Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կյհ յօդուած 38
  • Եհովայի վկաները ընտանիքներ կը քանդե՞ն թէ կը շինեն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի վկաները ընտանիքներ կը քանդե՞ն թէ կը շինեն
  • Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի վկաները ինչպէ՛ս ամուր ընտանիքներ կը յառաջացնեն
  • Կրօնափոխութիւնը ամուսնութեան մէջ խնդիրներ կը յառաջացնէ՞
  • Եհովայի վկաները ինչո՞ւ կը հաւատան, թէ պէտք է միայն իրենց կրօնքին պատկանող անհատի մը հետ ամուսնանան
  • Ամուսնութիւն՝ սիրալիր Աստուծմէ պարգեւ մը
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Կողակից մը ընտրելու համար աստուածային ուղղութիւն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Եթէ ձեր ամուսնութիւնը քայքայուելու վրայ է
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
  • Ամուսնութիւնդ յաջող դարձուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
կյհ յօդուած 38
Զոյգ մը իր պատանի զաւակը կը բերէ անոր մեծ հօր ու մեծ մօր քով

Եհովայի վկաները ընտանիքներ կը քանդե՞ն թէ կը շինեն

Մենք՝ Եհովայի վկաներս, թէ՛ մեր եւ թէ ուրիշներուն ընտանիքները կը ջանանք շինել։ Մենք կը յարգենք Աստուած որպէս ընտանեկան կարգադրութեան Ստեղծիչը (Ծննդոց 2։21-24. Եփեսացիս 3։14, 15)։ Աստուածաշունչին միջոցաւ ան կը սորվեցնէ սկզբունքներ, որոնք աշխարհի տարածքին մարդոց օգնած են, որ ամուր եւ ուրախ ամուսնութիւն վայելեն։

Եհովայի վկաները ինչպէ՛ս ամուր ընտանիքներ կը յառաջացնեն

Մենք շատ ջանք կը թափենք հետեւելու Աստուածաշունչի խրատին, քանի որ ասիկա մեզի կ’օգնէ աւելի լաւ ամուսիններ, կիներ եւ ծնողներ դառնալու (Առակաց 31։10-31. Եփեսացիս 5։22–6։4. Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Աստուածաշունչի իմաստուն խրատները նոյնիսկ կը նպաստեն այն ընտանիքներուն յաջողութեան, որոնց անդամները տարբեր կրօնքներու կը պատկանին (Ա. Պետրոս 3։1, 2)։ Նկատի առ հետեւեալ արտայայտութիւնները ոչ–Վկայ անհատներու, որոնց կողակիցը Եհովայի վկայ դարձած է.

  • «Մեր ամուսնութեան առաջին վեց տարիները լեցուն էին վէճերով եւ յուսախաբութիւններով։ Բայց Իվէթը Եհովայի վկայ դառնալէ ետք, աւելի սիրալիր եւ համբերատար անձ մը դարձաւ։ Անոր ըրած փոփոխութիւններուն շնորհիւ մեր ամուսնութիւնը փրկուեցաւ» (Քլաուիր, Պրազիլ)։

  • «Երբ ամուսինս՝ Չանսան, սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ սերտել, անոր դէմ ելայ, քանի որ կարծեցի թէ անոնք ընտանիքներ կը քանդեն։ Անկէ ի վեր, նկատած եմ թէ իրականութեան մէջ Աստուածաշունչը օգնած է որ մեր ամուսնութիւնը գոյատեւէ» (Ակնէս, Զամպիա)։

Մեր քարոզչութեան մէջ մարդոց ցոյց կու տանք, թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի իմաստուն խրատները կիրարկելը կրնայ իրենց օգնել, որ

