Կառավարիչ մարմինի երկու նոր անդամներ
5 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2024–ին, տարեկան ժողովին՝ յատուկ յայտարարութիւն մը եղաւ, ուր ըսուեցաւ որ եղբայր Ճոտի Ճէյտլին եւ եղբայր Ճէյքըպ Ռումֆը նշանակուեցան որպէս Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի անդամներ։ Այս երկու եղբայրները երկա՜ր տարիներէ ի վեր հաւատարմօրէն կը ծառայեն Եհովային։
Ճոտի Ճէյտլին եւ Տամարիսը
Եղբայր Ճէյտլին ծնած է Միսուրի նահանգին մէջ (ԱՄՆ), եւ ճշմարտութեան մէջ մեծցած է։ Ինքը եւ իր ընտանիքը կ’ապրէին շրջանի մը մէջ, ուր շատ Վկաներ չկային։ Ասոր պատճառով, ան ծանօթացաւ շատ մը եղբայրներու ու քոյրերու, որոնք երկրին տարբեր մասերէն կու գային որ հոն քարոզէին։ Անոնց սէրն ու միութիւնը շատ ազդեց իրեն։ Ան մկրտուեցաւ 15 հոկտեմբեր 1983–ին, երբ դեռ նոր պատանի էր։ Ան կը սիրէր ծառայութեան ելլել, եւ երբ դպրոցը աւարտեց՝ ռահվիրայութեան սկսաւ սեպտեմբեր 1989–ին։
Երբ եղբայր Ճէյտլին պատանի էր, իր ծնողքին եւ քրոջ հետ Բեթէլը կ’այցելէր։ Այդ այցելութիւնները իր եւ իր քրոջ մէջ փափաք արթնցուցին որ Բեթէլին մէջ ծառայեն։ Անոնք այս նպատակը դրին եւ ատոր հասան։ Եղբայր Ճէյտլին Ուոլգիլի Բեթէլը եկաւ սեպտեմբեր 1990–ին։ Ան նախ աշխատեցաւ Մաքրութեան բաժանմունքին մէջ եւ ետքը Բժշկական բաժանմունքին մէջ։
Այդ ժամանակամիջոցին, մօտակայ սպանախօս ժողովքները կ’աճէին եւ եղբայրներու պէտք ունէին։ Ասոր համար, եղբայր Ճէյտլին միացաւ անոնցմէ մէկուն եւ սկսաւ սպաներէն սորվիլ։ Շատ չանցած, ան ծանօթացաւ Տամարիս անունով ռահվիրայ քրոջ մը եւ ժամանակ մը ետք անոնք ամուսնացան եւ միասին ծառայեցին Բեթէլին մէջ։
2005–ին, անոնք Բեթէլը ձգեցին, որպէսզի իրենց ծնողներուն հոգ տանին։ Այդ ժամանակամիջոցին անոնք կանոնաւոր ռահվիրայ եղան։ Նաեւ, եղբայր Ճէյտլին ուսուցիչ էր Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցին մէջ, եւ կը ծառայէր Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբին մէջ եւ Շրջանային շինարարական յանձնախումբին մէջ։
2013–ին, անոնք ետ հրաւիրուեցան Բեթէլ՝ Ուորուիքի շինարարութեան համար։ Ատկէ զատ, անոնք նաեւ ծառայած են Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի մէջ։ Եղբայր Ճէյտլին աշխատած է Տեղական ծրագրման/շինարարութեան բաժանմունքին մէջ եւ Հիւանդանոցային տեղեկութիւններ տուող բաժանմունքին մէջ։ Մարտ 2023–ին, ան նշանակուեցաւ Ծառայութեան յանձնախումբի օգնական։ Երբ ան իր միտքը կը բերէ այն նշանակումները որոնք կատարած է, կ’ըսէ. «Երբ նոր նշանակումներ ստանաս, ատեններ շատ իրար կ’անցնիս։ Բայց ճիշդ այդ ատենն է որ պէտք է յիշենք Եհովային վստահիլ, քանի որ ան իր անունին համաձայն, մեզի կարողութիւն պիտի տայ որ իր ուզածը կարենանք ընել»։
