Ստորանիշ
a Եհովան Զաքարիա մարգարէին տուաւ շարք մը հետաքրքրական տեսիլքներ։ Զաքարիայի տեսածը զինք եւ Եհովային ժողովուրդը զօրացուց, որ մաքուր պաշտամունքը վերահաստատեն, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Այդ տեսիլքները կրնան մեզի ալ օգնել, որ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայենք, հակառակ մեր դժուարութիւններուն։ Յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք կարգ մը արժէքաւոր դասեր, որոնք կրնանք սորվիլ Զաքարիայի հինգերորդ տեսիլքէն, որուն մէջ տեսաւ աշտանակ մը եւ երկու ձիթենիներ։