Ստորանիշ
b Վաղեմի եգիպտացիները աւելի քան 90 տեսակ հաց եւ թխուածք կը ճաշակէին։ Ուստի փարաւոնին գլխաւոր հացագործը կարկառուն մարդ էր։ Իսկ գլխաւոր մատռուակը կը ղեկավարեր խումբ մը ծառաներ, որոնք վստահ կ’ըլլային որ փարաւոնին գինին եւ թերեւս գարեջուրը բարձրորակ էին եւ պաշտպանուած էին միապետը թունաւորելու որեւէ փորձէ,– իսկական վտանգ մը, քանի որ պալատին մէջ դաւ նիւթելը եւ ահաբեկչութիւնը ընդհանրացած էր։ Անսովոր բան մը չէր, որ մատռուակը թագաւորին վստահելի խրատատուն դառնար։