Ստորանիշ
a Արդար մարդիկ գտնելը դժուար է այս չար աշխարհին մէջ։ Բայց ներկայիս, միլիոնաւորներ արդար ընթացքի կը հետեւին։ Եւ վստահաբար, դուն ալ անոնցմէ ես։ Արդար ընթացքի կը հետեւիս, քանի որ Եհովան կը սիրես, իսկ Եհովան արդարութիւնը կը սիրէ։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ գեղեցիկ յատկութեան հանդէպ մեր սէրը աւելցնել։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ է արդարութիւնը եւ թէ զայն սիրելով ինչպէ՛ս կ’օգտուինք։ Եւ պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ քայլեր կրնանք առնել՝ այդ յատկութեան հանդէպ մեր սէրը աւելցնելու համար։