Ստորանիշ
f Ուսուցչապետ Ուոլթըր Լիֆէլտ կը գրէ. «Վստահաբար կարելի է ենթադրել որ Յիսուսի գուշակութիւնները երկու երեսակ կը պարունակէին. (1) Ք.Թ. 70–ի դէպքերը, մէջը ըլլալով՝ տաճարը եւ (2) հեռաւոր ապագայի դէպքերը որոնք աւելի յայտնութենական ոճով նկարագրուած են»։ Ճոն Ռ. Տամըլովի կողմէ հրատարակուած մեկնաբանութիւն մը կ’ըսէ. «Այս մեծ բանախօսութեան շատ մը լուրջ դժուարութիւնները կը վերանան, երբ գիտակցինք որ մեր Տէրը անոր մէջ կ’ակնարկէ, ոչ թէ՝ մէկ, այլ երկու պատահարներու եւ թէ առաջինը երկրորդին տիպն է։ ... Մասնաւորաբար Ղուկաս 21։24–ը, ուր կը խօսուի ‘հեթանոսներուն ժամանակներ’ուն մասին, ... անորոշ միջոց մը կը դնէ Երուսաղէմի անկումին եւ աշխարհի վերջին միջեւ»։