Քաղաքական տակնուվրայ վիճակը Աստուածաշունչի մարգարէութեան մը կատարումն է
Այսօր, մարդիկ շատ տարբեր եւ հակասական կարծիք ունին քաղաքական հարցերու շուրջ։ Անոնք տարբեր կարծիքներ ունին իրենց կառավարութիւններուն դրած օրէնքներուն նկատմամբ, որոնք մեր առօրեայ կեանքին կ’ազդեն, եւ իրենց կարծիքները յարձակողական ոճով կ’արտայայտեն։ Շատ անգամ, կառավարութեան մը մէջ, օրէնք դնողները եւ պետական այլ պաշտօնեաներ իրարու հետ խիստ անհամաձայնութիւններ կ’ունենան եւ չեն փափաքիր զիջիլ ու դիմացինին առաջարկները ընդունիլ։ Այս տեսակ անհամաձայնութիւններ կը ստեղծեն քաղաքական տակնուվրայ վիճակ մը, որ կ’անդամալուծէ կառավարութեան մը աշխատանքները։
Բայց ամէնէն շատ, աչքառու է այն քաղաքական իրարանցումը, որ կը տիրէ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ (որ նաեւ ծանօթ է որպէս՝ Միացեալ Թագաւորութիւն)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչը մարգարէացա՛ծ էր որ այս երկու ազգերուն մէջ տակնուվրայ վիճակ պիտի տիրէր եւ թէ ճիշդ այդ ժամանակ Աստուծո՛յ երկնային կառավարութիւնը պիտի միջամտէր, որպէսզի երկրի վրայ տիրող պայմանները ամբողջովին փոխէր։
Քաղաքական տակնուվրայ վիճակ՝ «վերջին օրեր»ուն
Աստուածաշունչի «Դանիէլ» գիրքին մէջ կը գտնենք հետաքրքրական մարգարէութիւն մը, որուն միջոցաւ Աստուած կը յայտնէ «ինչ որ վերջին օրերը պիտի ըլլայ»։ Դանիէլի օրերուն, «վերջին օրեր»ը կ’ակնարկէին ապագայ ժամանակամիջոցի մը, որուն ընթացքին մարդկային պատմութեան մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ պիտի ըլլային (Դանիէլ 2։28)։
Աստուած այդ մարգարէութիւնը Բաբելոնի թագաւորին տուաւ՝ երազի մը միջոցաւ։ Երազին մէջ, թագաւորը տեսաւ հսկայ արձան մը, որ տարբեր մետաղներէ շինուած էր։ Ետքը, Դանիէլ մարգարէն թագաւորին բացատրեց թէ այդ արձանը,– գլուխէն մինչեւ ոտքերը,– կը ներկայացնէ համաշխարհային ուժեր, որոնք պիտի զօրանային եւ տկարանային պատմութեան ընթացքինa։ Վերջաւորութեան, արձանը ամբողջովին պիտի փշրուէր, երբ հարուած ստանար քարէ մը, որ կը ներկայացնէ Թագաւորութիւն մը կամ կառավարութիւն մը, որ Աստուծմէ է (Դանիէլ 2։36-45)։
Այս մարգարէութեան համաձայն, բոլոր մարդկային կառավարութիւններուն տեղ Աստուծոյ Թագաւորութի՛ւնը պիտի իշխէ։ Ատիկա այն նոյն Թագաւորութիւնն է, որուն մասին Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ աղօթեն, երբ ըսաւ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ» (Մատթէոս 6։10)։
Լաւ, այդ մարգարէութեան մէջ ո՞ւր կը խօսուի քաղաքական իրարանցումի մասին։ Նկատէ որ արձանին երկաթէ «ոտքերուն մէկ մասը կաւէ էր» (Դանիէլ 2։33)։ Այս խառնուրդը տարբեր էր արձանին մնացեալ մասերէն, որոնք միայն մէկ տեսակ մետաղէ էին։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ այդ համաշխարհային ուժը միւսներէն տարբեր պիտի ըլլար։ Ինչպէ՞ս։ Դանիէլին մարգարէութիւնը կը բացատրէ.
