Ստորանիշ
a Այս «մեղմ ու բարակ ձայն»ին աղբիւրը թերեւս այն նոյն հոգին էր, որ «Տէրոջը խօսքը» փոխանցելու ղրկուած էր, ինչպէս որ նշուած է Գ. Թագաւորաց 19։9–ի մէջ։ 15–րդ համարին մէջ, այդ հոգին պարզապէս կ’անուանուի՝ «Տէր» (Եհովա)։ Կրնանք մտաբերել այն պատգամաբերը, զոր Եհովան գործածեց անապատին մէջ իսրայէլ ազգը առաջնորդելու համար, եւ որուն մասին Աստուած ըսաւ. «Իմ անունս անոր վրայ է» (Ել. 23։21)։ Թէեւ չենք կրնար պնդել, բայց կ’արժէ նշել, որ իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, Յիսուս ծառայեց որպէս «Բանը», այսինքն յատուկ Խօսնակը Եհովայի ծառաներուն ուղղուած (Յովհ. 1։1)։