Ստորանիշ
a Պօղոս առաքեալ գործածեց բառ մը, որ դժուար է մէկ բառով թարգմանել։ Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ. «[Բանաւորութիւնը] կը պարփակէ անձնական իրաւունքներէ հրաժարելու եւ ուրիշներուն հանդէպ նկատառութիւն ու ազնուութիւն ցուցաբերելու կամեցողութիւն»։ Ուստի բառը զիջող ու բանաւոր ըլլալու իմաստը կը կրէ, օրէնքին անթեք կիրարկումը չպնդելով կամ անձնական իրաւունքները յամառօրէն չպահանջելով։