Ճէյքըպ Ռումֆը եւ Ինկան
Եղբայր Ռումֆը ծնած է Քալիֆորնիա (ԱՄՆ)։ Երբ ինք պզտիկ էր, իր մայրը անգործունեայ էր, բայց ջանք կ’ընէր որ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները սորվեցնէր իրեն։ Եղբայր Ռումֆը նաեւ ամէն տարի կ’այցելէր իր մեծ մօր, որ հաւատարիմ Վկայ մըն էր։ Իր մեծ մայրը իր հետաքրքրութիւնը արթնցուց ճշմարտութեան հանդէպ, եւ երբ ինք 13 տարեկան եղաւ, ուզեց Սուրբ Գիրքը սերտել։ Ան մկրտուեցաւ 27 սեպտեմբեր 1992–ին, երբ տակաւին պատանի էր։ Իր մայրը ետ գործունեայ դարձաւ, եւ իր ընտանիքին բոլոր անդամները սկսան յառաջդիմել եւ ետքը մկրտուեցան։
Երբ Եղբայր Ռումֆը պատանի էր, կը տեսնէր որ ռահվիրաները որքա՜ն ուրախ են։ Անոր համար, երբ ան դպրոցը աւարտեց, սկսաւ ռահվիրայութիւն ընել սեպտեմբեր 1995–ին։ 2000–ին, ան Էքուատոր փոխադրուեցաւ, քանի որ հոն հրատարակիչներու աւելի պէտք կար։ Հոն ծանօթացաւ Քանատայէն եղող Ինկա անունով ռահվիրայ քրոջ մը, եւ ժամանակ մը ետք անոնք ամուսնացան։ Անոնք սկսան ծառայել Էքուատորի մէկ գիւղաքաղաքին մէջ, ուր հրատարակիչներու պզտիկ խումբ մը կար։ Ներկայիս աճող ժողովք մը կայ հոն։
Ժամանակ մը ետք, անոնք նշանակուեցան որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ եւ ետքը՝ շրջանային գործին մէջ։ 2011–ին, անոնք հրաւիրուեցան Գաղաադի դպրոցին 132–րդ դասարանը։ Աւարտելէ ետք, անոնք աշխարհի չորս կողմը ծառայեցին տարբեր նշանակումներու մէջ, օրինակ՝ Բեթէլի մէջ, միսիոնարական գործին մէջ եւ շրջանային գործին մէջ։ Եղբայր Ռումֆը նաեւ առանձնաշնորհումը ունեցած է դասաւանդելու Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին մէջ։
ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին պատճառով, անոնք Միացեալ Նահանգներ վերադարձան։ Անոնք հրաւիրուեցան Ուոլգիլի Բեթէլը, ուր եղբայր Ռումֆը մարզում ստացաւ Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ։ Ետքը, անոնք նորէն նշանակուեցան Էքուատորի մասնաճիւղը, ուր եղբայր Ռումֆը ծառայեց Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէջ։ 2023–ին, անոնք նշանակուեցան Ուորուիք։ Յունուար 2024–ին, եղբայր Ռումֆը նշանակուեցաւ որպէս Ծառայութեան յանձնախումբի օգնական։ Եղբայր Ռումֆը իր կեանքին ընթացքին իր ստացած նշանակումներուն մասին կ’ըսէ. «Ծառայած տե՛ղդ չէ որ նշանակումդ յատուկ կը դարձնէ, հապա՝ այն անհատները որոնց հետ կը ծառայես»։
Մենք շատ կը գնահատենք այս եղբայրներուն թափած ջանքերը եւ մենք ‘կը պատուենք այդպիսիները’ (Փլպ. 2։29, ԱԾ)։