Ստորանիշ
c Եբրայերէն «ձուկ» բառը՝ յունարէնով թարգմանուած է «ծովային հրէշ» կամ «վիթխարի ձուկ»։ Թէեւ չենք կրնար նշել թէ ի՛նչ ծովային կենդանի էր ատիկա, սակայն ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են թէ Միջերկրական ծովուն մէջ կան այնպիսի մեծ շանաձուկեր, որոնք կրնան մարդը ամբողջութեամբ կլլել։ Աւելի մեծ շանաձուկեր ալ գոյութիւն ունին, ինչպէս՝ կէտանման շանաձուկը, որուն երկայնութիւնը կրնայ աւելի քան 15 մեթրի հասնիլ։