Ստորանիշ
b Շատ աղօթելէ եւ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելէ ետք, Ժոզէֆ Ռաթհըրֆորտ յստակօրէն գիտցաւ որ ի՛նչ պատասխան պիտի տար Գերմանացի եղբայրներուն։ Իրեն չէր իյնար անոնց ըսել թէ ի՛նչ պէտք էր կամ ի՛նչ պէտք չէր ընէին։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքը ունէին, որ անոնց յստակօրէն կ’ըսէր թէ ի՛նչ պէտք էր ընէին ժողովներուն եւ վկայելուն առնչութեամբ։ Ուստի Գերմանացի եղբայրները սկսան գաղտկութեան մէջ գործել, բայց շարունակեցին իրարու քով հաւաքուելու եւ Իր անուան ու Թագաւորութեան մասին վկայելու Եհովայի պատուէրին հնազանդիլ։