Ստորանիշ
a Ասիկա պատճառներէն մէկն է, թէ Հայերը իրենց երկիրը ինչո՛ւ կ’առնչեն Արարատ Լերան հետ։ Վաղեմի ժամանակներուն, Հայաստան մեծ թագաւորութիւն մըն էր եւ այդ լեռները իր սահմաններէն ներս էին։ Հետեւաբար, Եսայեայ 37։38–ի մէջ, Աստուածաշունչի Յունարէն Եօթանասնից թարգմանութիւնը «Արարատի երկիրը» արտայայտութիւնը «Հայաստան» կը թարգմանէ։ Ներկայիս, Արարատ Լեռը Թուրքիոյ մէջ կը գտնուի, անոր արեւելեան սահմանին մօտ։