Ստորանիշ
a Թէ՛ Աբոքրիֆա–ն (բառացիօրէն՝ «ծածկուած») եւ թէ Փսիւտէբիկրաֆա–ն (բառացիօրէն՝ «սխալ կերպով վերագրուած գրութիւններ») հրէական գրութիւններ են՝ Հ.Դ.Ա. երրորդ դարէն մինչեւ Հ.Դ. առաջին դար։ Աբոքրիֆա–ն Կաթողիկէ Եկեղեցիին կողմէ ընդունուած է որպէս Աստուածաշունչի ներշնչեալ կանոնին մէկ մասը, սակայն, անիկա Հրեաներուն եւ Բողոքականներուն կողմէ մերժուած է։ Իսկ Փսիւտէբիկրաֆա–ն յաճախ Աստուածաշունչի պատմութիւններու ընդլայնուած մէկ տեսակն է, վերագրուած՝ Աստուածաշունչի հանրածանօթ կարգ մը անձնաւորութիւններու։