Ստորանիշ
b Նոյնպէս, Աստուծոյ եւ իր հոգիէն–օծուած «որդիներուն» միջեւ նոր յարաբերութիւնը բացատրելու համար, Պօղոս օրինական հասկացութիւն մը գործածեց, որ Հռովմէական Կայսրութեան մէջ ընթերցողներուն շատ ծանօթ էր։ (Հռովմայեցիս 8։14-17) Գիրք մը (St. Paul at Rome) կ’ըսէ. «Որդեգրութիւնը հիմնականօրէն հռովմէական սովորութիւն մըն էր եւ սերտօրէն առնչուած էր ընտանիքի վերաբերեալ հռովմէական գաղափարներուն հետ»։