Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուն յօդուած 36
  • Օր մը օրանց արդար տնտեսական պայմաններ պիտի ըլլա՞ն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օր մը օրանց արդար տնտեսական պայմաններ պիտի ըլլա՞ն
  • Ուրիշ նիւթեր
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Տնտեսական խնդիրներ՝ որոնք Աստուած պիտի լուծէ
  • Յիսուսի օրինակին հետեւելով՝ աղքատներով հետաքրքրուէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Աղքատութեան մնայուն լուծումը գտնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ սղութիւնը կ’աւելնայ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Ուրիշ նիւթեր
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ Յիսուսի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Ուրիշ նիւթեր
ուն յօդուած 36
Աղքատիկ բնակարաններու քով կեցած տղամարդ մը կը նայի հարուստ եւ սուղ յարկաբաժիններու։

Օր մը օրանց արդար տնտեսական պայմաններ պիտի ըլլա՞ն

Երթալով աւելի՛ երկիրներու մէջ, մարդիկ ցոյցեր կ’ընեն անարդար տնտեսական պայմաններուն նկատմամբ։ Իսկ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը տնտեսական պայմանները անդամալուծեց։ Արգելափակումները (lockdowns), ուտելիքի պակասը եւ սահմանափակ առողջապահական խնամքը մարդիկը բռնկեցուց, քանի որ ատիկա յստակ դարձուց հարուստ եւ աղքատ դասակարգին տարբերութիւնը։

Արդեօք տնտեսական խնդիրները վերջ պիտի գտնե՞ն։ Այո՛։ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ, որ Աստուա՛ծ պիտի լուծէ մեր խնդիրները։

Տնտեսական խնդիրներ՝ որոնք Աստուած պիտի լուծէ

Խնդիր։ Մարդիկ չեն կրցած ստեղծել տնտեսական այնպիսի դրութիւն, որ կրնայ բոլորի՛ն պէտքերը հոգալ։

Լուծում։ Աստուած մարդկային բոլոր կառավարութիւնները պիտի փոխարինէ իր կառավարութեամբ, որ կը կոչուի՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւն։ Ատիկա երկինքէն ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։10)։

Արդիւնք։ Համաշխարհային կառավարութիւն ըլլալով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կատարեալ կերպով պիտի իշխէ երկրի վրայ։ Մարդիկ այլեւս աղքատութենէ պիտի չտառապին, ոչ ալ տնտեսական անորոշ եւ անապահով վիճակ պիտի ունենան (Սաղմոս 9։7-9, 18)։ Ընդհակառա՛կը, անոնք իրենց աշխատանքին վարձքը պիտի առնեն եւ հաճելի կեանք պիտի ունենան իրենց ընտանիքներուն հետ։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն» (Եսայի 65։21, 22)։

Խնդիր։ Մարդիկ չեն կրնար խոյս տալ այն պարագաներէն, որոնք զիրենք ծայր աստիճան կը մտահոգեն եւ կարեւոր պէտքերէ կը զրկեն։

Լուծում։ Աստուած, իր Թագաւորութեան միջոցաւ, ամէն տեսակ վախի, մտահոգութեան եւ անապահովութեան զգացումի պատճառներուն վերջ պիտի դնէ։

Արդիւնք։ Երբ Աստուած մարդոց վրայ իշխէ, անոնց ամէնէն կարեւոր պէտքերը պիտի ապահովուին, քանի որ այլեւս պիտի չըլլան պատերազմներ, սովեր եւ համավարակներ (Սաղմոս 46։9. 72։16. Եսայի 33։24)։ Աստուած կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ ու ապահով վրաններու մէջ եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի» (Եսայի 32։18)։

Խնդիր։ Մարդիկ շատ անգամ կ’օգտագործուին անձնասէր եւ ագահ անձերու կողմէ։

Լուծում։ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները պիտի սորվին անձնազոհ սէր ունենալ իրարու հանդէպ (Մատթէոս 22։37-39)։

Արդիւնք։ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ, ամէն մարդ պիտի ցուցաբերէ այնպիսի սէր, որ «իրենը չի փնտռեր» (Ա. Կորնթացիս 13։4, 5)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն» (Եսայի 11։9)։

Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ մենք կ’ապրինք վերջին օրերուն մէջ եւ թէ Աստուած շուտով բոլոր տնտեսական խնդիրներուն վերջ տալու իր խոստումը պիտի կատարէ (Սաղմոս 12։5)a։ Մինչ այդ, Աստուածաշունչի սկզբունքները կրնան այսօր քեզի օգնել, որ տնտեսական խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլես։ Օրինակ, տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնաս քիչ եկամուտով ապրիլ» յօդուածը եւ «Դրամ. Նպատակակէ՞տ կամ միջոց» յօդուածը (արաբ.)։

Սխալ գաղափարներ Աստուածաշունչին եւ տնտեսական վիճակին մասին

Սխալ գաղափար։ Աղքատութիւնը բնաւ վերջ պիտի չգտնէ, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք» (Մատթէոս 26։11)։

Իրողութիւն։ Յիսուս պարզապէս իրողութիւն կ’ըսէր։ Ա՛յնքան ատեն որ այս անարդար աշխարհը գոյութիւն ունի, աղքատ մարդիկ պիտի ըլլան։ Բայց Յիսուս եկաւ «աղքատներուն աւետարան քարոզելու» եւ ըսելու որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մէկ անգամ ընդմիշտ աղքատութիւնը երկրէն պիտի վերցնէ (Ղուկաս 4։18, 19, 44)։

Սխալ գաղափար։ Աստուած հաճեցնելու համար, մարդիկ պէ՛տք է աղքատ ըլլան, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Գնա՛ ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն» (Մատթէոս 19։21)։

Իրողութիւն։ Երբ Յիսուս այս խօսքը ըսաւ, իր հետեւորդներուն վրայ օրէնք չէր դներ, հապա հարուստ երիտասարդի մը խրատ կու տար։ Յիսուս նկատեց որ երիտասարդը իր հարստութեամբ տարուած էր, անոր համար անոր խրատ տուաւ որ իր կեանքը պարզացնէ եւ իր հետեւորդը դառնալու հրաւէրը ընդունի։

Սխալ գաղափար։ Եթէ մէկը հարուստ է, ըսել է որ Աստուծոյ օրհնութիւնը կը վայելէ, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ» (Առակաց 10։22)։

Իրողութիւն։ Աստուածաշունչին մէջ, «Տէրոջ օրհնութիւնը» արտայայտութիւնը ընդհանրապէս կապ ունի հոգեւոր հարստութիւններու հետ. օրինակ, իմաստալից կեանք, Աստուծոյ հետ լաւ փոխյարաբերութիւն եւ ապագայի նկատմամբ յոյս (Սաղմոս 25։14. Յովհաննէս 17։3)։ Ճիշդ է որ Աստուած իր կարգ մը ծառաներուն հարստութիւն տուաւ, բայց քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը հարուստ չէր (Ծննդոց 24։34, 35. Յակոբոս 2։5)։ Նոյնիսկ Յիսուս Քրիստոս հարուստ չէր (Մատթէոս 8։20)։

Սխալ գաղափար։ Աստուածաշունչը համայնավարութիւն կը սորվեցնէ, քանի որ առաջին դարու քրիստոնեաներուն մասին կ’ըսուի. «Ամէն բաներնին հասարակաց էր։ Ստացուածքնին եւ ունեցած բաներնին կը ծախէին» (Գործք 2։44, 45)։

Իրողութիւն։ Այս համարները կը նկարագրեն ժամանակաւոր կարգադրութիւն մը՝ նոր մկրտուած քրիստոնեաներուն նիւթական պէտքերը հոգալու համար։ Անոնք Երուսաղէմ գացած էին հրէական Պէնտէկոստէն տօնելու համար (Գործք 2։5)։ Բայց երբ քրիստոնեայ դարձան, իրենց ծրագրած ժամանակէն աւելի երկար Երուսաղէմ մնացին, որ իրենց նոր հաւատքին մասին աւելի՛ն սորվին։ Անոր համար, անոնց հաւատակիցները իրենց օգնութեան ձեռք տուին՝ անոնց ապահովելով ուտելիք եւ բնակարան (Գործք 2։41, 42, 46, 47)։

a Տեսնելու համար թէ ինչո՛ւ կրնաս Աստուածաշունչին վստահիլ, կարդա՛ «Աստուածաշունչը ճշմարտութեան վստահելի աղբիւր է» յօդուածը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել