Ստորանիշ
a Հայերուն մեծամասնութիւնը Սուրբ Ծնունդը կը տօնէ յունուար 6–ին։ Բայց Յիսուս ո՛չ դեկտեմբերին ծնաւ, ոչ ալ յունուարին։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ երբ Յիսուս ծնաւ, «այն տեղը հովիւներ կային դաշտին մէջ կեցած, որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին» (Ղուկաս 2։8-11)։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Յիսուս ձմեռը չծնաւ, քանի որ ձմեռը Բեթլեհէմի մէջ շատ անձրեւ եւ ձիւն կու գար եւ հովիւները դուրսերը չէին կրնար մնալ։