Ստորանիշ
b ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Եհովան մեզի կարողութիւն տուած է, որ քննենք մեր մտածումները, զգացումները եւ արարքները, ու յետոյ մենք մեզ դատենք։ Աստուածաշունչը այդ կարողութիւնը կը կոչէ խիղճ (Հռով. 2։15. 9։1)։ Աստուածաշունչին հիման վրայ մարզուած խիղճը այն խիղճն է, որ Եհովային չափանիշները կը գործածէ,– որոնք Աստուածաշունչին մէջ նշուած են,– դատելու համար թէ ինչ որ կը մտածենք, կ’ընենք կամ կ’ըսենք, լա՛ւ է կամ գէշ։