Ստորանիշ
b Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ մաքուր խղճմտանք մը ունենալը միշտ ալ բաւարար չէ։ Օրինակի համար, Պօղոս ըսաւ. «Ես իմ անձիս վրայով բան մը չեմ գիտեր. բայց ոչ թէ ասով կ’արդարանամ. հապա զիս դատողը Տէրն է» (Ա. Կորնթացիս 4։4)։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք քրիստոնեաները կը հալածեն, ինչպէս ատեն մը Պօղոս կ’ընէր, թերեւս կը հալածեն մաքուր խղճով մը, խորհելով թէ Աստուած իրենց այս ընթացքին կը հաճի։ Հետեւաբար, կարեւոր է որ մեր խղճմտանքը մաքուր ըլլայ թէ՛ մեր աչքին եւ թէ Աստուծոյ աչքին (Գործք 23։1. Բ. Տիմոթէոս 1։3)։