  • Իմաստունօրէն կողակից մը ընտրեն

  • Ամուսնութեան առաջին տարուան խնդիրները յաղթահարեն

  • Կողակիցին ծնողքին հետ լաւ փոխյարաբերութիւն պահպանեն

  • Դրամը ինչպէ՛ս ծախսեն

  • Վիճաբանութիւնները դադրեցնեն

  • Իրարու ներել սորվին

  • Իրենց զաւակները մարզեն

Կրօնափոխութիւնը ամուսնութեան մէջ խնդիրներ կը յառաջացնէ՞

Երբեմն այո՛։ Օրինակ, 1998–ին, պրպտումներ կատարող հաստատութիւն մը (Sofres) նկատեց, թէ ամէն 20 ամուսնութիւններէն 1–ը լուրջ խնդիրներ դիմագրաւեց, երբ կողակիցներէն մէկը Վկայ դարձաւ։

Յիսուս մարգարէացաւ որ անոնք՝ որոնք իր ուսուցումներուն կը հետեւին, երբեմն ընտանեկան խնդիրներ պիտի դիմագրաւեն (Մատթէոս 10։32-36)։ Պատմաբան Ուիլ Տիւրանթ նշեց, թէ հռոմէական կայսրութեան մէջ «քրիստոնէութիւնը ամբաստանուած էր որ տուներ կը քանդէր»a. ներկայիս ալ կարգ մը Եհովայի վկաներ նոյն ձեւով կ’ամբաստանուին։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Վկան է անհամաձայնութիւն պատճառողը։

Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի շէնքը

Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան

Երբ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը նկատի կ’առնէր այն ամբաստանութիւնը, թէ Եհովայի վկաները ընտանիքներ կը քանդեն, ըսաւ որ ընտանիքի ոչ–Վկայ անդամները յաճախ անհամաձայնութիւններ կը պատճառեն, մերժելով «ընդունիլ եւ յարգել իրենց հարազատին ազատութիւնը՝ իր կրօնքը յայտնելու եւ ի գործ դնելու»։ Ատեանը աւելցուց. «Ասիկա սովորական պարագայ մըն է բոլոր այն ամուսնութիւններուն մէջ, ուր կողակիցները նոյն կրօնքին չեն պատկանիր, եւ Եհովայի վկաները բացառութիւն մը չեն»b։ Բայց նոյնիսկ կրօնական անհանդուրժողութեան դիմաց Եհովայի վկաները կը ջանան Աստուածաշունչի այս խրատին անսալ. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք...։ Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք» (Հռովմայեցիս 12։17, 18)։

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ կը հաւատան, թէ պէտք է միայն իրենց կրօնքին պատկանող անհատի մը հետ ամուսնանան

Վկաները Աստուածաշունչի ցուցմունքին կը հետեւին, որ կ’ըսէ որ «միայն թէ Տէրոջմով» ամուսնանան,– այսինքն՝ ամուսնանան անհատի մը հետ որ իրենց հաւատալիքները կը բաժնէ (Ա. Կորնթացիս 7։39)։ Այս պատուէրը թէ՛ աստուածաշնչական է եւ թէ՝ գործնական։ Օրինակ 2010–ին, պարբերաթերթի մը մէկ յօդուածը կը նշէր, թէ «այն զոյգերը, որոնք նոյն կրօնական պատկանելիութիւնը, սովորութիւնները եւ հաւատալիքները ունին», շատ աւելի լաւ փոխյարաբերութիւններ կը վայելեն (Journal of Marriage and Family)c։

Բայց Վկաները իրենց անդամները չեն քաջալերեր, որ իրենց կողակիցը ձգեն՝ եթէ ան Վկայ մը չէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ եղբայր մը անհաւատ կին ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա։ Եւ կին մը որ անհաւատ այր ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա» (Ա. Կորնթացիս 7։12, 13)։ Եհովայի վկաները այս պատուէրին կը կառչին։

a Տե՛ս Caesar and Christ գիրքը, էջ 647։

b Տե՛ս տրուած դատավճիռը Մոսկուայի Եհովայի վկաները եւ ուրիշներ ընդդէմ Ռուսաստան դատին մէջ, էջ 26-27, պարբերութիւն 111։

c Տե՛ս Journal of Marriage and Family, հատոր 72, թիւ 4, (օգոստոս 2010), էջ 963։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել