Ստորանիշ
a Այցելուի մը համար գառնուկ մը պատրաստելը, հիւրասիրութեան արարք մըն էր։ Բայց գառնուկ մը գողնալը ոճիր էր, եւ չորեքպատիկ հատուցում կը պահանջէր (Ելից 22։1)։ Ըստ Դաւիթի, հարուստը գառնուկը առնելով անգթօրէն վարուեցաւ։ Այդպիսով ան աղքատը զրկեց անասունէ մը, որ կրնար անոր ընտանիքին կաթ ու բուրդ հայթայթել եւ հօտ մը կազմելու նպաստել։