Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կահ յօդուած 140
  • Յիսուս ինչպէ՞ս կը փրկէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յիսուս ինչպէ՞ս կը փրկէ
  • Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանը
  • Եհովայի վկաները կը հաւատա՞ն թէ միայն իրենք պիտի փրկուին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Եհովայի վկաները Յիսուսին կը հաւատա՞ն
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Յիսուս Քրիստոս ի՛նչպէս կրնայ օգնել մեզի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
կահ յօդուած 140
Յիսուս տարբեր ցեղերու պատկանող մարդոցմով շրջապատուած

Յիսուս ինչպէ՞ս կը փրկէ

Աստուածաշունչին պատասխանը

Յիսուս հաւատարիմ մարդիկը փրկեց, երբ որ իր կեանքը տուաւ որպէս փրկանք (Մատթէոս 20։28)։ Անոր համար է որ Աստուածաշունչը Յիսուսին համար կ’ըսէ «աշխարհի Փրկիչ» (Ա. Յովհաննէս 4։14)։ Ատիկա նաեւ կ’ըսէ. «Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ» (Գործք 4։12)։

Յիսուս ‘մահ ճաշակեց’ կամ համտեսեց բոլոր անոնց համար՝ որոնք իրեն կը հաւատան (Եբրայեցիս 2։9. Յովհաննէս 3։16)։ Անկէ ետք, «Աստուած մեռելներէն յարուցանեց» Յիսուսը եւ ան ետ երկինք դարձաւ որպէս հոգեղէն արարած (Գործք 3։15)։ Հոն, Յիսուս ‘բոլորովին կարող է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան. որովհետեւ ինք միշտ կենդանի է անոնց բարեխօս ըլլալու համար’ (Եբրայեցիս 7։25)։

Ինչո՞ւ պէտք ունինք որ Յիսուս մեզի համար բարեխօսէ

Բոլորս մեղաւորներ ենք (Հռովմայեցիս 3։23)։ Մեղքը մեր եւ Աստուծոյ միջեւ պատ մը կը դնէ եւ մահուան կ’առաջնորդէ (Հռովմայեցիս 6։23)։ Բայց Յիսուս որպէս «բարեխօս» կը ծառայէ բոլոր անոնց համար՝ որոնք իր փրկանքին կը հաւատան (Ա. Յովհաննէս 2։1)։ Ան անոնց համար կը բարեխօսէ կամ միջնորդութիւն կ’ընէ, Աստուծմէ խնդրելով որ Ան անոնց աղօթքները լսէ եւ մեղքերը ներէ իր փրկանքի զոհին հիման վրայ (Մատթէոս 1։21. Հռովմայեցիս 8։34)։ Աստուած Յիսուսին այս խնդրանքները կը լսէ, քանի որ Իր կամքին համաձայն են։ Ան Յիսուսը երկիր ղրկեց որ «աշխարհ անով փրկուի» (Յովհաննէս 3։17)։

Փրկուելու համար, բաւարա՞ր է միայն Յիսուսին հաւատալ

Ո՛չ։ Ճիշդ է որ պէտք է Յիսուսին հաւատանք որ փրկուինք, բայց ատկէ աւելի՛ն պահանջուած է մեզմէ (Գործք 16։30, 31)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յակոբոս 2։26)։ Փրկուելու համար, պէտք է

  • սորվինք Յիսուսին եւ իր Հօր՝ Եհովային մասին (Յովհաննէս 17։3)։

  • Յիսուսին եւ Եհովային հաւատանք (Յովհաննէս 12։44. 14։1)։

  • մեր հաւատքը ցոյց տանք՝ անոնց ըսածներուն հնազանդելով (Ղուկաս 6։46. Ա. Յովհաննէս 2։17)։ Յիսուս սորվեցուց որ ոչ թէ բոլոր անոնք՝ որոնք իրեն «Տէր» կը կոչեն պիտի փրկուին, հապա անոնք՝ որոնք ‘իր երկնաւոր Հօր կամքը կը կատարեն’ (Մատթէոս 7։21)։

  • շարունակենք հաւատք ցոյց տալ՝ հակառակ դժուարութիւններուն։ Յիսուս շատ յստակ էր, երբ ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատթէոս 24։13)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել