտ ըլլամ եւ տարբեր բաներու մասին աղօթեմ»։
10. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք երկար աղօթքներ ընել (տե՛ս նաեւ նկարները)։
10 Երկար աղօթքներ ըրէ։ Ճիշդ է որ կարճ աղօթքները կրնան մեզ Եհովային մօտեցնել, բայց երբ երկար աղօթենք, աւելի հաւանական է որ մեր մտածումներուն ու զգացումներուն մասին խօսինք Եհովայինb։ Ալիսքային ամուսինը՝ Էլայճան կը պատմէ. «Ես օրուան ընթացքին շատ անգամներ կ’աղօթեմ։ Բայց Եհովային աւելի մօտիկ կը զգամ երբ աւելի երկար կ’աղօթեմ։ Ես աղօթելու ատեն ժամանակս կ’առնեմ, քանի որ գիտեմ որ Եհովան կենալով չի սպասեր որ մէկ վայրկեան առաջ վերջացնեմ աղօթքս»։ Ասիկա փորձէ. տես թէ ո՛ւր եւ ե՛րբ կրնաս աղօթել առանց խանգարումներու, եւ թերեւս նոյնիսկ բարձրաձայն։ Եւ սովորութիւն դարձուր երկար աղօթելը։
Զատէ ժամանակ մը եւ տեղ մը, ուր կրնաս երկար աղօթել՝ առանց խանգարումներու (տե՛ս պարբերութիւն 10)
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԽՈԿԱ՛
11. Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած սրտանց աղօթքներուն վրայ խոկալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք (տե՛ս նաեւ «Անոնց պէս զգացա՞ծ ես» տուփը)։
11 Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած սրտանց աղօթքներուն եւ փառաբանութեան սաղմոսներուն վրայ խոկալն ալ կրնայ օգտակար ըլլալ։ Երբ նկատի առնես թէ Աստուծոյ ծառաները իրենց խոր մտածումները ինչպէ՛ս արտայայտեցին, ասիկա քեզ պիտի մղէ որ սիրտդ բանաս Եհովային։ Անոնց աղօթքները կրնան քեզի օգնել որ գտնես նոր արտայայտութիւններ, որոնք կրնաս աղօթքներուդ մէջ գործածել։ Թերեւս գտնես աղօթքներ, որոնց մէջ Եհովային ծառաները կը զգան կամ կը խնդրեն նոյն այն բաները, որ դուն կը զգաս կամ կը խնդրես։
12. Մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ կրնանք հարցնել, մինչ արձանագրուած աղօթքներուն վրայ կը խոկանք։
12 Մինչ Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած սրտանց աղօթքներուն վրայ կը խոկաս, դուն քեզի հարցուր. ‘Այս խօսքերը ո՞վ ըսած է եւ ի՞նչ պայմաններու տակ ըսած է։ Ես ալ ունի՞մ նոյն զգացումները։ Ի՞նչ դասեր կրնամ սորվիլ այս աղօթքէն’։ Կրնայ ըլլալ աւելորդ պրպտում ընելու պէտք ունենաս, որ այս հարցումներուն պատասխանները գտնես, բայց կ’արժէ ասոր համար ջանք թափելը։ Հիմա, նկատի առնենք մի քանի օրինակներ։
13. Աննային աղօթքէն ի՞նչ դաս մը կը սորվինք (Ա. Թագաւորաց 1։10, 11) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
