Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
«Կը գոհանանք Աստուծմէ ամէն ատեն ձեր ամենուն համար՝ ձեզ յիշելով մեր աղօթքներուն մէջ. անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը ու սիրոյ աշխատութիւնը [«սիրառատ աշխատանքը», ՆԱ] եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը առջեւ» (Ա. Թես. 1։2, 3)։ Այս խօսքերը ձեզի հանդէպ մեր զգացումները կը յայտնեն։ Ձեզ եւ ձեր կատարած լաւ գործը յիշելով, Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնենք։ Ինչո՞ւ։
Անցեալ տարուան ընթացքին, դուք զբաղած էիք Թագաւորութեան առնչուող գործունէութիւններուն մէջ «հաւատքի գործ» եւ «սիրառատ աշխատանք» կատարելով։ Ձեզմէ շատեր իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելու կերպեր փնտռած են։ Ոմանք փոխադրուած են շրջաններ, նոյնիսկ այլ երկիրներ, ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու մեծ կարիք կայ։ Ուրիշներ իրենց ծառայութիւնը ընդարձակած են հանրային վկայութեան մասնակցելով։ Շատեր մղուեցան որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայելու Յիշատակատօնի շրջանին կամ շրջանային տեսուչի այցելութեան ամսուան ընթացքին եւ կամ օգոստոս 2014–ի մասնաւոր արշաւին ընթացքին։ Թէեւ տարբեր պարագաներ կը դիմագրաւէք, բայց մենք կը նկատենք թէ դուք անձնուէր ծառայութիւն կը մատուցանէք Եհովային, եւ մենք ձեզ կը գովենք (Կող. 3։23, 24)։ Ձեր «հաւատքի գործը» իրապէս պատճառ մըն է որ մենք Եհովային շնորհակալութիւն յայտնենք։
Նաեւ, խորապէս գնահատեցինք ձեր «սիրառատ աշխատանքը», որ կապ ունէր աշխարհի տարածքին զանազան աստուածպետական կառոյցներ շինելու հետ։ Շատ կարիքը ունինք այսպիսի կառոյցներու, քանի որ Եհովային ժողովուրդը կը շարունակէ աճիլ (Եսա. 60։22)։ Երեւակայէ որ անցեալ տարի մեր հրատարակիչներուն գագաթ թիւը 8,201,545 էր, իսկ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն գագաթ թիւը իւրաքանչիւր ամիս՝ 9,499,933 էր միջին հաշուով։ Այս աճման առ ի արդիւնք, բազմաթիւ մասնաճիւղեր պէտք է ընդարձակուին կամ նորոգուին։ Անշուշտ, ասիկա նաեւ կը նշանակէ որ յաւելեալ Թագաւորութեան սրահներու պէտք ունինք։ Միեւնոյն ժամանակ, աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ պէտք կայ թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակներու, որպէսզի մեր թարգմանիչները կարենան ապրիլ եւ աշխատիլ հոն՝ ուր իրենց մայրենի լեզուն կը խօսուի։
Հետեւաբար, կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Ի՞նչ կրնամ ընել, որ այս շինարարական գործերուն աջակցիմ’։ Մեզմէ ոմանք կրնան կամաւորաբար բաժին բերել այս գործին մէջ։ Շինարարական հմտութիւններ ունենանք կամ ոչ, բոլորս ալ առանձնաշնորհումը ունինք մեր ստացուածքով աջակցելու այս կարեւոր ծրագիրներուն (Առ. 3։9, 10)։ Խորանին կառուցման ժամանակ, իսրայէլացիները ա՛յնքան առատաձեռն էին, որ անոնց ըսուեցաւ որ դադրէին ընծայ բերելէ (Ել. 36։5-7)։ Անկասկած, այսպիսի աստուածաշնչական օրինակներ մեր սրտին կը դպչին եւ մեզ կը քաջալերեն։ Սուրբ ծառայութեան այս կարեւոր երեսակներուն մէջ ձեր «սիրառատ աշխատանքը» այլ պատճառ մըն է, որ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնենք։
Մասնաւորաբար կ’ուրախանանք, երբ մեր եղբայրներուն հաստատօրէն համբերելը կամ տոկալը կը տեսնենք։ Օրինակ, նկատի առէք Հարաւային Քորէայի մեր սիրելի եղբայրներուն օրինակը։ 1950–էն ի վեր, այդ երկրին մէջ երիտասարդ եղբայրներ տարբեր տեւողութեամբ բանտարկութեան դատապարտուած են, քանի որ չեն ուզած իրենց քրիստոնէական չէզոքութիւնը բեկանել։ Մեր եղբայրները տարինե՜ր այս վերաբերմունքին տոկացած են, առանց երերալու իրենց հաւատքին մէջ։ Իրենց օրինակը մեր հաւատքը կը զօրացնէ։
Էրիթրիոյ մէջ, մեր եղբայրներէն երեքը աւելի քան 20 տարիէ ի վեր բանտարկուած են։ Ուրիշներ, ներառեալ՝ քոյրեր եւ իրենց երեխաները, աւելի կարճ տարիներ բանտարկուած են։ Շատ ջանք թափուած է որ անոնք ազատ արձակուին, բայց ի զուր։ Մեր եղբայրները զիջումներ չեն ըրած։ Նոյնիսկ վշտալից պարագաներու ներքեւ, անոնք իրենց ուղղամտութիւնը պահած են։ Մենք այս հաւատարիմները միշտ կը յիշենք մեր աղօթքներուն մէջ (Հռով. 1։8, 9)։
Անշուշտ, ձեր մեծամասնութիւնը իր հաւատքին համար բանտարկուած չէ։ Բայց ձեզմէ շատեր տարեց են, երկարատեւ առողջապահական խնդիրներ կը դիմագրաւեն, հակառակութիւն կը կրեն անհաւատ կողակիցներու կամ ազգականներու կողմէ, ինչպէս նաեւ կը դիմագրաւեն այլ մարտահրաւէրներ, որոնց մասին թերեւս ուրիշներ տեղեակ չեն։ Ասով հանդերձ, դուք կը շարունակէ՛ք Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել (Յակ. 1։12)։ Մենք ձեզ կը գովենք։ Հաւատարմօրէն ձեր տոկալը այլ պատճառ մըն է Եհովային շնորհակալութիւն յայտնելու։
Արդարեւ, ձեր հաւատքի գործը, ձեր սիրառատ աշխատանքը եւ ձեր համբերատարութիւնը հոյակապ պատճառներ են ‘շնորհակալ ըլլալու Տէրոջմէն, որովհետեւ բարի է’ (Սաղ. 106։1, ԱԾ)։ Մենք ձեզ շատ կը սիրենք, եւ կ’աղօթենք որ Եհովան ձեզ զօրացնէ, պահպանէ եւ օրհնէ, որ կարենաք առյաւէտ իրեն ծառայել։
Ձեր եղբայրները,
Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին