Ստորանիշ
d Բաբելոնի կործանումը Աստուածաշունչի կատարուած մարգարէութիւններէն միայն մէկն է։ Այլ օրինակներ ալ կան, ինչպէս՝ Սիդոնի ու Նինուէի կործանումը (Եզեկիէլ 26։1-5. Սոփոնիա 2։13-15)։ Դանիէլի մարգարէութիւնն ալ նախագուշակեց աշխարհակալ ուժերու շարք մը, որոնք Բաբելոնի պիտի յաջորդէին, ինչպէս՝ Մարա–Պարսկաստան եւ Յունաստան (Դանիէլ 8։5-7, 20-22)։ «Յիսուս Քրիստոս՝ խոստացեալ Մեսիան» յաւելուածը, կը քննարկէ բազմաթիւ մեսիական մարգարէութիւններ, որոնք Յիսուս Քրիստոսի վրայ կատարուեցան։