Այս մարգարէութեան համաձայն, արձանին ոտքերով ներկայացուած համաշխարհային ուժը քաղաքական տակնուվրայ վիճակ պիտի ունենար, քանի որ անոր ժողովուրդը պիտի ընէր բաներ, որոնք իր ուժը պիտի տկարացնէին։
Դանիէլի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի այսօր
Արձանին ոտքերը կը ներկայացնեն մեր օրերու համաշխարհային ուժը. Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան միասնաբար։ Մեր օրերուն տեղի ունեցող դէպքերը ինչպէ՞ս կը փաստեն այս կէտը։
Արձանին ոտքերուն «մէկ մասը երկաթէ ու մէկ մասը կաւէ» է։ Այս խառնուրդը ոտքերը կը տկարացնէ (Դանիէլ 2։42)։ Այսօր, Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան երթալով աւելի կը տկարանան, քանի որ իրենց ժողովուրդներուն մէջ բաժանումներ կան։ Օրինակ, երկու երկիրներուն մէջ, քաղաքացիներ իրարու կը հակառակին։ Մարդիկ վայրագ կերպով բողոքի արշաւներ կ’ընեն, որ իրենց իրաւունքները պահանջեն։ Իսկ իրենց ընտրած կառավարական ներկայացուցիչները շատ անգամ իրարու հետ չեն համաձայնիր տարբեր–տարբեր հարցերու շուրջ։ Քանի՛ որ իրենց ժողովուրդներուն մէջ բաժանումներ կան, երկու կառավարութիւններն ալ ատեններ չեն կրնար գործադրել իրենց որոշումները։
Կառավարութիւններուն վիճակը մարգարէացուած էր Դանիէլ գիրքին 2–րդ գլուխին մէջ
Տեսնենք թէ Դանիէլի մարգարէութեան կարգ մը մանրամասնութիւններուն իմաստը ի՛նչ է եւ թէ ատոնք այսօր ինչպէ՛ս կը կատարուին.
Մարգարէութիւն։ «Թագաւորութիւնը պիտի բաժնուի, բայց երկաթի պնդութենէ բաժին պիտի ունենայ» (Դանիէլ 2։41)։
Իմաստ։ Հակառակ որ Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան իրենց կառավարութիւններուն մէջ բաժանումներ ունին քաղաքական տարբեր հարցերու նկատմամբ, բայց երկուքն ալ շատ զօրաւոր բանակներ ունին։ Անոր համար, անոնք երկաթի պէս զօրաւոր են եւ կրնան ընել բաներ, որոնք ամբողջ աշխարհին կ’ազդեն։
Կատարում
2023–ին պատրաստուած ցանկ մը ցոյց տուաւ, թէ ամէն մէկ երկիր որքա՛ն դրամ ծախսեց իր բանակին վրայ։ Միացեալ Նահանգներն ու Միացեալ Թագաւորութիւնը միասնաբար ծախսեցին շա՛տ աւելի քան՝ ցանկին մէջ իրենց յաջորդող 12 երկիրները միասնաբար (Սթոքհոլմի խաղաղութեան միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկ)։
«Միացեալ Թագաւորութեան եւ Միացեալ Նահանգներու փոխյարաբերութիւնը... ամէնէն զօրաւոր համագործակցութիւնը դարձած է որեւէ երկու երկիրներու միջեւ, եւ երկուքս կը գործածենք ամէնէն արդիական թեքնոլոճին... Մենք միասնաբար կ’աշխատինք, իրարու կ’օգնենք եւ միասնաբար կը պատերազմինք թշնամիներուն դէմ» (Strategic Command, Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւն, ապրիլ 2024)։
Մարգարէութիւն։ «Ոտքերուն մատներուն մէկ մասը երկաթէ ու մէկ մասը կաւէ ըլլալը կը ցուցնէ թէ այն թագաւորութեանը մէկ մասը ամուր ու մէկ մասը դիւրաբեկ պիտի ըլլայ» (Դանիէլ 2։42)։
Իմաստ։ Հակառակ որ Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիան զօրաւոր բանակներ ունին, անոնք կարող չեն իրենց ամէն ուզածը ընել, քանի որ ունին դեմոկրատական (կամ՝ ժողովրդավարական) կառավարութիւններ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ատեններ եթէ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը իրենց որոշումներուն չհամաձայնի, անոնք չեն կրնար իրենց ծրագիրները գործադրել։
Կատարում
«Քաղաքականութեամբ զբաղող կարգ մը մասնագէտներ կ’ըսեն, որ ամերիկեան կառավարութեան ներքին բաժանումները արգելք կ’ըլլան, որ Միացեալ Նահանգները կարենայ գործադրել այն ինչ որ ամբողջ աշխարհին կ’ըսէ թէ պիտի ընէ. օրինակ՝ ապահովութեան կամ առեւտուրի մարզերուն վերաբերեալ իր ծրագիրները» (The Wall Street Journal)։
«Բրիտանիոյ մէջ շատ մը քաղաքական խնդիրներ կան, որոնք ասկէ առաջ գոյութիւն չունէին։ Ատոնք արգելք կ’ըլլան որ կառավարական պաշտօնեաները պէտք եղած փոփոխութիւնները ընեն քաղաքացիներուն օգտին համար» (Institute for Government)։
