Ստորանիշ
a Եհովայի տուած իմաստութիւնը շա՜տ աւելի լաւ է, քան աշխարհի առաջարկած որեւէ բան։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք Առակաց գիրքին մէջ յիշուած հետաքրքրական նկարագրութիւն մը, թէ ինչպէ՛ս իմաստութիւնը բարձրաձայն կ’աղաղակէ հրապարակներու մէջ։ Պիտի քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ճշմարիտ իմաստութիւն ձեռք ձգել, թէ ինչո՛ւ ոմանք ճշմարիտ իմաստութեան ականջ չեն տար, եւ թէ ատոր աղաղակին ընդառաջելով ինչպէ՛ս կ’օգտուինք։