Ստորանիշ
a Յիսուսի այս խօսքը կ’օգնէ սրբագրելու այն գաղափարը, որ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ կը հաղորդեն, «ներկայութիւն» բառը սխալ կերպով թարգմանելով։ Թարգմանութիւններէն ոմանք զայն կը թարգմանեն «գալ», «գալուստ» կամ «վերադարձ», որոնք ժամանակի մէջ վայրկենական դէպքի մը կ’ակնարկեն։ Սակայն նկատէ թէ Յիսուս իր ներկայութիւնը չնմանցուց Նոյի օրուան Ջրհեղեղին, որ ժամանակի մէջ տեղի ունեցած դէպք մըն էր, այլ՝ «Նոյի օրեր»ուն, որոնք դէպի բարձրակէտ ընթացող ժամանակաշրջան մըն էին։ Այդ վաղեմի դարաշրջանին պէս, Քրիստոսի ներկայութիւնը ժամանակաշրջան մը պիտի ըլլար, որուն ընթացքին մարդիկ կեանքի ամէնօրեայ գործերով ա՛յնքան զբաղած պիտի ըլլային, որ տրուած ազդարարութիւնը պիտի անտեսէին։