Մարգարէութիւն։ «Անոնք [թագաւորութիւնը] մարդոց սերունդին հետ պիտի խառնուին, բայց անոնք իրարու պիտի չփակչին» (Դանիէլ 2։43)։
Իմաստ։ Այս համարին մէջ, «մարդոց սերունդը» կրնայ ակնարկել նաեւ «հասարակ ժողովուրդին»։ Դեմոկրատական կառավարութիւններու մէջ, ժողովուրդը որոշ չափով կրնայ ազդեցութիւն ունենալ կառավարութեան վրայ։ Բայց կա՛մ կառավարական պաշտօնեաները կամ ալ քուէ տուողները միշտ չէ որ գոհ կը մնան արդիւնքէն։
Կատարում
«Այսօր, ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը շատ ժխտական կարծիք ունի քաղաքականութեան եւ քաղաքագէտներուն նկատմամբ» (Pew Research Center)։
«Վերջին 50 տարուան մէջ, ամէնէն շատ ներկայի՛ս է որ բրիտանացիները չեն վստահիր իրենց կառավարութեան եւ քաղաքագէտներուն» (National Centre for Social Research)։
Դանիէլի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կատարուի ապագային
Ըստ Դանիէլի մարգարէութեան, Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան միասնաբար պիտի ըլլան երկրի վրայ տիրող համաշխարհային ուժը, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը փոխարինէ մարդկային բոլոր կառավարութիւնները (Դանիէլ 2։44)։
Յայտնութիւն գիրքին մէջ արձանագրուած է մարգարէութիւն մը այս նոյն ժամանակաշրջանին մասին եւ ատիկա ցոյց կու տայ, թէ «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը պիտի հաւաքուին Եհովաb Աստուծոյ դէմ՝ Արմագեդոն պատերազմին համար, այսինքն՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին» համար (Յայտնութիւն 16։14, 16. 19։19-21)։ Այս պատերազմին ժամանակ, Եհովա Աստուած պիտի կործանէ մարդկային բոլոր կառավարութիւնները. եւ այսպիսով անիկա պիտի բնաջնջէ Դանիէլին մարգարէութեան մէջ արձանով նկարագրուած բոլոր համաշխարհային ուժերուն հետքը։
Այս նիւթին մասին աւելին գիտնալու համար, կարդա՛ «Արմագեդոն պատերազմը ի՞նչ է» յօդուածը։
Դանիէլի այս մարգարէութենէն օգտուէ՛
Աստուածաշունչը ճշգրիտ կերպով մարգարէացաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ տիրող ներկայ քաղաքական տակնուվրայ վիճակին մասին։ Այս մարգարէութեան մասին սերտելը քեզի պիտի օգնէ, որ այսօր տեղի ունեցող դէպքերը տարբեր ակնոցով դիտես։
Պիտի հասկնաս, թէ Յիսուս ինչո՛ւ կ’ուզէ որ իր հետեւորդները չէզոք մնան աշխարհի քաղաքական հարցերուն մէջ (Յովհաննէս 17։16)։ Ինչպէս նաեւ պիտի հասկնաս, թէ ինչո՛ւ Յիսուս, որ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած է Աստուծոյ Թագաւորութեան Կառավարիչը ըլլալու, ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» (Յովհաննէս 18։36)։
Վստահ պիտի ըլլաս, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով ամէն բան պիտի փոխէ եւ հոյակապ օրհնութիւններ բերէ մարդոց, ճիշդ ինչպէս որ Աստուած խոստացած է (Յայտնութիւն 21։3, 4)։
Ապագային նկատմամբ դրական տեսակէտ պիտի ունենաս եւ այլեւս պիտի չմտահոգուիս որ տարբեր պետութիւններու միջեւ խնդիրները մեր երկիր մոլորակը պիտի կործանեն (Սաղմոս 37։11, 29)։
Դանիէլի մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան միասնաբար, որոնք ներկայացուած են արձանին ոտքերով, մարդկութեան վրայ իշխող վերջին համաշխարհային ուժը պիտի ըլլան։ Անոնց պիտի յաջորդէ կատարեալ կառավարութիւն մը, որ երկնքէն պիտի իշխէ երկրի վրայ. այսինքն՝ Աստուծո՛յ Թագաւորութիւնը։
Եթէ կ’ուզես աւելի՛ն գիտնալ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի ընէ մարդոց համար, դիտէ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վիտէոն։
a Տե՛ս «Դանիէլի մարգարէութիւնը ո՞ր համաշխարհային ուժերը նկարագրեց» տուփը։
b Աստուծոյ անձնական անունը «Եհովա» է (Սաղմոս 83։18)։ Տե՛ս «Ո՞վ է Եհովան» յօդուածը։