Ստորանիշ
a Յիսուսի տուած տիպար աղօթքին նման, սգաւորին Քատիշ–ը նաեւ կը խնդրէ որ Աստուծոյ անունը սրբացուի։ Ոմանք կը խորհին թէ Քատիշ–ը Քրիստոսի ժամանակէն է կամ նոյնիսկ աւելի առաջ, բայց պէտք չէ զարմանանք որ նմանութիւններ կան։ Յիսուսի աղօթքին նպատակը չէր նոր բան մը ներկայացնել։ Իւրաքանչիւր խնդրանք հաստատօրէն հիմնուած էր Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, որոնք բոլոր Հրեաներուն մատչելի էին։ Յիսուս ժամանակակից Հրեաները կը քաջալերէր որ աղօթքով խնդրեն այն բաները, որոնց համար արդէն միշտ աղօթած պէտք էր ըլլային։