13 Կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 1։10, 11։ Երբ Աննան այս աղօթքը ըրաւ, ան երկու մեծ խնդիրներ ունէր։ Ան զաւակ չէր կրնար ունենալ եւ իր ամուսինին միւս կինը Աննային կեանքը քիթէն–բերնէն կը բերէր (Ա. Թագ. 1։4-7)։ Եթէ դուն ալ խնդիր մը ունիս որ կեանքդ կը դժուարացնէ, Աննային աղօթքէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։ Աննան իր ժամանակը առաւ որ աղօթքով Եհովային պատմէ իր բոլոր մտահոգութիւններուն մասին, եւ անկէ ետք շատ հանգիստ զգաց (Ա. Թագ. 1։12, 18)։ Մենք ալ կրնանք հանգիստ զգալ երբ ‘մեր հոգը Տէրոջը վրայ ձգենք’, իրեն պատմելով թէ մեր մտահոգութիւնները ինչպէ՛ս գէշ կերպով կ’ազդեն մեր վրայ (Սաղ. 55։22)։
Երբ Աննան չէր կրնար պզտիկ ունենալ եւ իր ամուսինին միւս կինը իր վրայ կը խնդար, Եհովային պարպեց իր սրտին նեղութիւնները (տե՛ս պարբերութիւն 13)
14. ա) Ուրիշ ի՞նչ կը սորվինք Աննայէն։ բ) Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ տարբեր–տարբեր ըսելիքներ ունենանք մեր աղօթքներուն մէջ (տե՛ս ստորանիշը)։
14 Իր տղուն՝ Սամուէլին ծնելէն մի քանի տարի ետք, Աննան զինք տարաւ Հեղի քահանայապետին քով (Ա. Թագ. 1։24-28)։ Հոն, Աննան ամբողջ սրտով աղօթեց եւ իր գնահատութիւնը արտայայտեց Եհովային, քանի որ Ան միշտ կը պաշտպանէ եւ հոգ կը տանի իր հաւատարիմ ծառաներուն (Ա. Թագ. 2։1, 8, 9)c։ Ճիշդ է որ Աննային խնդիրները շարունակուեցան իր տան մէջ, բայց ինք կեդրոնացաւ Եհովային տուած օրհնութեան վրայ։ Ի՞նչ կը սորվինք ասկէ։ Եթէ մենք ալ միշտ մտածենք այն բաներուն մասին, որոնք Եհովան մինչեւ այսօր ըրած է մեզի օգնելու համար, աւելի պիտի կարենանք դիմանալ մեր դժուարութիւններուն։
15. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Երեմիա մարգարէին աղօթքէն (Երեմիա 12։1)։
15 Կարդա՛ Երեմիա 12։1։ Երեմիան ատեն մը յուսախաբ զգաց, քանի որ կը տեսնէր թէ գէշ մարդիկ կը յաջողին։ Ան նաեւ նեղացաւ քանի որ իսրայէլացիները իր վրայ կը խնդային (Եր. 20։7, 8)։ Մենք ալ թերեւս Երեմիային պէս զգանք, երբ տեսնենք որ գէշ մարդիկ կը յաջողին կամ մեր վրայ կը խնդան։ Թէեւ Երեմիան իր նեղութիւնը արտայայտեց, բայց Աստուծոյ արդարութեան վրայ չկասկածեցաւ։ Երբ ան տեսաւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ըմբոստ ժողովուրդը պատժեց, Աստուծոյ արդարութեան հանդէպ իր վստահութիւնը աւելցած ըլլալու էր (Եր. 32։19)։ Մենք ալ կրնանք բացէ ի բաց մեր նեղութիւնները արտայայտել Եհովային, վստահ ըլլալով որ ան ճիշդ ժամանակին բոլոր անարդարութիւնները պիտի վերցնէ մէջտեղէն։
16. Ղեւտացիի մը աղօթքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ (Սաղմոս 42։1-4) (տե՛ս նաեւ նկարները)։
