Ստորանիշ
a Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ թէ Յիսուս ըսաւ. «Մկրտեցէ՛ք զանոնք . . . սորվեցուցէ՛ք անոնց», եւ ո՛չ թէ՝ ‘մկրտեցէ՛ք զանոնք եւ սորվեցուցէ՛ք անոնց’։ Հետեւաբար, մկրտելու ու սորվեցնելու պատուէրը «չի նշանակեր թէ անոնք . . . երկու յաջորդական քայլեր են»։ Փոխարէն, «սորվեցնելը շարունակական գործընթաց է, որ մասամբ մկրտութենէն առաջ կը սկսի . . . եւ մասամբ մկրտութենէն ետք կը շարունակուի»։