Ստորանիշ
a Յովհաննէսի մահուընէ շուրջ 60 տարի ետք, 86 ամեայ Պողիկարպոսը Զմիւռնիոյ մէջ հրկիզուեցաւ, քանի որ Յիսուսի վրայ իր հաւատքը չուրացաւ։ Պողիկարպոսի Մարտիրոսութիւնը՝ երկ մը որ կը կարծուի այդ դէպքին ժամանակակից ըլլալ՝ կը նշէ թէ երբ այրելու համար փայտ կը ժողվուէր, «Հրեաները իրենց սովորութեան համաձայն, ծայր աստիճան խանդավառութեամբ իրենց աջակցութիւնը կը բերէին անոր». հակառակ անոր որ այդ դատապարտութիւնը տեղի ունեցաւ «մեծ Շաբաթ»ի մը ընթացքին։