16 Կարդա՛ Սաղմոս 42։1-4։ Այս սաղմոսը գրուած է աքսորուած ղեւտացիի մը կողմէ, որ չէր կրնար իր հաւատակիցներուն հետ միասին Եհովան պաշտել տաճարին մէջ։ Ատոր մէջ ան կ’ըսէ թէ ինք ինչպէ՛ս կը զգար։ Թերեւս մենք ալ իրեն պէս կը զգանք, եթէ տունէն դուրս չենք կրնար ելլել, օրինակ՝ հիւանդութեան պատճառաւ, կամ՝ եթէ մեր հաւատքին համար բանտարկուած ենք։ Նոյնիսկ եթէ մէյ մը ուրախ զգանք, մէյ մը՝ տխուր, կարեւոր է որ Եհովային խօսինք մեր այս զգացումներուն մասին։ Ասիկա պիտի օգնէ որ մեր զգացումները աւելի լաւ հասկնանք եւ մեր պարագային նկատմամբ տարբեր տեսակէտ մը ունենանք։ Օրինակ, այս ղեւտացին անդրադարձաւ, որ ինք Եհովան փառաբանելու նոր առիթներ պիտի ունենար (Սաղ. 42։5)։ Ան նաեւ մտածեց թէ Եհովան ինչպէ՛ս հոգ կը տանէր իրեն (Սաղ. 42։8)։ Սրտանց Եհովային աղօթելը կրնայ մեզի ալ օգնել որ՝ մեր զգացումները վերլուծենք, մեր հաւասարակշռութիւնը վերագտնենք եւ դիմանալու համար ոյժ ունենանք։
42–րդ սաղմոսը գրողը իր սիրտը բացաւ Եհովային։ Երբ մենք ալ մեր զգացումներուն մասին խօսինք մեր աղօթքներուն մէջ, կրնանք տարբեր տեսակէտ մը ունենալ մեր պարագային նկատմամբ (տե՛ս պարբերութիւն 16)
17. ա) Յովնան մարգարէին աղօթքէն ի՞նչ կը սորվինք (Յովնան 2։1, 2)։ բ) Սաղմոսաց գիրքէն որոշ խօսքեր յիշելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի երբ նեղութեան մէջ ըլլանք (տե՛ս ստորանիշը)։
17 Կարդա՛ Յովնան 2։1, 2։ Յովնան մարգարէն այս աղօթքը ըրաւ մեծ ձուկին փորին մէջ։ Թէեւ ան Եհովային չէր հնազանդած, բայց վստահ էր որ Եհովան իրեն ձայնը պիտի լսէր։ Յովնանը իր աղօթքին մէջ գործածեց շատ մը արտայայտութիւններ, որոնք Սաղմոսաց գիրքին մէջ կը գտնուինd։ Ան հաւանաբար շատ լաւ գիտէր այդ սաղմոսները։ Ասոր համար, ատոնց մասին մտածելը զինք վստահեցուց, որ Եհովան պիտի օգնէր իրեն։ Եթէ մենք ալ Սուրբ Գիրքէն համարներ գոց սորվինք, շատ հաւանաբար ատոնք յիշենք եւ ատոնցմով մխիթարուինք, երբ նեղութեան մէջ Եհովային աղօթենք։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄՕՏԵՆԱԼ՝ ԱՂՕԹԵԼՈՎ
18-19. Եթէ ատեններ չկարենանք մեր զգացումները խօսքերով արտայայտել, Հռովմայեցիս 8։26, 27–ի ո՞ր խօսքը կը մխիթարէ մեզ. օրինակ մը տուր։
18 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։26, 27։ Ատեններ, այնքան շատ մտահոգ կը զգանք, որ չենք կրնար մեր զգացումները խօսքերով արտայայտել աղօթելու ատեն։ Երբ ասանկ զգանք, Եհովային սուրբ հոգին «բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար»։ Բացատրենք թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Եհովան իր սուրբ հոգին գործածեց, Սուրբ Գիրքը գրողները մղելու որ շատ մը աղօթքներ գրեն։ Երբ չկարենանք մեր մտածումները յստակօրէն արտայայտել, կրնանք այս աղօթքներուն մէջ գտնուած արտայայտութիւնները գործածել մեր աղօթքներուն մէջ, եւ Եհովան կրնայ զանոնք ընդունիլ որպէս մեր խնդրանքը եւ ատոր պատասխանել։
