Ստորանիշ
a Ակներեւաբար, տիպական կամ հակատիպ ձիթենի մը չկայ։ Թէպէտեւ բառացի իսրայէլ ազգը թագաւորներ ու քահանաներ մէջտեղ բերաւ, բայց ազգը քահանաներու թագաւորութիւն մը չեղաւ։ Իսրայէլի թագաւորները օրէնքով արգիլուած էին քահանաներ ըլլալէ։ Հետեւաբար, բառացի իսրայէլը չծառայեց որպէս տիպական ձիթենի մը։ Պօղոս կը լուսաբանէ, թէ «քահանաներու թագաւորութիւն» մը մէջտեղ բերելու Աստուծոյ նպատակը ինչպէ՛ս կը կատարուի՝ հոգեւոր իսրայէլին կապակցաբար։ Ասիկա կ’այժմէականացնէ ինչ որ հրատարակուած էր Դիտարան–ի 15 օգոստոս 1983 թիւին մէջ, էջ 14-19 (անգլերէն)։