Ստորանիշ
b Կարմեղոս լեռը սովորաբար ծածկուած կ’ըլլար առատ եւ կանանչ բուսականութեամբ, որովհետեւ ծովէն կը փչէին խոնաւ հովեր, որոնք լանջերուն վրայ բարձրանալով յաճախ իրենց հետ անձրեւ եւ շատ ցօղ կը բերէին։ Եւ քանի որ Բահաղ ճանչցուած էր որպէս անձրեւ բերող, այս լեռը կարեւոր վայր մըն էր Բահաղի պաշտամունքին համար։ Ուստի անբարեբեր եւ չորցած Կարմեղոսը՝ յարմար տեղ մըն էր Բահաղի պաշտամունքին կեղծ ըլլալը քօղազերծելու։