19 Այս գաղափարը օգտակար դարձաւ Ելենա անունով ռուս քրոջ մը։ Ան ձերբակալուեցաւ, քանի որ կ’աղօթէր եւ Սուրբ Գիրքը կը կարդար։ Ելենան այնքա՛ն նեղութիւն զգաց, որ աղօթելու դժուարութիւն ունեցաւ։ Ան կը պատմէ. «Ետքը յիշեցի թէ, երբ նեղութեան մէջ ըլլամ եւ չգիտնամ ի՛նչ բանի մասին աղօթել, Եհովան անցեալի իր ծառաներուն ներշնչեալ աղօթքները պիտի ընդունի. . . որպէս թէ անոնք իմ խնդրանքներս ըլլային։ . . .Այս գաղափարը զիս շա՜տ մխիթարեց, երբ չափազանց դժուար պարագաներէ կ’անցնէի»։
20. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր միտքը աղօթելու պատրաստել, երբ սթրեսի տակ ըլլանք։
20 Երբ սթրեսի տակ ըլլանք, դժուար է կեդրոնանանք աղօթքի ժամանակ։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել։ Աղօթելէ առաջ կրնանք բարձրաձայն սաղմոսներ կարդալ։ Նաեւ կրնանք մեր զգացումները գրի առնել, ինչպէս որ Դաւիթ թագաւոր ըրաւ (Սաղ. 18. 34. 142, վերնագիրներ)։ Անշուշտ, օրէնքներ չկան թէ ինչպէ՛ս պէտք է աղօթելու պատրաստուինք (Սաղ. 141։2)։ Տես թէ ի՛նչ բան անձնապէս քեզի՛ կ’օգնէ որ պատրաստուիս։
21. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք ամբողջ սրտով աղօթել։
21 Մենք շատ կը հանգչինք գիտնալով որ Եհովան մեր զգացումները կը հասկնայ՝ նոյնիսկ բան մը ըսելէ առաջ (Սաղ. 139։4)։ Բայց ան կ’ուզէ որ մեզմէ լսէ թէ ի՛նչ կը զգանք եւ թէ որքա՛ն իրեն կը վստահինք։ Ասոր համար, մի՛ քաշուիր երկնաւոր Հօրդ աղօթելու։ Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած աղօթքներէն գաղափար առ թէ ի՛նչ արտայայտութիւններ կրնաս գործածել։ Ամբողջ սրտով աղօթէ։ Եհովային պատմէ թէ՛ ուրախութիւններուդ ու թէ՛ նեղութիւններուդ մասին։ Եհովան քու իսկական Բարեկամդ ըլլալով, մի՛շտ պատրաստ պիտի ըլլայ քեզի լսելու եւ օգնելու։
ԵՐԳ 57 Սրտիս խորհրդածութիւնը
a Նկատի առ «Եհովա» վերնագրին տակ՝ «Եհովային կարգ մը աչքառու յատկութիւնները» նիւթը, որ նշուած է՝ Քրիստոնեային կեանքին օգտակար եղող համարներ հրատարակութեան մէջ (արաբ.)։
b Ժողովքին համար ներկայացուած հանրային աղօթքները ընդհանրապէս բաւական կարճ կ’ըլլան։
c Աննան իր աղօթքին մէջ ըսաւ բաներ, որոնց նմանը Մովսէս գրած էր։ Ասիկա կը ցուցնէ որ ան ժամանակը կ’առնէր որ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ խոկար (Բ. Օր. 4։35. 8։18. 32։4, 39. Ա. Թագ. 2։2, 6, 7)։ Դարեր ետք, Յիսուսին մայրը՝ Մարիամը փառաբանութեան խօսքեր ըսաւ, որոնք շատ կը նմանէին Աննային ըսածներուն (Ղուկ. 1։46-55)։
d Օրինակներ տեսնելու համար, Յովնան 2։3-9–ն համեմատէ՛ Սաղմոս 69։1. 16։10. 30։3. 142։2, 3. 143։4, 5. 18։6 եւ 3։8–ին հետ, ըստ Յովնանին գործածած շարքաւորումով։