Ստորանիշ
c Յիսուսի ծառայութեան արձանագրութեան մէջ Յովսէփի բացակայութիւնը աչքառու է, քանի որ Յիսուսի ընտանիքին միւս անդամները՝ մայրը, եղբայրներն ու քոյրերը, նշուած են։ Օրինակ, կը նկատենք որ Կանայի հարսանիքին մէջ, Մարիամ նախաձեռնութիւն կ’առնէ ու գործօն կերպով դեր կը խաղայ, բայց Յովսէփի մասին ոչինչ կը նշուի (Յովհաննէս 2։1-11)։ Իսկ այլ առիթով, Յիսուսի բնագաւառին մարդիկը իրեն կ’ակնարկեն ո՛չ թէ որպէս Յովսէփի որդին, այլ՝ «Մարիամին որդին» (Մարկոս 6։3)։