Ստորանիշ
b ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Երեխաներու սեռային չարաշահութիւնը տեղի կ’ունենայ, երբ չափահաս մը երեխայ մը կը գործածէ իր սեռային ցանկութիւնները գոհացնելու համար։ Անիկա կրնայ պարփակել՝ սեռային յարաբերութիւն, բերանային կամ սրբանային սեռ, փայփայել սեռային անդամները կամ կուրծքերը կամ յետոյքը, եւ ուրիշ անբարոյ արարքներ։ Թէեւ չարաշահութեան զոհ գացողներուն մեծամասնութիւնը աղջիկ են, բայց տղաք ալ ատոր զոհ կ’երթան։ Եւ թէեւ չարաշահողներուն մեծամասնութիւնը տղամարդիկ են, բայց կարգ մը կիներ ալ երեխաները կը չարաշահեն։