Յիսուսին տեսքը ինչպէ՞ս էր
Աստուածաշունչին պատասխանը
Մէ՛կը չի գիտեր որ Յիսուսին տեսքը ճիշդ ինչպէս էր, քանի որ Աստուածաշունչին մէջ իր տեսքին նկարագրութիւնը չենք գտներ։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ իր տեսքը կարեւոր չէր։ Բայց եւ այնպէս Աստուածաշունչը գաղափար մը կու տայ Յիսուսին ընդհանուր տեսքին մասին։
Դիմագիծը։ Յիսուս հրեայ էր եւ հաւանաբար իր մօրմէն ժառանգած էր սեմական դիմագիծ (Եբրայեցիս 7։14)։ Շատ քիչ հաւանականութիւն կայ որ ան յատուկ դիմագիծ ունէր։ Առիթով մը, ան գաղտնաբար կրցաւ Գալիլիայէն Երուսաղէմ երթալ, եւ մէկը զինք չճանչցաւ (Յովհաննէս 7։10, 11)։ Նոյնիսկ իր տեսքը շատ տարբեր չէր իր մտերիմ աշակերտներուն տեսքէն։ Օրինակ, Յուդա Իսկարիովտացին ստիպուեցաւ զինուած մարդոց ցոյց տալ թէ պարտէզը գտնուողներէն ճիշդ ո՛վ է Յիսուսը (Մատթէոս 26։47-49)։
Իր մազին երկարութիւնը։ Հաւանական չէ որ Յիսուսին մազը երկար էր, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Այր մարդ մը եթէ երկար մազերով է, իրեն անարգանք է» (Ա. Կորնթացիս 11։14)։
Մօրուք։ Յիսուս մօրուք ունէր։ Ան հրէական օրէնքին հետեւեցաւ, ըստ որուն չափահաս տղամարդիկ պէտք չէր ‘իրենց մօրուքին եզերքը աւրէին’ (Ղեւտացւոց 19։27. Գաղատացիս 4։4)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը Յիսուսին մօրուքին մասին կը յիշէ՝ անոր չարչարանքներուն վերաբերեալ մարգարէութիւններէն մէկուն մէջ (Եսայի 50։6, ՆԱ)։
Մարմին։ Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք շատ մը պատմութիւններ, որոնք ցոյց կու տան որ Յիսուսին մարմինին կազմը զօրաւոր էր։ Օրինակ, կը կարդանք որ ան իր ծառայութեան մէջ քիլոմեթրնե՜ր կտրեց (Մատթէոս 9։35)։ Ասկէ զատ, ան երկու անգամ հրեաներուն տաճարը մաքրեց, ստակ փոխողներուն (այսինքն՝ դրամափոխներուն) սեղանները դարձնելով եւ անգամ մը՝ անասունները մտրակելով դուրս հանեց (Ղուկաս 19։45, 46. Յովհաննէս 2։14, 15)։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Աւետարանները ցոյց կու տան որ Յիսուս առողջ եւ կայտառ մարմին ունէր» (McClintock and Strong’s Cyclopedia, Հատոր 4, էջ 884)։
Դէմքին արտայայտութիւնները։ Յիսուս ջերմ եւ կարեկից էր, եւ անկասկած ատիկա յայտնի էր նաեւ իր դէմքի արտայայտութիւններով (Մատթէոս 11։28, 29)։ Ամէն տեսակ մարդիկ քովը գացին որ մխիթարուին եւ օգնութիւն ստանան (Ղուկաս 5։12, 13. 7։37, 38)։ Նոյնիսկ պզտիկները իր ներկայութեան հանգիստ կը զգային (Մատթէոս 19։13-15. Մարկոս 9։34-36)։
Յիսուսին տեսքին մասին սխալ կարծիքներ
Սխալ կարծիք։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն որ Յիսուս ափրիկեցի ըլլալու էր, քանի որ Յայտնութիւն գիրքը իր մազերուն համար կ’ըսէ բուրդի պէս են եւ ոտքերը «ոսկեպղինձի նման» (Յայտնութիւն 1։14, 15)։
Իրողութիւն։ Յայտնութիւն գիրքը ներկայացուած է «խորհրդանշաններով» (Յայտնութիւն 1։1, ՆԱ)։ Յիսուսին մազին եւ ոտքերուն նկարագրութիւնը այլաբանական լեզուով է, ցոյց տալու համար անոր յատկութիւնները՝ յարութիւն առնելէ ետք, եւ ոչ թէ նկարագրելու համար իր տեսքը՝ երբ երկրի վրայ էր։ Յայտնութիւն 1։14–ին մէջ ձիւնը եւ բուրդը կ’ակնարկեն Յիսուսին մազին գոյնին եւ ոչ թէ տեսակին։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Յիսուս իմաստուն է, քանի որ երկար տարիներ ապրած է (Յայտնութիւն 3։14)։
Յիսուսին «ոտքերը՝ ոսկեպղինձի նման [են], որպէս թէ հնոցի մէջ կրակ դարձած» (Յայտնութիւն 1։15)։ Ասկէ զատ, «իր երեսը արեւու պէս էր՝ որ իր զօրութիւնովը կը փայլի» (Յայտնութիւն 1։16)։ Չկայ մարդկային ցեղ մը՝ որ այս տեսակ մորթի գոյն ունի։ Անոր համար, կարելի է ըսել որ տեսիլքը խորհրդանշական իմաստ ունի եւ ցոյց կու տայ յարութիւն առած Յիսուսը որպէս մէկը որ «անմերձենալի լոյսի մէջ» կը բնակի (Ա. Տիմոթէոս 6։16)։
Սխալ կարծիք։ Յիսուս տկար էր։
Իրողութիւն։ Յիսուսին վարուելակերպը ցոյց տուաւ որ ան քաջ տղամարդ էր։ Օրինակ, ան համարձակօրէն յայտնեց իր ո՛վ ըլլալը զինուած մարդոց, որոնք եկած էին զինք ձերբակալելու (Յովհաննէս 18։4-8)։ Յիսուսին մարմինն ալ զօրաւոր եղած ըլլալու էր, քանի որ ան ժամանակ մը ձեռքի գործիքներով որպէս ատաղձագործ կ’աշխատէր (Մարկոս 6։3)։
Լաւ Յիսուս ինչո՞ւ օգնութեան պէտք ունէր որ իր տանջանքի ցիցը շալկէր։ Եւ ինչո՞ւ չարագործներուն առաջ մահացաւ ցիցին վրայ (Ղուկաս 23։26. Յովհաննէս 19։31-33)։ Մահուան դատապարտուելէ առաջ, Յիսուսին մարմինը շա՛տ տկար էր, քանի որ մէկ օր առաջ ամբողջ գիշերը արթուն էր՝ մասամբ քանի որ հոգեկանը գետինն էր (Ղուկաս 22։42-44)։ Ասկէ զատ, գիշերը, հրեաները հետը շա՛ տ գէշ կերպով վարուեցան եւ յաջորդ օրը՝ առտուն՝ հռոմայեցիները զինք չարչարեցին (Մատթէոս 26։67, 68. Յովհաննէս 19։1-3)։ Թերեւս ասոնք բոլորը իր մահը արագացուցին։
Սխալ կարծիք։ Յիսուս միշտ տխուր եւ մելամաղձոտ դէմք ունէր։
Իրողութիւն։ Յիսուս ճիշդ իր երկնաւոր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ՝ յատկութիւնները ունէր։ Եհովա Աստուծոյ մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «երանելի» այսինքն՝ ուրախ Աստուած է (Ա. Տիմոթէոս 1։11. Յովհաննէս 14։9)։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս ուրիշներուն սորվեցուց ինչպէ՛ս ուրախ ըլլալ (Մատթէոս 5։3-9. Ղուկաս 11։28)։ Ուրեմն, տրամաբանական է եզրակացնել որ Յիսուս շատ անգամ իր դէմքի շարժուձեւերով ուրախութիւն կ’արտայայտէր։