Ստորանիշ
b Սառան Աբրահամին խորթ քոյրն էր։ Անոնց հայրը Թարան էր, բայց իրենց մայրերը տարբեր էին (Ծննդոց 20։12)։ Ճիշդ է որ այսպիսի ամուսնութիւն մը պատշաճ չէ մեր օրերուն, բայց կարեւոր է որ մտքերնիս պահենք, թէ այդ ատեն ամէն բան տարբեր էր։ Մարդիկ աւելի մօտ էին այն կատարելութեան, որ Ադամն ու Եւան ունէին բայց կորսնցուցին։ Յստակ է թէ երբ այդպիսի առողջ մարդոց մէջ մօտիկ ազգականներ իրարու հետ ամուսնանային, ծինային վտանգներ չէին ըլլար պզտիկներուն վրայ։ Բայց շուրջ 400 տարի ետք, երբ մարդիկ կ’ապրէին այնքան՝ որքան հիմա կ’ապրինք, Մովսիսական օրէնքը արգիլեց որ մօտիկ ազգականներ իրարու հետ ամուսնանան (Ղեւտացւոց 18։6)։