Ստորանիշ
c Մեկնաբաններ նշած են որ ազգայնականութիւնը արդարեւ կրօնք մըն է։ Հետեւաբար, ազգայնամոլ անհատներ իրապէս կը պաշտեն գազանին այն հատուածը, որ իրենց ապրած երկրով ներկայացուած է։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ազգայնականութեան մասին կը կարդանք. «Ազգայնականութիւնը, որ կրօնքի մը պէս նկատուած է, անցեալի մեծ կրօնքներու դրութեան հետ հասարակաց շատ բան ունի . . . Ներկայիս, ազգայնամոլութիւնը կրօնքի վերածած անհատ մը, իր ազգային աստուծմէ կախեալ կը զգայ։ Ան Իր հզօր զօրութեան կարիքը կը զգայ։ Ան կը գիտակցի որ իր կատարելագործութեան եւ ուրախութեան աղբիւրը Ինքն է։ Անոր կ’ենթարկուի, բացարձակ կրօնական առումով։ . . . Անոնց ըմբռնումով ազգը յաւիտենական է եւ անոր հաւատարիմ որդիներուն մահը, միայն անոր անմահ համբաւը եւ փառքը կ’աւելցնէ»։—Գարլթըն Ժ. Ֆ. Հէյզ. մէջբերուած Ամերիկացիները Ի՛նչի կը Հաւատան եւ Ի՛նչպէս կը Պաշտեն գրքին էջ 359–էն, որուն հեղինակն է՝ Ժ. Փօլ Ուիլիըմզ։