Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կպհ յօդուած 69
  • Ինչո՞ւ պէտք է աղօթեմ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչո՞ւ պէտք է աղօթեմ
  • Պատանիները կը հարցնեն
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞նչ է աղօթքը
  • Աստուած աղօթքներս կը լսէ՞
  • Ինչի՞ մասին կրնամ աղօթել
  • Աղօթքը Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ կը զօրացնէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ մօտենալ
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Պատանիները կը հարցնեն
կպհ յօդուած 69
Պատանուհի մը նստած է լիճի մը մօտ

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Ինչո՞ւ պէտք է աղօթեմ

Շատ մը պատանիներ կ’ըսեն որ կ’աղօթեն, բայց ոչ ամէն օր։ Անոր համար, բնական է որ անոնցմէ ոմանք հարցնեն. ‘Աղօթքը պարզապէս մեր ջիղերը հանդարտեցնելու կե՞րպ է, թէ ոչ աւելի՛ կարեւոր բան մըն է’։

  • Ի՞նչ է աղօթքը

  • Աստուած աղօթքներս կը լսէ՞

  • Ինչի՞ մասին կրնամ աղօթել

  • Տարեկիցներդ ի՛նչ կ’ըսեն

Ի՞նչ է աղօթքը

Աղօթքը կապի մէջ մտնել է Ստեղծիչին հետ։ Երեւակայէ՛։ Ճիշդ է որ Եհովա Աստուած ամէն բանի մէջ բոլոր մարդոցմէ աւելի բարձր է, բայց «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։27)։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչին մէջ այս գեղեցիկ հրաւէրը կը գտնենք. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։

Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտենալ։

  • Առաջին՝ աղօթքով։ Այսպէս, իրեն հետ կը խօսիս։

  • Երկրորդ՝ Աստուածաշունչը սերտելով։ Այսպէս, Աստուած քեզի հետ «կը խօսի»։

Այս երկու կողմէ եղած խօսակցութիւնը քեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ հետ զօրաւոր կապ ունենաս։

«Եհովային՝ տիեզերքի բարձրեալին՝ հետ խօսիլը ամէնէն մեծ առանձնաշնորհումներէն մէկն է» (Ճէրէմի)։

«Զգացումներս Եհովային հետ բաժնելը ինծի իրեն կը մօտեցնէ» (Միրանտա)։

Աստուած աղօթքներս կը լսէ՞

Նոյնիսկ եթէ Աստուծոյ կը հաւատաս կամ իրեն կ’աղօթես, երբեմն դժուար կ’ըլլայ համոզուիս որ իրակա՛ն քեզի մտիկ կ’ընէ։ Բայց Աստուածաշունչը Եհովա Աստուած կը կոչէ «աղօթքի լսող» (Սաղմոս 65։2)։ Եւ քեզ կը քաջալերէ որ ‘ամէն հոգ անոր վրայ ձգես’։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ‘քեզի համար կը հոգայ’ (Ա. Պետրոս 5։7)։

Մտածէ։ Բնականաբար, կանոնաւոր ժամանակ չե՞ս յատկացներ մտերիմ ընկերներուդ հետ։ Նոյնը կրնաս ընել Աստուծոյ հետ։ Կանոնաւորաբար աղօթքով հետը խօսէ եւ իր անունը գործածէ. Եհովա (Սաղմոս 86։5-7. 88։9)։ Աստուածաշունչը կը քաջալերէ որ ‘անդադար աղօթք ընենք’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17)։

«Աղօթքը խօսակցութիւն է իմ եւ երկնաւոր Հօրս միջեւ, որուն ընթացքին իրեն կը պատմեմ մտածումներուս եւ զգացումներուս մասին» (Մոզէս)։

«Եհովային կը խօսիմ իմ խոր զգացումներուս մասին, ինչպէս որ մամայիս եւ մտերիմիս հետ կը խօսիմ» (Քէրըն)։

Ինչի՞ մասին կրնամ աղօթել

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ» (Փիլիպպեցիս 4։6)։

Ասիկա կը նշանակէ՞ որ կրնաս խնդիրներուդ մասին աղօթել։ Այո՛։ Իրականութեան մէջ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ» (Սաղմոս 55։22)։

Անշուշտ պէտք չէ միայն խնդիրներուդ մասին խօսիս աղօթքներուդ մէջ։ Շանթէլ անունով պատանուհի մը կ’ըսէ. «Եհովային հետ բարեկամութիւնդ զօրաւոր չ’ըլլար, եթէ իրեն միայն օգնութեան համար կ’աղօթես։ Կը զգամ որ նախ եւ առաջ պէտք է Եհովային շնորհակալութիւն յայտնեմ, եւ շիտակը շա՜տ բաներ կան, որոնց համար ես շնորհակալ եմ»։

Մտածէ։ Ի՞նչ բաներու համար շնորհակալ ես։ Միտքդ կու գա՞յ երեք բան, որոնց համար այսօր շնորհակալ ես։

«Նոյնիսկ պարզ բան մը, ինչպէս՝ ծաղիկ մը, կրնայ մեզ մղել որ աղօթքով Եհովային շնորհակալութիւն յայտնենք» (Անիթա)։

«Խոկա՛ Աստուծոյ ստեղծած որոշ մէկ բանին վրայ կամ համարի մը վրայ, որ քեզ կը տպաւորէ, եւ ետքը Եհովային շնորհակալութիւն յայտնէ» (Պրայըն)։

Տարեկիցներդ ի՛նչ կ’ըսեն

Մոզէս

«Մեր աղօթքները պէտք է ովկիանոսի չափ խորունկ ըլլան եւ ոչ թէ՝ ջրհորի չափ։ Եհովան կ’ուզէ մեզի օգնել. եւ հակառակ անոր որ ան գիտէ թէ մենք ինչի՛ պէտք ունինք, նոյնիսկ ատիկա խնդրելէ առաջ, կրնանք իրեն ցոյց տալ թէ որքա՜ն իրեն կը վստահինք՝ երբ մեր աղօթքները խորունկ ըլլան» (Մոզէս)։

Միրանտա

«Աղօթքը կը նմանի պարանի, որուն մէկ կողմը Եհովան բռնած է եւ միւս կողմը ես։ Երբ իրեն աղօթեմ խորունկ զգացումներուս մասին, կարծես պարանը իմ կողմէս զօրաւոր կը բռնեմ եւ Եհովան ալ իր կողմէն նոյնը կ’ընէ։ Ասանկով մեր կապը կը զօրանայ» (Միրանտա)։

Ճէրէմի

«Եթէ ուշադիր չըլլանք, մեր աղօթքները փափաքներու ցանկ կը դառնայ։ Բայց երբ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնենք, կը կեդրոնանանք աւելի՛ կարեւոր բաներու վրայ եւ կը գնահատենք ամէն բան որ մեզի համար ըրած է» (Ճէրէմի)։

Շէլպի

«Ամէն անգամ որ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնենք, աւելի երախտապարտ կը դառնանք եւ կը կեդրոնանանք մեր օրհնութիւններուն վրայ, քան՝ մեր խնդիրներուն վրայ» (Շէլպի)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել